Ռուսիայէն նախորդ տարուան ընթացքին մատակարարուած «Իսկանդեր» հրթիռային համակարգերը կը պատկանին Հայաստանի զինուած ուժերուն, եւ ատոնք կը կառավարեն հայկական զինուած ուժերու (Զ.Ու.) սպաները: Այս մասին՝ ըստ «Արմէնփրես»ի, «Ռիա-նովոսթի»ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ յայտարարած է է Հ.Հ. պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան:
«Այն, որ ««Իսկանդեր»ները մատակարարուած են Հայաստանին, իմ կարծիքով, բոլորին համար ակնյայտ է, քանի որ ատոնք բոլորը բացայայտ տեսած են: Այն, որ ատոնք կը պատկանին Հայաստանի զինուած ուժերուն, նոյնպէս կրնամ հաստատել 100 տոկոս վստահութեամբ: Եւ այստեղ որեւէ երկրորդ կարծիք ուղղակի չի կրնար ըլլալ: Ինչ կը վերաբերի մնացած հարցերուն` ե՞րբ, ի՞նչ գումարներով, վճարման ի՞նչ ժամկէտով եւ այլն. ինչպէս կը հասկնաք, այդ ամէնը կ՛իրականացուի «յոյժ գաղտնի»: Կը կառավարենք մենք, կը կառավարեն անոնք, որոնց կը պատկանին: Այստեղ ես կրնամ բացայայտել գաղտնիութեան վարագոյրը»,- ըսած է Վ. Սարգսեան:
Հայաստան «Իսկանդեր» հրթիռային համակարգերը գործարկելու որոշում կ’ընդունի` կախուած իրավիճակի զարգացումէն: «Ես կրնամ ձեզի ցոյց տալ ալգորիթմը: Այդ զէնքի գործառոյթը եւ պարամեթրերը թոյլ կու տան անուղղելի վնաս հասցնելու ենթակառուցուածքներուն այն երկրի, որուն դէմ անիկա կրնայ կիրառուիլ: Համապատասխանաբար, «Իսկանդեր»ներու կիրառման որոշումը սերտօրէն կապուած պիտի ըլլայ իրավիճակի զարգացումէն: Ամէն պարագայի, մենք զայն կը դիտարկենք որպէս զէնք` երաշխաւորուած հարուածի համար, եթէ նման անհրաժեշտութիւն ըլլայ: Ատիկա, առաջին հերթին, զսպող զէնք է: Ակնյայտ է, որ իրավիճակի զարգացումը կրնայ թելադրել նման մօտեցումներու դիտարկում, բայց սկզբունքօրէն, իր գաղափարախօսութեամբ, հնարաւորութիւններով այդ զէնքը այնպիսին է, որ պէտք է իւրաքանչիւր տաք գլուխ սառեցնէ որոշումներու ընդունման ժամանակ»,- ընդգծած է Հ.Հ. պաշտպանութեան նախարարը:
Ճշդող հարցումին՝ արդեօք այդ համակարգերու կառավարումը կը գտնուի՞ ձեռքը Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու սպաներուն, որոնք անցած են համապատասխան վերապատրաստում, Հ.Հ. պաշտպանութեան նախարարը ընդգծած է.- «հաստա՛տ»:
«Իսկանդեր»ները կը պատկանին Հայաստանին
«Իսկանդեր»ները կը պատկանին Հայաստանին եւ կը կառավարուին Հ.Հ. զինեալ ուժերուն կողմէ,- կը յայտարարէ Վիգէն Սարգսեան