Հայ ­­Յե­ղա­փո­խա­կան ­­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հայ ­­Դա­տի ­­Յանձ­նա­խում­բին կող­մէ նա­խա­պէս դա­սա­ւո­րո­ւած հան­դի­պում­նե­րու շար­քի ծի­րէն ներս, Ար­ցա­խի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան Մ­շա­կոյ­թի, Ե­րի­տա­սար­դու­թեան եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան նա­խա­րար պ. ­­Լեռ­նիկ ­­Յով­հան­նի­սեան, Ե­րեք­շաբ­թի 19 ­­Մարտ 2019ի ե­րե­կո­յեան, հան­դի­պում ու­նե­ցաւ «Փ­լէֆ­սի Է­լէֆ­թէ­րիաս» կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­գահ ­­Զոի ­­Գոնս­թան­տո­փու­լո­ւի հետ։
Հան­դիպ­ման ներ­կայ էին Եւ­րո­պա­յի ­­Հայ ­­Դա­տի գրա­սե­նեա­կի նա­խա­գահ ընկ. ­­Գաս­պար ­­Կա­րա­պե­տեան եւ Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հայ ­­Դա­տի ­­Յանձ­նա­խում­բի ըն­կեր­նե­րը։
Պրն. նա­խա­րա­րը իր զրու­ցա­կի­ցի ու­շադ­րու­թեան յանձ­նեց ­­Լեռ­նա­յին ­­Ղա­րա­բա­ղի բնակ­չու­թեան նկատ­մամբ Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կում­նե­րը, ա­նընդ­հատ հնչող ու­ժի կի­րառ­ման սպառ­նա­լիք­նե­րը եւ հրա­դա­դա­րի յա­ճա­խա­կի խախ­տում­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ռազ­մա­կան այս յար­ձա­կո­ղա­պաշ­տու­թեան դէմ՝ սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դի անվ­տան­գու­թիւ­նը պաշտ­պա­նե­լու պար­տա­կա­նու­թիւ­նը։
Եր­կուս­տեք դի­տել տրո­ւե­ցաւ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս խա­ղա­ղու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու գոր­ծին կա­պակ­ցու­թեամբ։
Տի­կին ­­Գոնս­թան­տո­փու­լու իր կար­գին, իր ան­վե­րա­պահ ա­ջակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նեց Ար­ցա­խի հե­րո­սա­կան պայ­քա­րին, հաս­տա­տեց Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը՝ ջա­տա­գո­վե­լով ար­ցա­խա­հա­յու­թեան վճռա­կա­մու­թիւ­նը եւ ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեամբ ապ­րե­լու վեհ կե­ցո­ւած­քը։
Ան յի­շե­ցուց, թէ 2015ին, ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի ո­գե­կո­չա­կան նշում­նե­րուն ա­ռի­թով ­­Հա­յաս­տան այ­ցե­լած էր, ­­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նով եւ մաս­նա­կից ե­ղած էր ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեանց կան­խար­գիլ­ման մի­ջազ­գա­յին վե­հա­ժո­ղո­վին, յա­տուկ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն վերց­նե­լով ­­Հա­յե­րու, ­­Յոյ­նե­րու եւ Ա­սո­րի­նե­րու ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեանց մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման գծով։