Նոյեմբեր 7ի այս օրը հայ ժողովուրդը կ’ոգեկոչէ մահուան 306րդ տարելիցը իր արժանաւոր դէմքերէն Իսրայէլ Օրիի։
Օրի կը հանդիսանայ արդի դարերու հայ ժողովուրդի ազատագրութեան եւ Հայաստանի անկախութեան պայքարին անձնուէր նախակարապետը։
Յատկապէս այս օրերուն, երբ Հայաստանէն մինչեւ աշխարհի չորս ծագերը հայ ժողովուրդը ամէնուր կը դիմագրաւէ մարտահրաւէրը՝ միջազգային քաղաքականութեան եւ դիւանագիտութեան այժմէական ու հրատապ հարցերու օրակարգին վրայ արժանի տեղը ապահովելու Հայկական Հարցի արդար լուծման, Իսրայէլ Օրիի ազգային-քաղաքական աւանդը ուսանելի շատ դասեր կը փոխանցէ հայութեան պահանջատիրական պայքարին համար։
Երեք դար առաջ գործելով՝ Իսրայէլ Օրի նախակարապետը դարձաւ, արդի ժամանակներու հասկացողութեամբ, Հայ Դատի միջազգային արծարծման ու արդար լուծումի հետապնդման քաղաքական պայքարին։ Իր ժամանակի պայմաններուն եւ մեծապետական ուժերու դասաւորման հետ քայլ պահելով՝ Օրի նախաձեռնեց ատենի հզօր պետութեանց մօտ Հայ Դատին ի նպաստ քաղաքական պայմաններ եւ դրական տրամադրութիւններ առաջացնելու հետեւողական պայքարին։
Թէեւ Օրիի քայլերը չպսակուեցան իր առաջադրած Հայաստանի անկախութեան եւ հայոց ազգային պետականութեան վերականգնումով, այդուհանդերձ հայկական պետականութեան վերջին կռուանին՝ Կիլիկեան Թագաւորութեան անկումէն դարեր ետք, առաջին անգամ ըլլալով, Օրի յաջողեցաւ միջազգային քաղաքականութեան օրակարգին վրայ բերել Հայկական Հարցը։
Օրի փաստօրէն յաջողեցաւ իր դարու Եւրոպան ղեկավարող թագաւորական եւ իշխանական Տուները շահագրգռել Հայաստանի անկախութեան եւ հայոց թագաւորութեան վերականգնման քաղաքական օրակարգով։ Ո՛չ Հայաստանը հարուստ պաշարներով երկիր էր, ոչ ալ Իսրայէլ Օրի ի՛նք եւրոպացի գահակալները շահագրգռելու նիւթական անհրաժեշտ խայծերը ունէր։ Բայց Հայ Դատի քաղաքական պայքարին նախակարապետը գիտցաւ միջազգային շահագրգռութեան առարկայ դարձնել Հայաստանի աշխարհաքաղաքական դիրքին ռազմավարական անվիճելի կարեւորութիւնը, ինչպէս եւ միջազգային մակարդակի վրայ հայ մարդոց վաճառականական, առեւտրական եւ հնարամիտ արհեստաւորի ձեռներէցութեան արձանագրած յաջողութիւնները, ի նպաստ Հայկական Հարցի արդար լուծման մթնոլորտ ստեղծելով։
Հայոց պատմութեան դասագիրքերէն մինչեւ հայ քաղաքական մտքի քննարկման ու զարգացման նուիրուած աշխատութիւնները, ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի, կարեւորութեամբ կանգ կ’առնեն այս բացառիկ հայուն կեանքին ու գործունէութեան վրայ, արժեւորումը կը կատարեն ի նպաստ Հայ Դատին անոր թափած անդուլ ճիգերուն եւ կ’եզրակացնեն, որ Իսրայէլ Օրի արդի ժամանակներ թեւակոխած հայ ժողովուրդին ու անոր հետագայ սերունդներուն կտակեց ազգային-քաղաքական մեծ տեսլական մը։
Նոյնիսկ խորհրդային տասնամեակներուն, Օրի շարունակեց ներշնչման աղբիւր մնալ մեր ժողովուրդին համար, իսկ պաշտօնական գաղափարախօսութիւնը թոյլատրեց Իսրայէլ Օրիի արժեւորումը այն հիմնաւորումով, որ Հայ Դատի միջազգային հետապնդման նախակարապետը եղած էր հայ քաղաքական առաջին գործիչը, որ Ռուսաստանի մէջ տեսած էր Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին «ապաւէնը»։
Լրիւ ճշմարտութիւնը, անշուշտ, այլ է։
Իսրայէլ Օրի ամբողջ Եւրոպան շրջելէ եւ Հռոմի Պապէն սկսեալ մինչեւ Գերմանիոյ, Իտալիոյ եւ Աւստրիոյ այլեւայլ իշխանները շահագրգռելու յամառ փորձեր կատարելէ ու ձեռնունայն մնալէ ետք էր միայն, որ դիմեց Պետրոս Մեծն ու Ռուսաստանը… հայութեամբ եւ Հայաստանով շահագրգռելու քայլին։
Այդ առումով Իսրայէլ Օրիի քաղաքական Գործն ու Կտակը հիմք դարձան՝ մինչեւ մեր օրերը շարունակուող մեծապետական աշխարհի բեւեռներուն միջեւ հաւասարակշռութիւն պահպանելու հայ քաղաքական մտքի մայր ուղղութեան։
Իսրայէլ Օրի հայ ժողովուրդին ազատագրումը եւ Հայաստանի անկախութիւնը «օտարներէն սպասող» եւ «մուրացող» մը չեղաւ։ Ընդհակառակն՝ Օրի համոզուած էր եւ գործեց այն հաստատ վարքագծով, որ հայութիւնը իր սեփական ուժերով պէտք է մղէր ազատագրութեան եւ անկախութեան պայքարը։
Օրի միաժամանակ ունէր քաղաքական այն իրատեսութիւնը, թէ էապէս անհաւասար ուժերով պայքար մը վիճակուած է հայ ժողովուրդին, որ յաջողելու համար անխուսափելիօրէն կարիքը ունի մեծապետական աշխարհի քաղաքական ուժերու հայանպաստ դասաւորումին։
Իսրայէլ Օրի յառաջամարտիկը եղաւ արդի հասկացողութեամբ հայ քաղաքական լոպիինկին՝ հայութեան եւ Հայաստանի ազատագրութեան դատին ի նպաստ օտար ու հզօր ուժեր սիրաշահելու եւ ազդու միջամտութեան մղելու առումով։
Հայ Դատի պայքարին յառաջապահ գործիչը ծնած էր հայրենի Սիւնեաց աշխարհին մէջ, 1659 թուին։
Օրիի մասին առաջին յիշատակութեան կը հանդիպինք 1677ին, երբ հօր՝ Մելիք Իսրայէլի կողքին, 18 տարեկանին, կը մասնակցի Ս. Էջմիածնի մէջ Գէորգ Ջուղայեցի Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ գումարուած գաղտնի ժողովին, որու օրակարգին գլխաւոր խնդիրը Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան նպատակով քրիստոնեայ տէրութեանց պաշտօնապէս դիմում ներկայացնելու առաջադրանքն էր։ Այդ առաքելութեան համար ընտրուած պատուիրակներու շարքին էր Մելիք Իսրայէլ, որուն ընկերացաւ որդին՝ Իսրայէլ Օրին, երբ 1679ի Դեկտեմբերին պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Կ. Պոլիս:
Պատուիրակութիւնը չյաջողեցաւ Եւրոպա անցնիլ եւ այդ ձախողութիւնը պատճառ դարձաւ, որ բոլորը վերադառնան իրենց տեղերը։ Միայն 20ամեայ Իսրայէլ Օրին շարունակեց ճամբան։
Այդ օրէն Իսրայէլ Օրի իր կարճատեւ՝ 52ամեայ կեանքին 30 տարիները նուիրեց եւրոպական երկիրներու եւ անոնց տէրութեանց օգնութեամբ թրքական ու պարսկական լուծէն սեփական հայրենիքը ազատագրելու նպատակին։
Այսպէս, 1680ի վերջաւորութեան, Պոլիսէն մեկնած խումբ մը հայ վաճառականներու հետ, Իսրայէլ Օրի հասաւ Վենետիկ։ Քանի մը տարի վաճառականութեամբ զբաղելէ ետք, 1683ին անցաւ Փարիզ, ուր սկիզբը ձեռնամուխ եղաւ ֆրանսական բանակի պարենամատակարարման աշխատանքներու, ապա՝ մտաւ զինուորական ծառայութեան մէջ եւ հասաւ հեծելազօրի լէյթենանթի, յետոյ եւ հեծելազօրի Քափիթանի աստիճանին։ Իբրեւ այդպիսին 1688-95ին մասնակցեցաւ անգլեւֆրանսական պատերազմին։ Անգլիացիներու ձեռքը գերի ինկաւ, կարճ ժամանակ ետք ազատ արձակուեցաւ եւ մօտէն ծանօթացաւ անգլիական բանակի կազմաւորման ու պետական կառավարման արուեստին։
1698ին անցաւ Գերմանիա, ուր Եոհան Վիլհելմ իշխանին հետ կապեր հաստատելով՝ անոր ներշնչեց Հայաստանը նուաճելու, անոր թագաւորը դառնալու եւ Օսմանեան Կայսրութեան թիկունքին անկախ Հայաստան ու Վրաստան ստեղծելու միտքը։ Եոհան Վիլհելմ համաձայնեցաւ եւ Իսրայել Օրիի միջոցաւ թուղթեր յղեց Քարթլիի Գէորգի ԺԲ. թագաւորին, Հայաստանի մելիքներուն եւ Ամենայն Հայոց ու Աղուանաց Կաթողիկոսներուն՝ մանրամասն տեղեկութիւններ խնդրելով Հայաստանի ու յարակից երկիրներու տնտեսական, քաղաքական ու ռազմական պայմաններուն մասին։
Նոյն 1698ի Օգոստոսին Իսրայէլ Օրի ժամանեց Վիեննա՝ Աւստրիոյ Լէոփոլտ Ա. կայսրէն եւս յուսադրիչ գրութիւն ստանալու նպատակով, բայց մերժումի հանդիպեցաւ՝ այդ օրերուն թուրքերու հետ սկսած խաղաղութեան բանակցութեանց պատճառով։
Այնուհետեւ մեկնեցաւ Ֆլորենցիա, ուր ստացաւ Թոսքանիայի դուքս Քոզմաս Գ.ի համաձայնութիւնը եւ հուսկ, 1699ին, ուղեւորուեցաւ Հայաստան։
Սակայն Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ իրադրութիւնը լրիւ փոխուած էր։ Նախապէս ապստամբ Գէորգի Զ.ն արդէն հնազանդած էր պարսիկ արքունիին եւ կը գտնուէր Սպահան, իսկ Հայոց Կաթողիկոս Նահապետ Ա. Եդեսիացին ու Գանձասարի Սիմէոն Կաթողիկոսը չընդառաջեցին Իսրայէլ Օրիի նախաձեռնութեան։ Միայն Մելիք Սաֆրազի օժանդակութեամբ Իսրայէլ Օրի յաջողեցաւ, Անգեղակոթ աւանին մէջ, Ապրիլ 1699ին գումարել Սիւնիքի 11 մելիքներու խորհրդաժողով մը, ուր կազմուեցան եւ հաստատուեցան պաշտօնական գրութիւններ՝ ուղղուած Եոհան Վիլհելմին, Հռոմի Պապին, Աւստրիոյ կայսեր, Թոսքանայի դուքսին եւ ռուսաց ցար Պետրոս Մեծին՝ Հայաստանի ազատագրութեան գործին սատարելու խնդրանքով։ Անգեղակոթի ժողովը Իսրայելի Օրիին տրամադրեց նաեւ մաքուր, բայց կնքուած թուղթեր, որպէսզի անհրաժեշտութեան պարագային այլ դիմումներ եւս կատարէր։
Իսրայէլ Օրի վերադարձաւ Եւրոպա՝ այս անգամ իր կողքին ունենալով, ժողովի թելադրութեամբ, Մինաս Վարդապետ Տիգրանեանցը՝ իբրեւ մելիքներու ներկայացուցիչ եւ Օրիի օգնական։
1699ի Սեպտեմբերին հասնելով Տիւսելտորֆ՝ Օրի եւ Մինաս Վարդապետ մշակեցին ու 1700ի սկիզբը Եոհան Վիլհելմին ներկայացուցին Հայաստանի ազատագրութեան ծրագիրը, ըստ որուն՝ պէտք է կազմուէր գերմանական, իտալական եւ աւստրիական եռեակ դաշինք։ Դաշնակիցներու բանակը պէտք է անցնէր Ռուսաստանի վրայով՝ վերջինիս համաձայնութեամբ եւ, հետեւաբար, ծրագրի իրագործման պէտք է մասնակցէր նաեւ Ռուսաստանը։ Ծրագրին համաձայն՝ եւրոպական ուժերու այդ արտաքին օգնութիւնը կը դիտուէր իբրեւ անհրաժեշտ լծակ՝ բուն երկրէն ներս ապստամբական շարժումին թափ տալու համար։ Հայաստանի ազատագրութիւնը պէտք է իրագործուէր, հիմնականին մէջ, սեփական ուժերով։ Ծրագրին մէջ առաջնահերթ կարեւորութիւն տրուած էր նախ պարսկական լուծի տակ գտնուող Արեւելեան Հայաստանի ազատագրութեան՝ յատկապէս ընդգծելով հայ ու վրացի ժողովուրդներու համաժամանակ պայքարին անհրաժեշտութեան գաղափարը։
Ծրագիրը իրականացնելու համար, Եոհան Վիլհելմ համապատասխան յանձնարարականներով Իսրայէլ Օրիին ուղարկեց Թոսքանայի դուքսին եւ Աւստրիոյ կայսեր մօտ, սակայն վերջինս դարձեալ հրաժարեցաւ Հայաստանի ազատագրման գործին մասնակցելէ՝ այս անգամ ալ Սպանական գահի ժառանգութեան համար սկսած պատերազմին պատճառով։ Աւստրիոյ հրաժարումը խափանեց Ծրագրով նախատեսուած եռեակ դաշինքին ստեղծումը եւ, Արեւմուտքէն իր յոյսը կտրած, Իսրայէլ Օրի 1701ին մեկնեցաւ Մոսկուա։
Ռուս պետական գործիչները Հայկական Հարցով շահագրգռելու առաջադրանքով՝ Օրի մշակեց քաղաքական նոր ծրագիր մը, ուր Հայաստանի ազատագրութեան հարցով գլխաւոր դեր կը յատկացուէր Ռուսաստանին։ Ռուսաստանը պէտք է յատկացնէր 25 հազարնոց բանակ մը, որ Դարիալի կիրճով ու Կասպից ծովով պիտի մտնէր Հայաստան, ուր անոր պիտի միանային հայ ու վրացի ապստամբները եւ, համատեղ ուժերով, օգտուելով Պարսկաստանի ընդհանուր թուլութենէն, կարճ ժամանակի մէջ հնարաւոր պիտի ըլլար ազատագրել Արեւելեան Հայաստանը։
Գիտակցելով՝ որ Արեւելեան Հայաստանը ազատագրելու անյաջող փորձը կրնար վտանգաւոր կացութիւն ստեղծել հայ ժողովուրդին համար, Իսրայէլ Օրի կը ձգտէր ապահովել մէկ կողմէ Ռուսաստանի եւ, միւս կողմէ, Հռոմի Սրբազան Կայսրութեան հակաթրքական համախոհութիւնն ու միացեալ ճակատը։
Ծրագիրը ռուսական արքունիքին ներկայացուեցաւ 1701ի Յուլիս 25ին։ Հոկտեմբերին, Պետրոս Մեծը ընդունեց եւ յատուկ զրոյց ունեցաւ Իսրայէլ Օրիի եւ Մինաս Վարդապետի հետ, իսկ 1702ի Մարտին հայ պատուիրակներուն պաշտօնապէս յայտնուեցաւ, որ ռուսական արքունիքը Հայաստանի ազատագրութեան խնդրով կը զբաղուի միայն Շուէտական Պատերազմէն յետոյ։703ին Իսրայէլ Օրիի նախաձեռնութեամբ կազմուեցաւ եւ ռուսական արքունիքին ներկայացուեցաւ նաեւ Հայաստանի քարտէսը։ Իսկ դէպի Անդրկովկաս նախատեսուող արշաւանքի յաջողութեան համար, Իրանի ներքին կացութեան վերաբերեալ ճշգրիտ տեղեկութիւններ հաւաքելու եւ հայ ու վրացի ապստամբական ուժերը համախմբելու նպատակով՝ ռուսական արքունիքը հաւանութիւն տուաւ նաեւ Իսրայէլ Օրիի առաջադրած Պարսկաստանի մօտ ռուսական դեսպանութիւն հաստատելու եւ անոր իրագործումը անձամբ Օրիի վստահելու գաղափարին։
Դեպանութեան նկատմամբ կասկածանք չառաջացնելու նպատակով՝ 1704ին Իսրայէլ Օրի մեկնեցաւ Եւրոպա, Հռոմի Պապէն ձեռք բերաւ պարսկական տիրապետութեան տակ ապրող քրիստոնեաներու հալածանքը դադրեցնելու մասին Պարսից Շահին ուղղուած դիմում, նաեւ՝ գնեց զէնքեր ու 1706ին վերադարձաւ Ռուսաստան։
Պետրոս Մեծը նոյնպէս գրեց համանման դիմում, Իսրայէլ Օրիին շնորհեց ռուսական բանակի գնդապետի աստիճան եւ զինք նշանակեց դեսպանութեան ղեկավար ու 1707ին ուղարկեց Պարսկաստան։
Շքախումբով եւ ռազմական ջոկատի ուղեկցութեամբ՝ Իսրայէլ Օրի 1708ի սկիզբը մուտք գործեց պարսկական պետութեան սահմանները։ Չնայած, որ Օրի պաշտօնապէս Հռոմի Պապի դեսպանն էր, սակայն ան հանդիպեցաւ մեծ արգելքներու։ Իրանի մէջ գործող եւրոպական, յատկապէս ֆրանսական միսիոնարները Հուսէյին Շահին ներշնչեցին, թէ Իսրայէլ Օրիի նպատակը հայկական պետութեան վերականգնումն է։ Այնուամենայնիւ, 1709ին, Իսրայէլ Օրի յաջողեցաւ տեսակցիլ Շահին հետ։
Այնուհետեւ Օրի վերադարձաւ Անդրկովկաս, ուր եւ մնաց մինչեւ 1711։ Այդ շրջանին հանդիպումներ ունեցաւ Հայոց Կաթողիկոս Ալեքսանդր Ա. Ջուղայեցիի, Աղուանաց Կաթողիկոս Եսայի Հասան-Ջալալեանի, հայ մելիքներու եւ անդրկովկասեան այլ գործիչներու հետ՝ առաջադրելով ազատագրական շարժման բռնկումը եւ ընդհանուր ճակատի ու հայկական միացեալ զօրական ուժերու ստեղծումը։
Այդ շփումներու ծիրէն ներս, Եսայի Հասան-Ջալալեանի հետ Իսրայէլ Օրի 1711ին մեկնեցաւ Աստրախան, ուր Նոյեմբեր 7ին, մութ հանգամանքներու մէջ, յանկարծամահ եղաւ։
Այդպէ՛ս ապաժամ ընդհատուեցաւ կեանքը եւ անաւարտ մնաց գործունէութիւնը Իսրայէլ Օրիի՝ հայ ազգային-քաղաքական առաջին այն գործիչին, որ սկզբնաւորեց հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրութեան դատին քաղաքական հետապնդումը՝ միջազգային մակարդակով։
Իսրայէլ Օրիի անձն ու գործը ներշնչման աղբիւր դարձան հայոց հետագայ սերունդներուն համար, հայ ազգային-ազատագրական պայքարի եւ Հայաստանի անկախութեան նուաճման բոլոր փուլերուն։
Իսրայէլ Օրի (1659-1711)
Իսրայէլ Օրի (1659-1711). Հայ Դատի միջազգային արծարծման նախակարապետը Ն.