Թուրքիոյ Հանրապետութեան Ժողովրդական-Հանրապետական Կուսակցութենէն երեսփոխան հայազգի Սելինա Տողան` քննադատելով Թուրքիոյ իշխանաւոր Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան եւ անոր դաշնակից Ազգային Շարժում կուսակցութեան կողմէ պատրաստուած եւ խորհրդարանին մէջ երեսփոխաններու վարքին, նիստերու կանոնակարգին ու արտաքինին վերաբերող փոփոխութիւններու 18 կէտերէ բաղկացած ծրարը, յայտարարած է, թէ ատոր իսկական նպատակը ընդդիմադրութեան ձայնը ամբողջութեամբ լռեցնելն է:
Նշեալ ծրարը կը ներառէ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին խօսելու եւ քրտաբնակ նահանգներու մասին խօսելու ընթացքին «Քիւրտիստան» անունով յիշատակումներու պարագային՝ երեսփոխանները տուգանքի ենթարկելու առաջարկը: Ըստ առաջարկին՝ «թուրք ժողովուրդի պատմութիւնն ու Թուրքիոյ մէջ ապրող ժողովուրդներու ընդհանուր անցեալը վիրաւորելու եւ մեղադրանքներ ներկայացնելու» պարագային երեսփոխանները պէտք է ժամանակաւոր կերպով զրկուին նիստերուն մասնակցելու կարելիութենէն, բացի ատկէ` անոնց աշխատավարձէն պիտի պահուի 12.000 թրքական լիրայի չափ գումար»: Տողան իշխանութիւնները մեղադրած է ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ ատելութիւն տարածելու ամբաստանութեամբ եւ խորհրդարանին յղած հետեւեալ հարցումը. «Եթէ Թուրքիոյ պատմական անցեալը վիրաւորելու հիմունքով Ցեղասպանութեան մասին խօսողները պիտի տուգանուին, ապա նոյն ամպիոնէն հայերը վիրաւորելը ի՛նչ պատիժ պիտի կրէ»:
«Թուրքիոյ մէջ ապրող ու ապրած ժողովուրդներու ընդհանուր անցեալը ոչ ոք պէտք է վիրաւորէ եւ չի ալ կրնար, լա՛ւ. իսկ միւս ազգե՞րը: Օրինակ` հայերու պատմական անցեալը վիրաւորելը արտօնուա՞ծ է: Հրեաներու մասին ամէն երեսփոխան կրնա՞յ վիրաւորական արտայայտութիւններ օգտագործել, յոյները, ասորիները վիրաւորելու հարցին մէջ ազատութիւն տրուա՞ծ է»,- հարցուցած է հայազգի երեսփոխանը:
«Իսկ հայերու պատմական անցեալը վիրաւորելը արտօնուա՞ծ է»
«Իսկ հայերու պատմական անցեալը վիրաւորելը արտօնուա՞ծ է»