ՆԺԴԵՀ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Ո­մանք պատ­մու­թիւն կը կեր­տեն, ո­մանք կը գրեն, իսկ ո­մանք պատ­մու­թիւ­նը կ­՛ապ­րին:
­Բախ­տա­ւո­րու­թիւն է ներ­կայ գտնուիլ հոն, ուր պատ­մու­թիւն կը կեր­տո­ւի:
­Բախ­տա­ւո­րու­թիւն է նաեւ ապ­րիլ պատ­մա­կան վայր­կեան­ներ:
­Խօս­քը կը վե­րա­բե­րի հա­յոց հայ­րա­պե­տին` ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սի ­Հա­լէպ կա­տա­րած պատ­մա­կան այ­ցե­լու­թեան, ո­րուն կը մաս­նակ­ցէի նկա­րա­հա­նու­մի գոր­ծով:
Ե­թէ բա­ռի մը մէջ պի­տի ամ­փո­փեմ այս այ­ցե­լու­թիւ­նը, կը կար­ծեմ, որ «ան­մո­ռա­նա­լի»ն ­յար­մա­րա­գոյնն է: Ան­մո­ռա­նա­լի` ոչ միայն ին­ծի հա­մար, այլ` բո­լո­րի՛ն, ամ­բողջ հա­յու­թեան եւ յատ­կա­պէս հա­լէ­պա­հա­յու­թեան: Ո­րով­հե­տեւ, երբ ոչ ոք կը հա­մար­ձա­կէր ­Հա­լէպ այ­ցե­լել ա­պա­հո­վա­կան պատ­ճառ­նե­րով, վե­հա­փա­ռը քա­ջա­բար մեկ­նե­ցաւ ­Հա­լէպ` ըլ­լա­լու հա­մար ժո­ղո­վուր­դին հետ եւ, ա­ւե­լի՛ն, Ս. Ծնն­դեան պա­տա­րա­գը մա­տու­ցե­լու այդ­տեղ:
­Հոն ա­կա­նա­տես դար­ձանք ու նկա­րե­ցինք պատ­կեր­ներ, ո­րոնք տա­րի­ներ շա­րու­նակ պի­տի յի­շո­ւին ու օգ­տա­գոր­ծո­ւին իբ­րեւ օ­րի­նակ` հե­րո­սու­թեան ու քա­ջու­թեան:
­Թոյլ տո­ւէք ներ­կա­յաց­նեմ քա­նի մը ան­մո­ռա­նա­լի պատ­կեր­ներ, ո­րոնք ան­մա­հա­ցան թէ՛ լու­սան­կար­չա­կան մե­քե­նա­յիս եւ թէ՛ մտքիս մէջ.-
Ա­ռա­ջին պատ­կեր.- ­Հա­լէպ ժա­մա­նում: Փ­լա­տակ դար­ձած ա­մա­յի ճամ­բա­նե­րէն անց­նե­լով` հա­սանք Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցի: ­Հա­մախմ­բո­ւած էր ժո­ղո­վուր­դը` դի­մա­ւո­րե­լու հա­մար ­Վե­հա­փա­ռը: ­Շե­փո­րա­խումբ, ծա­փա­հա­րու­թիւն­ներ, ու­րա­խու­թիւն, կեանք… Մ­տանք ե­կե­ղե­ցի, ուր ­Վե­հա­փա­ռը տո­ւաւ իր անդ­րա­նիկ պատ­գա­մը: ­Յու­զումն ու յոյ­սը կ­՛ար­տա­ցո­լա­յին ժո­ղո­վուր­դին աչ­քե­րուն մէջ, իսկ վե­հա­փա­ռին ձայնն ու խօս­քե­րը կը շար­ժէին ե­կե­ղեց­ւոյ պա­տե­րը:
Երկ­րորդ պատ­կեր.- Ս. Ծ­նուն­դը՝ ­Հա­լէ­պի մէջ: Ե­կե­ղե­ցին ո­ղո­ղո­ւած էր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րով, իսկ ես պա­շա­րո­ւած` լրագ­րող­նե­րով. հայ, ա­րաբ, եւ­րո­պա­ցի, ա­մե­րի­կա­ցի… ­Սո­վո­րա­կան պա­տա­րագ մը չէր այս ան­գամ, իս­կա­պէս Ծ­նունդ էր, վե­րած­նո՛ւնդ…
­Վե­րած­նունդ ` գա­ղու­թի մը, որ շատ ծանր օ­րեր ապ­րե­ցաւ:
­Վե­րած­նունդն էր ­Հա­լէ­պի: ­Ժո­ղո­վուր­դին միա­բե­րան մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ա­ղօթք­նե­րուն ու շա­րա­կան­նե­րուն` ­Պա­տա­րա­գը կը դարձ­նէին ա­ւե­լի խորհրդա­ւոր, իսկ ­Վե­հա­փա­ռին քա­րո­զը կը ցնցէր ամ­բողջ ե­կե­ղե­ցին ու նոր շունչ կու տար հա­լէ­պա­հա­յու­թեան: ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, երբ դուրս ե­կայ, պահ մը քա­րա­ցայ ու դի­տե­ցի շուրջս. ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­փակն ու թա­ղը լե­ցո­ւած էր հա­յու­թեամբ:
­Հա­զա­րա­ւոր հա­յոր­դի­ներ ե­կած էին ե­կե­ղե­ցի` վե­րա­նո­րո­գո­ւե­լու եւ ա­կա­նա­տես դառ­նա­լու այս պատ­մա­կան ­Պա­տա­րա­գին:
Եր­րորդ պատ­կեր.- Այ­ցե­լու­թիւն բերդ, մզկիթ, հայ­կա­կան շրջան­ներ, ե­կե­ղե­ցի­ներ:
­Բերդ ու մզկիթ այ­ցե­լու­թիւ­նը ճիշդ է, որ խորհր­դան­շա­կան էր, սա­կայն ին­ծի հա­մար հայ­կա­կան շրջան­ներ ու ե­կե­ղե­ցի այ­ցե­լու­թիւ­նը ա­ռա­ւել խորհր­դան­շա­կան էր:
Ա­ռա­ջին զան­գե­րը ղօ­ղան­ջե­ցին Ս. ­Քա­ռաս­նից ­Ման­կանց ե­կե­ղե­ցիէն։ ­Ղօ­ղանջ­ներ՝ ո­րոնք կը պատ­ռէին ­Հա­լէ­պի վրայ իշ­խող ծանր լռու­թիւ­նը: Փ­լա­տակ ե­կե­ղեց­ւոյ փո­շոտ նստա­րան­նե­րուն առ­ջեւ կանգ­նած` միա­բե­րան «­Հայր ­Մեր»ը կ­՛ար­ձա­գան­գէր ու կը ճեղ­քէր քա­րե­րը` բարձ­րա­նա­լով վեր, դէ­պի եր­կինք…
Ս. ­Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ո­րո­շած էինք նկա­րել ­Վե­հա­փա­ռին խօս­քը` մեր պատ­րաս­տե­լիք տե­սե­րի­զին հա­մար: ­Դա­սա­ւո­րում­նե­րը ը­նե­լէ ետք, ժա­մը հա­սած էր նկա­րա­հա­նու­մի: ­Կանգ­նած էինք լուռ, ած­խա­պատ ե­կե­ղեց­ւոյ հրկի­զո­ւած խո­րա­նին առ­ջեւ: ­Վե­հա­փա­ռը սկսաւ ար­տա­սա­նել իր խօս­քը, զան­գե­րը սկսան ղօ­ղան­ջել, բա­ռե­րուն եւ ղօ­ղանջ­նե­րուն մէ­ջէն յան­կարծ հե­ռո­ւէն լսո­ւե­ցաւ պայ­թու­մի ձայն մը, մտա­հո­գո­ւե­ցայ. ար­դեօք ­Վե­հա­փա­ռը կանգ պի­տի առ­նէ՞ խօ­սե­լէն… սա­կայն վե­հա­փա­ռը շա­րու­նա­կեց իր խրա­խու­սիչ խօս­քը` ա­ռա­ւել ուժգ­նու­թեամբ, իսկ ես նկա­րա­հա­նու­մը` ա­ռա­ւել յու­զու­մով:
Ամ­փո­փե­լու հա­մար այս պատ­կե­րը` կ­՛ու­զեմ մէջ­բե­րել, ­Կա­րօ ­Փո­լա­տեա­նի գիր­քէն քա­ղո­ւած այս խօս­քը. «Եր­կու վիթ­խա­րի ու­ժե­րու հան­դիպ­ման կէ­տը, եր­կու յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեանց. ձայ­նին եւ լռու­թեան, շար­ժուն ա­ղա­ղա­կող կեան­քին եւ ցուրտ մա­հո­ւան հան­դիպ­ման կէ­տը. հոն, ուր մէ­կը կը մեռ­նի եւ ան­մի­ջա­պէս միւ­սը կը ծնի»:
Ի­րա­պէս ալ ­Վե­հա­փա­ռին այ­ցե­լած վայ­րին մէջ տե­ղի կ­՛ու­նե­նար այդ հան­դի­պու­մը:
­Չոր­րորդ պատ­կեր.- Այ­ցե­լու­թիւն՝ հայ կա­թո­ղի­կէ եւ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղե­ցի­ներ: Այն­քա՜ն ջերմ մթնո­լորտ, այն­քա՜ն ժո­ղո­վուրդ. մէկ բա­ռով` միաս­նա­կա­նու­թեան փաստ: Ե­րեք հա­մայնք­ներ` մէկ ամ­բող­ջու­թիւն, մէկ ազգ, հա­յու­թիւն:
Այս բո­լո­րէն ետք ինք­զին­քիս ի­րա­ւունք կու տամ ը­սե­լու, որ հա­յոց ­Հայ­րա­պե­տը` Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սը իս­կա­պէս կա­րե­լի է հա­մա­րել հայ ժո­ղո­վուր­դին իս­կա­կան հո­վի­ւը: Ո­մանց հա­մար թե­րեւս չա­փա­զան­ցու­թիւն թո­ւի, սա­կայն չեմ մե­ղադ­րեր: ­Պէտք էր ապ­րիլ այդ վայր­կեան­նե­րը, պէտք էր տես­նել հա­լէ­պա­հա­յե­րուն աչ­քե­րը, պէտք էր լսել վե­հա­փա­ռին քա­րոզ­նե­րուն եւ ղօ­ղանջ­նե­րուն միա­խառն ձայ­նը, որ­պէս­զի կա­րե­լի ըլ­լար նման ար­տա­յայ­տու­թիւն ու­նե­նալ:
Երբ ո­մանք կը քննա­դա­տէին այս այ­ցե­լու­թիւ­նը` զայն հա­մա­րե­լով ու­շա­ցած այ­ցե­լու­թիւն, երբ ո­մանք կը քննա­դա­տէին այս այ­ցե­լու­թիւ­նը` զայն ո­րա­կե­լով սխալ, ես կու գամ ը­սե­լու եւ կրկնե­լու, եւ վստահ եմ` ին­ծի հետ շատ-շա­տեր, որ այս այ­ցե­լու­թիւ­նը կը մնայ ե­զա­կի, ան­մո­ռա­նա­լի պատ­մա­կան դէպք:
­Հա­յոց հայ­րա­պե­տը իր այս այ­ցե­լու­թեամբ դար­ձուց սփիւռ­քա­հայ պատ­մու­թեան, հա­լէ­պա­հա­յու­թեան տխուր է­ջե­րը` բա­նա­լով նոր էջ, ուր կայ աշ­խա­տանք, կայ հա­ւատք, կայ յոյս ու միաս­նա­կա­նու­թիւն: ­Հա­յոց ­Հայ­րա­պե­տը ապ­րե­ցուց ­Հա­լէ­պը ու ան­գամ մը եւս փաս­տեց ժո­ղո­վուր­դին հետ, ժո­ղո­վուր­դին հա­մար ըլ­լա­լու իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը: