ՊԱՐԷՏ ՔՀՆՅ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Մեր սիրեցեալ կինը ու աննման մայրը՝ Մարալը, երկինք մեկնեցաւ։
Մեր տունը փոքրիկ դրախտ մըն էր։ Ընտանեկան սրբութիւն, երջանկութիւն, գոհունակութիւն, ինքնաբաւութիւն եւ դրական այլ տրամադրութիւններ կազմած էին մեր դրախտավայրի ամուր հիմքը։ Այդ վայրին մէջ, երկար տարիներ առաջ, կարողացանք նաեւ ճշդել մեր կեանքի նոր ուղին, Միջին Արեւելքի ու Արեւմուտքի տարբեր կենցաղներու ու մշակոյթներու իրար շաղախումով։ Եւ այդ վայրին պատկերը գեղեցկօրէն գծողը, գոյներու բծախնդիր ներդաշնակութիւնը տուողը եւ ուրախ մթնոլորտը մշտական պահողը մեր Մարալն էր։
Մեր ընտանիքին հանդէպ անոր սէրը, նուիրումն ու զոհողութիւնը սահման ու տկարութիւն չէր ճանչնար։ Կեանքի բազմատեսակ փոթորիկներուն դիմաց, ան մեր ընտանիքի հերոս պահապանն էր ու անսասան պարիսպը։ Ընտանիքը «Սրբութիւն սրբոց» էր իրեն համար։
Եւ մեր այդ գեղեցիկ կեանքին ընթացքին, յանկարծ չարը եկաւ եւ մեր տան դուռը կոտրելով ներս մտաւ։ Բռնի մտաւ եւ իր հետ մեծագոյն չարիքը բերաւ։ Կատաղօրէն մտաւ եւ իր ամէն ուժով հարուածեց մեր տան ամուր սիւնին։ Չարը անողոք հիւանդութեան միջոցաւ տապալեց մեր տան հերոս թագուհին։ Ուստի, մեր կառուցած երեսուն տարիներու փոքրիկ դրախտը, չարը մէկ օրուան ընթացքին դժոխքի վերածեց։
Մեր տան բարի, ժպտերես, ընկերային, ծառայող ու աղօթող հրեշտակը՝ Մարալը, երկինք մեկնեցաւ։
Աշխարհի վրայ բարիի ու չարի պատերազմը գոյութիւն ունի ստեղծագործութեան առաջին իսկ օրէն։ Պատմութիւնն ու ժամանակը ցոյց տուած են սակայն, որ չարին ուժը հետզհետէ աւելի հզօրացած է ու բաւականաչափ գետին եւ մարդիկ գրաւած։ Ուստի աշխարհի վրայ չարը աւելի է քան բարին։ Խոժոր դէմքը աւելի է քան ժպտունը։ Մարդ վանողը աւելի է քան ընկերայինը։ Ծառայեցնողը աւելի է քան ծառայողը։ Նախատողը աւելի է քան աղօթողը։ Ուրեմն, ի տես այս տխուր իրողութեան, մեր աշխարհը չափազանց կարիքն ունի մեծ թիւով բարի, ժպտերես, ընկերային, ծառայող ու աղօթող մարդոց։ Եւ բարի մարդոց վաղաժամ մեկնումը, մեր խոր վշտին ու ընդվզումին ընդմէջէն «ինչո՞ւ» հարցականը եւս կը յառաջացնէ։
Մեր Մարալը, մարդկային արժանիքներով օժտուած սքանչելի անձնաւորութիւն մըն էր։ Դժբախտաբար սակայն, չարը շատ արագ յաղթեց անոր եւ իր վճիռը արձակեց։ Չարչարանք, տառապանք եւ ապա մահ։ Զափազանց ծանր վճիռ։ Բայց ինչո՞ւ այդքան ծանր պատիժ, երբ դիմացը կանգնողը բառին բուն իմաստով երկրաւոր հրեշտակ մըն էր, որ իր բարի սիրտով ու անկեղծ ժպիտով շահած էր բոլորի սիրտերը։ Եւ այդ սիրտերը, իր կեանքի հարստութիւնն էին ու երջանկութիւնը։ Ի վերջոյ, այդ ծանր վճիռը ես իմ մէջս պահեցի, հակառակ, որ ան ամէն օր հոգիս կը տանչէր։ Բայց պարտաւոր էի գաղտնի պահելու, տոկալու եւ…յուսալու։
Այդպէս ուրեմն, աննկարագրելի տառապանքին աւարտին, վճիռը արագօրէն գործադրուեցաւ։ Եւ յետ մահու, մեր Մարալին անունը արձանագրուեցաւ գաղութի պատմութեան սուգի ու վիշտի անուանացանկին մէջ։ Արցունքին ու յուզումին հետ «Մարալը արժանի չէր այս ճակատագրին» արտայայտութիւնն էր, որ բոլորէն ըսուեցաւ ու լսուեցաւ։ Իմ փափաքն էր, որ Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ Տիկնանց մարմնէն ներս, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Տիկնանց մարմնէն ներս, Հայ Գթութեան Խաչի Գոմոթինիի «Էրեբունի» մասնաճիւղի վարչութենէն ներս, Հայ Կապոյտ Խաչի Ֆիքսի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութենէն ներս եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ֆիքսի սկաուտական խորհուրդէն ներս, մեր Մարալին համեստ ծառայութիւնն ու ներդրումը երկար տարիներ շարունակուէր եւ այդպիսով անունը արձանագրուէր գաղութի փայլուն եւ արժանեաց էջերուն վրայ։ Բայց չեղաւ։
Հակառակ մեր մեծ կորուստին ու ցնցումին, սրտի պարտք կը զգամ այստեղ յետադարձ ակնարկ մը կատարել անմոռանալի ու խորազգաց իրողութեան մը, որ ապրեցաւ մեր ընտանիքը։
Սկսանք մահու կենաց մեր ճակատագրական պայքարը, մեր կողքին ունենալով ընտանիքի բարեկամները։ Յանկարծ եւ շատ արագ, մեր ընտանիքին շուրջ գերդաստան մը յայտնուեցաւ։ Գերդաստան մը, բաղկացած բազմաթիւ ընտանիքներէ ու անհատներէ։ Գերդաստան մը, որու անհրաժեշտութիւնը ունէինք իսկապէս։
Անոնք ամենայն հարազատութեամբ մեզ շրջապատեցին եւ օգտակար հանդիսացան այդ օրերու մեր ընտանիքի բազմապիսի կարիքներուն։ Շատեր աղօթեցին մեր Մարալին առողջութեան համար։ Շատեր բազմաթիւ անգամներ խօսեցան իր հետ, միշտ յոյս ներշնչելով, իսկ մեզի ուժ եւ համբերութիւն մաղթելով։ Շատեր այցելեցին անոր։ Ուրիշներ հիւանդանոց ընկերակցեցան։ Ուրիշներ սննդեղէնով օգտակար դարձան։ Ոմանք արիւնատուութեամբ եւ այլ ձեւերով։ Մենք առանձին չմնացինք։
Օր մը, ուշ գիշերին, երբ մեր Մարալը տկար ու հոգնած կը քնանար, երկու աղջնակներուս հետ հիացմունքով եւ երախտագիտութեան խոր զգացումներով անդրադարձանք մեր շուրջ գտնուող մեծաթիւ հարազատներու անվերապահ աջակցութեան մասին։ Եւ այդ զրոյցը աւարտեցաւ իմ հետեւեալ հաստատումով. «Քսան վեց տարիներ, Մարալն ու ես ինչ որ ցանեցինք, այդ մէկը կը հնձենք այսօր»։ Մենք սէր ու յարգանք ցանեցինք։
Ուստի ի խորոց սրտի շնորհակալութիւն կը յայտնենք Յունաստանի Հայոց Թեմի օրուան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանին, որ մեզ յուսադրեց ու քաջալերեց, եւ աւարտին՝ հոգեւոր դասուն հետ տան կարգը կատարեց ու իր մխիթարական խօսքերով մեր վիշտը սփոփեց։
Ի խորոց սրտի շնորհակալութիւն Յունաստանի Հայոց Թեմի Կրօնական ժողովին, ինչպէս նաեւ Գերպծ. Տ. Յովսէփ Ծ. Վրդ. Պէզազեանին, Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեանին ու Տիկնանց յանձնախումբին, Գերպծ. Տ. Ներսէս Ծ. Վրդ. Սագայեանին, որոնք մեր դժուարին ուղեւորութեան ընթացքին, իրենց մնայուն հետաքրքրութեամբ, աղօթքներով ու այցելութիւններով նեցուկ կանգնեցան մեր ընտանիքին։
Ի խորոց սրտի շնորհակալութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կեդր. վարչութեան անդամ տոքթ. Արմէն Տէրեանին, Ազգային վարչութեան ատենապետ պրն. Թագւոր Յովակիմեանին եւ անդամներուն, Հ.Յ.Դ. Կեդր. կոմիտէին, շրջաններու կոմիտէներուն, Համազգայինի ու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջ. վարչութիւններուն, ազգ. վարժարաններու տնօրէնութեանց ու Ծնողական միութեանց, Ազատ Օր-ի խմբագրութեան, Գոքինիոյ ու Ֆիքսի ակումբներու յանձնախումբերուն, Թաղային խորհուրդներուն, առաւել եւս Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ գործակիցներուս՝ Թաղային խորհրդոյ ու Տիկնանց մարմնոյ անդամներուն, դպրապետին, սարկաւագաց ու դպրաց դասերուն, իրենց հետաքրքրութեան, քաջալերանքին ու օգտակարութեան համար։
Ի խորոց սրտի շնորհակալութիւն Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի տիկ. Լիզա Աւագեանին եւ անդամներուն, մասնաճիւղերու վարչութեանց եւ բազմաթիւ խաչուհիներուն, որոնք մնայուն կերպով հետաքրքրուեցան իրենց մեծ ընտանիքի անդամին՝ ընկերուհի Մարալին առողջական վիճակով։ Առաւել եւս, տօնական օրերուն, Ֆիքսի եւ Գոքինիոյ վարչութիւնները, անկողնին ծառայող իրենց ընկերուհիին յատուկ ձեւով մասնակից դարձուցին այդ օրերու ուրախ մթնոլորտին։ Հարկ կը զգամ խոր յուզումով նշել նաեւ, թէ մեր Մարալը, առողջապահական իր դժուարին վիճակին պատճառով, Ֆիքսի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան ներկայացուց ատենապետուհիի պաշտօնէն իր հրաժարականը։ Իր ժողովակիցները սակայն, քաջալերելու ու յոյս ներշնչելու մարդկային ու միութենական ազնուագոյն գիտակցութենէն մղուած, մերժեցին հրաժարականը եւ շարունակեցին իրենց ատենապետուհիին տեղեակ պահել աշխատանքներէն։
Ի խորոց սրտի շնորհակալութիւն մեր ընտանիքի բարեկամներուն, անցեալի թէ ներկայի ծխականներուն եւ արտասահմանի ազգականներուն ու բարեկամներուն, որոնք մեզ քաջալերեցին, յոյս ներշնչեցին եւ օգտակար դարձան։ Իսկ ազգականներէն ոմանք, անձամբ մեր կողքին գտնուեցան։
Իսկ հիմա, մեր ընտանիքի տառապակոծ ուղեւորութեան տխուր աւարտին, ի խորոց սրտի ու վշտի շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլորին՝ խորազգաց վշտակցութեան, ցաւակցութեան ու մխիթարանքին համար։
Խունկ ու աղօթք դրախտի մեր հրեշտակին՝ մեր Մարալին հոգւոյն։