Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կը Ապ­րի­լեան պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ ոչ մէկ զի­նամ­թեր­քի պա­կաս ու­նե­ցած է:
Այս մա­սին լրագ­րող­նե­րու հետ հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ վստա­հե­ցու­ցած է Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի հրա­մա­նա­տար Լե­ւոն Մ­նա­ցա­կա­նեան:
«­Մար­տա­կան կազ­մը դիր­քե­րուն մէջ քա­նի մը ան­գամ ա­ւե­լի ե­ղած է, քան սահ­մա­նո­ւած է: Ապ­րի­լեան դէպ­քե­րու ժա­մա­նակ, մենք զի­նամ­թեր­քի պա­կաս չենք ու­նե­ցած: Այժմ սպա­ռա­զի­նու­թեան տե­սա­կա­նիի աճ ու­նինք ա­ռաջ­նա­գի­ծին վրայ: Ա­նի­կա հա­մալ­րո­ւած է ար­հես­տա­գի­տա­կան ա­ւե­լի ար­դիա­կան եւ նոր մի­ջոց­նե­րով»,- ը­սած է Մ­նա­ցա­կա­նեան:
Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը աշ­խա­տանք կը տա­նի դիր­քե­րուն ինք­նա­հոս ջուր հասց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ: Լե­ւոն Մ­նա­ցա­կա­նեա­նի վստա­հեց­մամբ` այժմ դիր­քե­րուն մէջ զի­նո­ւոր­նե­րու լո­գան­քին հա­մար շա­բա­թը մէկ ան­գամ մե­քե­նա­նե­րով կը տա­նին: Ջու­րը ինք­նա­հոս հասց­նե­լու հա­մար խո­ղո­վակ­նե­րը հաս­ցու­ցած են դիր­քեր։ Պ.Բ.ի հրա­մա­նա­տա­րը նաեւ նշած է, որ այժմ զօ­րա­մա­սե­րուն մէջ հնա­րա­ւո­րու­թիւն կը ստեղ­ծեն, որ­պէս­զի սպա­նե­րը հա­մա­ցան­ցա­յին կա­պի մի­ջո­ցով, ա­ռանց գու­մար ծախ­սե­լու, շփո­ւին ի­րենց հա­րա­զատ­նե­րուն եւ ծնող­նե­րո­ւն հետ: Բա­ցի ատ­կէ, տե­սա­կապ ալ պի­տի ա­պա­հո­վեն։