Յուլիս 12ին Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Լեւոն Մնացականեան ընդունած է աշխատանքային այցով Արցախ գտնուող Հայաստանի Ազգային Ժողովի խումբ մը պատգամաւորներ:
Արցախի Պ.Ն. մամուլի ծառայութեան հաղորդմամբ` հանդիպման մեկնարկին ողջունելով բարձրաստիճան հիւրերը, բանակի հրամանատարը վերջիններուս խնդրանքով անդրադարձած է նախորդ տարուան Ապրիլեան ռազմական գործողութիւններուն` ատոնք որակելով Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ատրպէյճանի ձեռնարկած զանգուածային յարձակում` հաշուի առնելով թշնամիին կողմէ գործողութեան մէջ դրուած յատուկ նշանակութեան ուժերը, մեծ քանակութեամբ զրահասայլային ստորաբաժանումները, համազարկային, հրթիռային եւ հրետանային միջոցները, արդի արհեստագիտութեամբ զինատեսակներն ու ընտրուած հարուածային ուղղութիւնները:
Այնուհետեւ Լեւոն Մնացականեան ներկայացուցած է յետ-ապրիլեան աշխատանքները` նշելով, որ կատարուած են համակողմանի վերլուծութիւններ, ներկայացուցած է տեղ գտած բացթողումներու ու թերացումներու վերացման ուղղութեամբ կատարուած եւ կատարուելիք գործընթացներու համալիրը: Այժմ առաջնագիծին վրայ տիրող իրադրութիւնը որակելով որպէս կայուն վերահսկուող` Արցախի ռազմական գերատեսչութեան ղեկավարը վստահեցուցած է, որ պաշտպանութեան բանակը ի վիճակի է համարժէք պատասխանելու թշնամիի սադրանքներուն եւ պատրաստ է իրավիճակէն մեկնած ձեռնարկելու նաեւ յարձակողական գործողութիւններ: Վերջաւորութեան բանակի հրամանատարը պատասխանած է Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդիր մարմնի ներկայացուցիչներու հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին առաջնագիծի վրայ երկրաչափական կահաւորման, մարտական հերթապահութիւնն ալ աւելի անվտանգ դարձնելու ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն, բանակին մէջ կիրառուող նորարարութիւններուն, տեսադիտարկման համակարգերու հնարաւորութիւններուն ու արդիւնաւէտութեան:
Լեւոն Մնացականեան
Պաշտպանութեան բանակը ըստ իրավիճակի պատրաստ է ձեռնարկելու յարձակողական գործողութիւններու