­­Ըն­դա­ռա­ջե­լով ­­Հայ ­­Յե­ղա­փո­խա­կան ­­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­­Հայ ­­Դա­տի ­­Յանձ­նա­խում­բի հրա­ւէ­րին՝ ­­Յու­նաս­տան իր այ­ցե­լու­թեան շրջա­գի­ծէն ներս, Ար­ցա­խի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան Մ­շա­կոյ­թի, Ե­րի­տա­սար­դու­թեան եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան նա­խա­րար պ. ­­Լեռ­նիկ ­­Յով­հան­նի­սեան Ե­րեք­շաբ­թի 19 ­­Մարտ 2019ին, հան­դի­պե­ցաւ Ա­թէն­քի ա­րո­ւար­ձան­նե­րէն ­­Վի­րո­նա­յի քա­ղա­քա­պետ պ. Ղ­րի­ղո­րիս ­­Քա­թո­փո­տի­սի հետ:­­Ներ­կայ էր ­­Վի­րո­նա­յի փոխ քա­ղա­քա­պետ տի­կին ­­Լե­մո­նիա Ք­լո­նա­րի, որ Մ­շա­կոյ­թի ու Ե­րի­տա­սար­դու­թեան փոխ քա­ղա­քա­պետն է։
Պրն. նա­խա­րա­րին կը ըն­կե­րակ­ցէին Հ.Յ.Դ. ­­Հայ ­­Դա­տի ­­Յանձ­նա­խում­բի եւ Ա­թէն­քի Հ.Յ.Դ. ­­Կո­մի­տէի ըն­կեր­նե­րը։
­­Շատ բա­րե­կա­մա­կան հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, պրն. քա­ղա­քա­պե­տը ընդգ­ծեց շրջա­նի մէջ հա­յու­թեան եր­կար տա­րի­նե­րու աշ­խուժ ներ­կա­յու­թիւ­նը ու կա­րե­ւո­րեց հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը՝ հա­սա­րա­կաց հար­ցե­րու կա­պակ­ցու­թեամբ։
Պրն. ­­Նա­խա­րա­րը իր կար­գին, ծա­նօ­թա­ցուց պրն. քա­ղա­քա­պե­տին Ար­ցա­խի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րա­բե­րեալ վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րու հար­ցե­րը եւ իր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը յայտ­նեց ­­Վի­րո­նա­յի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի եւ անձ­նա­պէս քա­ղա­քա­պե­տի ա­ջակ­ցու­թեան՝ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քի պայ­քա­րին:

­­Յու­նա­կան մա­մու­լի անդ­րա­դարձ

Ար­ցա­խի նա­խա­րա­րի ­­Յու­նաս­տան այ­ցե­լու­թեան ա­ռի­թով, հար­ցազ­րոյց­ներ եւ մամ­լոյ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ տրո­ւե­ցան հել­լէն եւ օ­տար մա­մու­լի ու հե­ռա­տե­սի­լի մի քա­նի խմբա­գիր­նե­րու մօտ, ո­րոնք լոյս պի­տի տես­նեն յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն ըն­թաց­քին։
Այս ­­Կի­րա­կի 24 ­­Մար­տին նա­խա­տե­սո­ւած է փրոֆ. Խ­րիս­թո­տու­լոս Եա­լու­րի­տի­սի կող­մէ Ար­ցա­խին նո­ւի­րո­ւած յօ­դո­ւած, «Է­լէֆ­թէ­րոս ­­Թի­փոս» թեր­թին մէջ։
­­Նոյն­պէս, հար­ցազ­րոյց մը տրո­ւած է FreedomTV.gr հա­մա­ցան­ցա­յին հե­ռա­տե­սի­լին, որ շու­տով տե­ղադ­րո­ւած կ­’ըլ­լայ ի­րենց կայ­քէ­ջին մէջ։