Ապրիլի 6ին կը նշենք ծննդեան տարեդարձը արդի ժամանակներու հայութեան ամէնէն խոհուն եւ բանաստեղծ դէմքերէն Լեւոն Շանթի, որ իր ստեղծած մեծատաղանդ գրականութեամբ, ազգային-քաղաքական յառաջատար գործունէութեամբ եւ մանկավարժական ու սերնդակերտ անձնդիր ծառայութեամբ՝ արժանաւոր իր պատուանդանը նուաճեց հայ ժողովուրդի անմահ մեծերու փաղանգին մէջ։
Յատկապէս թատերական իր գործերով՝ մանաւա՛նդ կոթողական իր «Հին Աստուածներ» ու «Կայսրը» գլուխ-գործոցներով անմահացաւ Լեւոն Շանթ։ Անոր ծննդեան տարեդարձը եզակի պահը կ’ընձեռէ իւրաքանչիւր հայու, որպէսզի Շանթի խորաթափանց պրիսմակով կատարէ փիլիսոփայական, հոգեվերլուծական եւ պատմաքաղաքական ինքնաճանաչումն ու ինքնաքննարկումը ոչ միայն Հայու իր ազգային էութեան, այլեւ առանձնայատուկ իր նկարագրին՝ ամբողջական ու անփոխարինելի ԵՍին։
Վերջին կէս դարուն հայ մտքի եւ գրականութեան հսկաները շատ մելան հոսեցուցին Հայն ու Հայութիւնը ազգային սնապարծութեան արատներէն մաքրազտելու եւ ազգային մեր ԵՍը իր բազմադարեան յղկումով եւ բիւրեղութեամբ հայոց սերունդներուն աւանդելու համար։
Յանուն հաւաքական մեր ուժին եւ կամքին արմատաւորման ու ամրագրումին՝ Պարոյր Սեւակները հետեւողական պայքար մղեցին, որպէսզի ազգովին կարենանք յաղթահարել — անհատաբար թէ հաւաքաբար — մեր մէջ ծուարած կեդրոնախոյզ եւ յանձնապաստան ԵՍերը, որպէսզի աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդը կարենայ նոր ժամանակներ թեւակոխել դարերու մաշումին, կործանումին եւ փոշիացումին դիմադրած անփոխարինելի իր ձիրքերուն ճաճանչող ԵՍով։
Հայ ժողովուրդի խոհուն եւ վսեմաշուք այդ ԵՍին բացառիկ պատգամաբերն է Լեւոն Շանթ։
Բազմաշնորհ ու բազմավաստակ Հայու առինքնող դէմքն է Լեւոն Շանթ եւ հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան մէջ յաւիտենական իր բարձունքը նուաճած է իբրեւ այդպիսին։ Տաղանդաշատ գրագէտը, ներհուն մտաւորականը, անձնուէր հասարակական գործիչը եւ սերնդակերտ մանկավարժը միաձուլող ու արժանաւորապէս մարմնաւորող Մեծ Մարդն ու Մեծ Հայը՝ Հայու Ամբողջական ԵՍին դրօշակիրն է Լեւոն Շանթ։
Առասպելական է Շանթի անխոնջ աշխատունակութիւնը, որ բեղուն ու բարձրորակ հարստութիւն կտակեց հայ ժողովուրդի սերունդներուն՝ իբրեւ լուսաւորիչ ու ճառագայթող ժառանգութիւն մը հայ կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ, գրական ստեղծագործութիւններէն մինչեւ տեսաբանական եւ մանկավարժական իր ուսումնասիրութիւնները, քաղաքական-պետական գործիչի դաշնակցական իր ներդրումէն մինչեւ Համազգայինի Հայ Ճեմարանի հիմնադիրի ու երկարամեայ տնօրէնի եւ ուսուցիչի վաստակը։
Շանթի կենսագրութիւնը ինքնին յուզիչ եւ բարդ պատմութիւնն է իբրեւ Մարդ եւ Հայ Մարդ անոր ինքնակատարելագործման մնայուն ձգտումին։
Գորգավաճառ Նահաշպետեան Սեղբոսի զաւակն էր Լեւոն եւ հօր անունով կոչուեցաւ Սեղբոսեան։ 6 Ապրիլ 1869ին ծնաւ Պոլիս եւ Սկիւտարի հայկական վարժարանին մէջ ստացաւ իր նախնական կրթութիւնը։ Մանուկ տարիքին որբացաւ նախ հօրմէ եւ, ապա, մօրմէ։ Ուսումը շարունակելու համար ուղարկուեցաւ Ս. Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը, որուն մուտքի քննութեանց մէջ յաջողելով՝ եօթը տարի մտքով ու նկարագրով թրծուեցաւ Ճեմարանի հայաշունչ եւ հոգեմտաւոր արժէքներով յագեցած մթնոլորտին մէջ։
Այդպէ՛ս սկսաւ ամբողջական մարդու եւ ամբողջական հայու ինքնազարգացման ու ինքնահաստատման անխոնջ ձգտումը Շանթի մէջ. այդ շրջանին էր, նաեւ, որ արեւմտահայու իր ծագումն ու արեւելահայու իր կազմաւորումը Շանթ միաձուլեց մէկ ու միակ շաղախի մէջ եւ մինչեւ մահ տէր կանգնեցաւ հայութեան պարտադրուած երկփեղկումը յաղթահարելու կոչումին՝ միախառն հայերէնի մը մշակումով, այլ մանաւանդ հայ ազգային միաձոյլ լեզուամտածողութեան մը զարգացումով։
Ճեմարանը աւարտելով՝ Լեւոն Սեղբոսեան վերադարձաւ Պոլիս, ուր թափով նետուեցաւ գրական-ստեղծագործական ասպարէզ՝ ընտրելով Շանթ գրչանունը եւ «Հայրենիք» թերթի էջերուն լոյս ընծայելով իր առաջին բանաստեղծութիւններն ու անմիջապէս լայն ժողովրդականութեան արժանացած իր «Մնաք Բարովի Իրիկունը» վիպակը։
Տարի մը Ռոտոսթոյի Ազգային վարժարանին մէջ ուսուցչութիւն ընելէ ետք, 1892ին Շանթ անցաւ Գերմանիա, ուր մինչեւ 1897 ապրեցաւ եւ Լայփցիկի ու Միւնիխի համալսարաններուն մէջ բարձրագոյն ուսման հետեւեցաւ՝ կեդրոնանալով մանկավարժութեան, հոգեբանութեան եւ բնական գիտութեանց ուսումնասիրման վրայ։ Գերմանական եւ ընդհանրապէս հիւսիսիկ (nordic) հոգեկերտուածքը ամբողջապէս համապատասխան էր արդէն քսաներեք տարեկան ու Հայու իր կազմաւորումը լիարժէք հունաւորած Շանթի ներաշխարհին՝ հոգիին ու մտքին։
Գերմանական մշակոյթը եւ յատկապէս Նիցչէի, Կէօթէի եւ Վակների արուեստն ու փիլիսոփայութիւնը մեծապէս օգնեցին Շանթի, որպէսզի մշակէ եւ խորացնէ մտաւորականի իր ներքին կարգապահութիւնը, յղկէ եւ կատարելագործէ իր գեղարուեստական ու իմաստասիրական զէնքերը, որպէսզի կարենայ իր մէջի լաւագոյնն ու մարդկայնականը՝ ցեղային ու ազգային ամէնէն վաւերական եւ տիեզերական արժէքները ըստ արժանւոյն վերադարձնել հայ ժողովուրդին, յատկապէս անոր պարզ, շինական եւ բարի խաւի զաւակներուն, որոնց շարքերէն սերած էր եւ որոնց առջեւ ինքնազարգացման ու ինքնակատարելագործման ուղին հարթելու կոչումը իր միակ եւ մեծագոյն փառասիրութիւնն էր։
Այդ տարիներուն արդէն Շանթ դրսեւորած էր ընկերային յանձնառու գրողի իր նկարագիրը։ Պոլիսը իր հայկական խմորումով՝ իր քաղքենիութեամբ եւ եսապաշտութեամբ, հեշտամոլութեամբ եւ ազգային անտարբերութեամբ, ձաղկումի թիրախ դարձած էր հազիւ երիտասարդ Շանթի գրիչին տակ։ Իսկ Գերմանիայէն վերադարձին, Համիտեան կոտորածներուն եւ անոնց հետեւած հակահայ հալածանքի խստացման բախելով, Շանթ անցաւ Թիֆլիս, ուր շուրջ տասը տարի մնաց եւ մանկավարժական ու գրական բեղուն գործունէութիւն ծաւալեց։ Յովհաննէս Թումանեանի եւ Նիկոլ Աղբալեանի հետ հռչակաւոր «Վերնատուն» գրական շարժումի հիմնադիրներէն եղաւ։ Նաեւ՝ արդէն արձակով գրուած իր գործերով եւ թատերախաղերով, աւելիով խորացուց հայկական ինքնութիւնը քաղքենիական եւ նիւթապաշտական եսապաշտութեան արատներէն մաքրաջրելու իր պայքարը։ Յատկապէս թատերական իր գործերը լրիւ յագեցան Հայու ԵՍը իր ինքնահաստատման դարաւոր ձգտումով թեւաւորելու, հայու գեղջկական պարզութեամբ ու վեհութեամբ զարգացնելու, խորացնելու եւ կատարելագործելու բանաստեղծականութեամբ։
Ձարական իշխանութեանց կողմէ Դաշնակցութեան դէմ բացուած բուռն հալածանքի շրջանին, 1908էն ետք, երբ կովկասահայ մտաւորականութիւնը անխտիր ոստիկանական հետապնդումի ենթարկուեցաւ, ձերբակալուեցաւ ու բանտարկուեցաւ, շատերու նման Շանթ եւս ճաշակեց ցարական բռնութիւնները։ 1910ին անցաւ Եւրոպա, ապա՝ Պոլիս, ուր երեք տարի ուսուցչութիւն ըրաւ Կեդրոնական եւ Եսայեան վարժարաններուն մէջ։ 1913ին դարձեալ Եւրոպա մեկնեցաւ եւ նախախնամութիւնը օգնեց, որ թրքական պետութեան գործադրած հայասպանութեան շրջանին Պոլիսէն հեռու գտնուի։
1916ին վերադարձաւ Թիֆլիս եւ ամբողջապէս նուիրուեցաւ ազգային-քաղաքական գործունէութեան։ 1919ին ընտրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր եւ իրեն վիճակուեցաւ, 1920ին, պոլշեւիկեան Ռուսաստանի ներկայացուցիչ Լեգրանի հետ բանակցութիւններ վարող Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիարկութիւնը գլխաւորելու դժուարին առաքելութիւնը։
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Լեւոն Շանթ իր կարգին անցաւ Պարսկաստան, հոնկէ՝ Ֆրանսա, ուր մինչեւ 1925 թուականը ուսուցչութիւն ըրաւ եւ գրական-ստեղծագործական ու հասարակական-հրապարակագրական աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալեց։ 1926ին հրաւիրուեցաւ Գահիրէ՝ Եգիպտոս, ուսուցչութեան համար, ուր վերագտաւ տարիներու իր մտերիմը՝ Նիկոլ Աղբալեանը, որուն հետ հիմը դրին Համազգային Մշակութային եւ Կրթական Ընկերակցութեան եւ, հուսկ, միասնաբար անցան Պէյրութ՝ Լիբանան, հիմնելու համար Համազգայինի Հայ Ճեմարանը։
Այդպէ՛ս, մինչեւ իր մահը, 29 Նոյեմբեր 1951, Լեւոն Շանթ ապրեցաւ ու գործեց Պէյրութի մէջ, իբրեւ Ճեմարանի տնօրէն եւ ուսուցիչ։
Լեւոն Շանթ ութսուն տարի ապրեցաւ եւ հայ ժողովուրդի համար վերելքի, անկումի, վերականգնումի եւ տառապագին մաքառումներու այդ դժուարին ժամանակները ցմրուր ճաշակեց… Շարունակ կանգուն մնաց պատնէշի վրայ եւ գրաւեց հայ կեանքի յառաջապահ դիրքերը, Թիֆլիսի գրական-մշակութային զարթօնքին մեծարժէք դրօշակիրներէն դարձաւ, հայ ազգային-ազատագրական շարժումին հաւատաւոր եւ լուսաւոր առաջնորդներէն եղաւ, սերունդներու հայեցի կազմաւորման ու հոգեմտաւոր զարգացման մեծ դաստիարակը դարձաւ եւ երբ հնչեց նորանկախ Հայաստանի քաղաքական-պետական կեանքին տիրութիւն ընելու ժամը՝ անվարան նետուեցաւ գործի ասպարէզ, հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի համար ճակատագրական ամէնէն դժուարին բանակցութիւններուն իր ներդրումը կատարելով ու ազգային անկորնչելի արժէքներուն, իրաւունքներուն եւ շահերուն անզիջող պահապանը դառնալով։
Եւ ո՛ւր որ ալ ճակատագիրը տարաւ զինք՝ Լեւոն Շանթ ողջ էութեամբ հաւատարիմ մնաց ստեղծագործ այն ներուժին, որ հայ ժողովուրդի բազմադարեան ժառանգութենէն կը բխէր, ինքնազարգացման եւ ինքնակատարելագործման դարաւոր զէնքերով մշակուած ու յղկուած էր եւ միշտ յառաջ կը մղուէր Ամբողջական Հայն ու Ամբողջական Մարդը մարմնաւորելու ձգտումով։
Շանթի մտածումներէն քաղուած հետեւեալ փունջը թող հաղորդութեան առիթ մը ըլլայ իր ծնունդը նշող ընթերցողին համար.
— Ով ջարդուած է, բնականաբար, կը քաշուի մէջտեղէն, ով յոգնած է, կը նստի, բայց ատով ոչինչ չի փոխուի: Եւ քաշուողներուն տեղը կու գան նորերը, մէկ նստողին տեղը ոտքի կ’ելլեն ուրիշները: Եւ եթէ այսօր մենք բոլորս ալ քաշուինք ասպարեզէն, վաղը հրապարակ կու գայ նոր սերունդը՝ հին դրօշակը բարձր պահած իր ձեռքին, որովհետեւ անիկա ալ ապրիլ պիտի ուզէ իր ազգային կեանքովը: Վերջապէս պէտք է հասկնանք, որ ինքն իր տեղը ըլլալու եւ իր տիրապետութեան հասնելու պահանջը իմ ու քու հնարած խաղը չէ, ո՛չ մեզմով է սկսած եւ ո՛չ մեզմով կը վերջանայ:
— Ազգը ապրող օրգանիզմ մըն է, որ քանի կենդանի է, ուզեէ-չուզէ, ենթարկուի պիտի իր գոյութեան օրէնքներուն: Եւ այս օրէնքներուն ամէնէն առաջինը իր լրիւ գոյութիւնը ունենալու, իր բոլոր ֆունկսիոններուն տէրը ըլլալու պահանջն է: Ամէն հիւանդ օրգանիզմի առաջին ձգտումը առողջանալն է, այսինքն՝ վերստին ձեռք բերել իր բոլոր օրգաններու ազատ ու առողջ գործածութիւնը, որոնցմե զրկուած էր, եւ այդ պատճառով խանգարուած, թուլացած ու տխեղծ էր դարձած ամբողջ օրգանիզմը:
— Իր կամքէն ու պետականութենէն զրկուած ժողովուրդ մը, ինչքան ժամանակ որ կ’ապրի, միշտ պիտի ձգտի, անխուսափելի կերպով պիտի ձգտի իր կամքն ու իր ազատ պետութիւնը ձեռք բերելու: Կը կարողանայ, թէ ոչ՝ ատիկա տարբեր հարց է, բայց որ պիտի տենչայ ու ձգտի՝ ատոր տարակոյս չկայ:
Հէնց որ դադրեցաւ այդ պահանջը, հէնց որ մեռաւ անկախութեան ձգտումը, կը նշանակէ սկսուած է ժողովուրդին հոգեվարքը: Իր ջիղերուն ու հոգիին մէջ կենսունակութիւն զգացող ժողովուրդ մը հրաժարիլ չի կրնար երբեք իր այդ ամենաբնական ձգտումէն:
— Հայ ժողովուրդը, որ իր քսանեօթ դարերու գոյութեան ընթացքին իր կեանքին կէսը հպատակ է ապրած, միշտ ձգտեր է ձեռք բերելու իր թանկագին կորուստը, եւ կռիւ է մղեր աշխարհիս ամէնէն հզօր բռնապետութիւններուն դէմ՝ հասնելու համար կամ պահելու համար իր անկախութիւնը։
— Այո, կրնանք, կրնայ պատահիլ: Կռուի մէջ նետուողը ե՛ւ կը վիրաւորուի, ե՛ւ կրնայ մեռնիլ: Բայց մեռնելէն վախեցող ժողովուրդը ո՛չ կրնայ ապրիլ ու դիմանալ, ոչ ալ իրաւունք ունի ապրելու, իբրեւ ուրոյն գոյութիւն, իբրեւ ջոկ անհատականութիւն: Եւ իր վախովը ան չþազատիր մեռնելէ. միայն կը մեռնի քաշքշուելով, հիւծուելով, արհամարհուելով ու ոտքի տակ երթալով:
— Ինչի՞ է նման ամէն արժանիքէ զուրկ ու ստորին ազգային գոյութիւն մը: Արդի ու անցեալ մեր բոլոր հալածանքը, մեր բոլոր տառապանքը, մեր մարդկային արժանապատուության այս բոլոր ոտնահարումը, անազատ կեանքի այս բոլոր լեղին եթէ մենք կը խմենք, կը խմենք միայն մէկ նպատակով, որ դիմադրենք, մաքառինք, յանձն առնենք ամէն ինչ, մինչեւ որ ոտքի հանենք նորէն մեր ժողովուրդի լրիւ քաղաքակրթութիւնը, լրիւ ինքնուրոյնութիւնը:
Իսկ եթէ գոյութիւն պիտի չունենայ այդ ձգտումը մեր հոգիներուն մէջ ու չպիտի վարէ մեր շարժումները հանրային կեանքի մէջ, ի՞նչ արժէք ունի այլեւս այս կիսատ ու քառորդ ազգային ցաւագար գոյութիւնը, որ պահելու կ’աշխատինք: