2018ի մէջ «Համազգային»ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութիւնը ծրագրեց ու գործադրութեան դրաւ «4րդ սերունդէն՝ 5րդ» ընդհանուր բնաբանով՝ հայերէն լեզուի ուսուցման ծրագիր մը։
Յաւակնոտ բայց անհրաժեշտ այս ծրագրին համար մեծ էր պահանջքը, որ քանի մը առիթներով արտայայտուած էր Համազգայինին եւ պատասխանատուներուն ուշադրութիւնը գրաւած՝ արեւմտահայերէն լեզուի պաշտպանութեան ու հայախօսութեան զարգացման նպատակով։
Առաջին տարիներու յաջող փորձառութիւնը առաջնորդեց Ա. եւ Բ. դասարաններու գոյութեան, որոնք բաժնուեցան Սկսնակներու եւ Յառաջացածներու։
Մեծահասակներու համար յատկապէս մշակուած դասընթացքները, ընդգրկեցին շուրջ 20-25 դաս, իւրաքանչիւր տարեշրջանի մէջ, իսկ հայերէնի դասաւանդութեան զուգահեռ, իրագործուեցան հայկական մշակոյթի, աշխարհագրութեան, պատմութեան, երգի ծրագրեր, ամբողջացնելով հայկական դաստիարակութիւնը։ Առաջին խումբին իրենց մասնակցութիւնը բերին շուրջ 25 սկսնակ աշակերտներ, որոնք երեք տարուան ամբողջական ծրագրին հետեւեցան, յաջողապէս աւարտելով իրենց դասարանը։ Աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ, այլեւ պարտաճանաչութեամբ հետեւեցան դասերուն։ Իրենց եկաւ միանալու Բ. խումբը, շուրջ 27 անդամներէ բաղկացած, որ 2019ին սկսաւ իր կրթաշրջանը։
Դասերը կատարեցին ընկերուհիներ Վերժին Կարապետեան, Հռիփսիմէ Յարութիւնեան եւ Աննա Գազանճեան։ Աշխատանքը ընթացաւ յատկապէս թարգմանուած նիւթերու վրայ, ինչպէս եւ վարժութիւններու, որ պատճէնահանուած տրամադրուեցան մեր ուսանողներուն։ Պէտք է նշել, որ կազմուած է արդէն Ա. եւ Բ. խմբակներուն համար դասերու լրիւ շարք մը, որ ելեկտրոնային ձեւով կը պահուի Շրջանային Վարչութեան մօտ։ Վկայագիրերու յանձնման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի 30 Յունիս 2020ին, Ֆիքսի Արամ Մանուկեան ակումբի «Աւետիքեան» սրահէն ներս։ Ներկայ էին «Համազգային»ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի ընկ. Յուլիանա Մանուկեան եւ Հ.Յ.Դ. «Արամ Մանուկեան» Կոմիտէի հերթապահ ընկ. Յակոբ Պետոյեան։
Աշակերտները դիտեցին յիշատակի լուսանկարներով պատրաստուած երիզ մը, ապա խանդավառ ու ջերմ մթնոլորտի մէջ ստացան իրենց վկայագրերը, խոստանալով շարունակել հայերէն լեզուի ու մշակոյթի վրայ իրենց զարգացումը։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք «Համազգային»ի վկայագրերը ստացան հայերէն լեզուի դասընթացքներու շրջանաւարտները