Նորվեկիոյ Ստաւանկեր քաղաքին մէջ ընթացող Norway Chess մրցաշարքի 4րդ փուլին, Լեւոն Արոնեան փայլուն ոճով յաղթեց աշխարհի ախոյեան Մակնուս Քարլսենին: Արոնեան խաղը յաղթեց 12րդ քայլին:
Կատարուած զոհաբերութիւններուն դիմաց, Արոնեան ստացաւ հզօր գրոհ, որմէ հնարաւոր չէր պաշտպանուիլ: Խաղի 35րդ քայլին՝ աշխարհի ախոյեան Քարլսենը յանձնուեցաւ:
Norway Chess-2017 մրցաշարքի 6րդ փուլին, Հայաստանի հաւաքականի առաջատար Լեւոն Արոնեան յաղթեց նաեւ ռուս Վլատիմիր Քրամնիքին:
Ճատրակի հայ վարպետը ներկայ դրութեամբ վաստակած է 4 միաւոր եւ այս հանգրուանին՝ մրցաշարքի առաջատար դիրքը գրաւած է:
Լեւոն Արոնեան
Լեւոն Արոնեան յաղթեց Վլատիմիր Քրամնիքին եւ Մակնուս Քարլսենին