­Ճատ­րա­կի վար­պետ ­Լե­ւոն Ա­րո­նեան դար­ձաւ աշ­խար­հի բա­ժա­կա­կիր ա­խո­յեան:
«Ար­մէնփ­րես» կը հա­ղոր­դէ, թէ ­Թիֆ­լի­սի մէջ ըն­թա­ցած ճատ­րա­կի աշ­խար­հի ա­խո­յեա­նու­թեան խա­ղե­րը վերջ գտան:
Եզ­րա­փա­կիչ խա­ղին Ա­րո­նեան կը մրցէր չի­նա­ցի ­Տին ­Լի­րե­նի հետ: ­Դա­սա­կան 4 մրցում­նե­րէն ետք, ճատ­րա­կի վար­պետ­նե­րը ու­նէին 2ա­կան միա­ւոր եւ ո­րո­շիչ ե­ղաւ «թայ-պրէյք»ը:
Ա­րագ ճատ­րա­կի ա­ռա­ջին խա­ղին Ա­րո­նեան սպի­տակ­նե­րով գե­րա­զան­ցեց մրցա­կի­ցը: Երկ­րորդ խա­ղին Ա­րո­նեան նոյն­պէս յաղ­թեց: ­Հա­ւա­քե­լով 4 միա­ւոր՝ Ա­րո­նեան 12 տա­րի ետք ան­գամ մը եւս դար­ձաւ աշ­խար­հի բա­ժա­կա­կիր ա­խո­յեան:
Ան ա­ռա­ջին ճատ­րա­կի վար­պետն է, որ եր­կու ան­գամ կը տի­րա­նայ աշ­խար­հի բա­ժա­կին։
Ն­շենք, որ մրցա­շար­քին կը մաս­նակ­ցէին ճատ­րա­կի 128 վար­պետ­ներ: Ա­րո­նեան ի­րա­ւունք ստա­ցաւ մաս­նակ­ցե­լու 10էն 28 ­Մարտ 2018ին, ­Պեր­լի­նի մէջ, կա­յա­նա­լիք յա­ւակ­նորդ­նե­րու մրցա­շար­քին:
Ա­ւելց­նենք, որ ­Լե­ւոն Ա­րո­նեան աշ­խար­հի բա­ժա­կա­կիր դար­ձած էր 2005ին: Ան ճատ­րա­կի ո­ղիմ­պիա­կան ե­ռա­կի եւ ճատ­րա­կի աշ­խար­հի խմբա­յին ա­խո­յեա­նու­թեան յաղ­թող է։