ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ — «Զարթօնք»
Վերջերս, Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇի կրած շարք մը պարտութիւններէն ետք, տեսանիւթ մը վիրուսային (վարակային) կերպով շրջագայեցաւ համացանցի էջերուն վրայ: Մարմնաքողով կին մը, կուրծքին սեղմած երեխայով, դէպի իրաքեան զօրքերը կը վազէր, որպէս թէ կը փախչէր ՏԱՀԵՇի ժանիքներէն, իրաքեան զօրքերու մօտ ապահով ապաստանարան գտնելու ջանքով: Այս կինը իր երեխային կողքին շալկած էր պայթուցիկ նիւթերով լեցուն պայուսակ մը: Հազիւ զինուորներու շարքերէն ներս մխրճուած, ինքզինք կը պայթեցնէր իր գրկած երեխային կողքին, շատ մը ուրիշ զոհեր իրեն հետ խլելով:
Այս անմարդկային ոճիրը կու գայ միանալու այն տասնեակ ոճիրներու, զորս ամէն օր կը լսենք եւ կը կարդանք Միջին Արեւելքի մէջ գոյացած խելայեղ պատերազմներու ընթացքին:
Նման դէպք մը տեսնել եւ զայն «անմարդկային ոճիր» որակել դիւրին է: Բայց ինչ որ աննկատելի է շատերու կողմէ, թէ այս կինը իր արարքով ոչ թէ միայն մարդիկ սպաննեց, այլեւ մարդկային հոգին սպաննեց՝ «վստահութիւն»ը հարուածելով:
Յետ այդ՝ ամէն անգամ, որ զինուորներ նման պատահարի մը դիմաց գտնեն իրենք զիրենք, պիտի չվստահին իրենց աչքերուն տեսածին, թէկուզ եւ օգնութիւն պահանջող իսկական դէպք մը ըլլայ:
Դիւրին է վերոյիշեալ դէպքի «հերոս» կինը ահաբեկիչ, կամ՝ ոճրագործ որակել: Բայց արդեօք իւրաքանչիւրիս մէջ նման «հերոսութեան» հոգին չկա՞յ: Իւրաքանչիւրս բարոյականութեան «երեխան» սեղմած մեր կուրծքին՝ զայն եւ մեր շուրջինները կը սպաննենք, առանց նոյնիսկ տատամսելու:
Կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, որ «նեխած» է եւ զայն այդ վիճակի հասցնողը մենք ենք: Կը թափենք մեր անբարոյութեան «աղբեր»ը մեր տուներու առջեւ, եւ ապա կը գանգատինք, թէ ինչո՛ւ աշխարհը ապականած դարձած է:
Այո՛, մեր առօրեան լեցուն է մարդոցմով, որոնք ականալարուած պայթունակ գօտիներ հագած են, եւ զայն պայթեցնելով կը սպաննեն մարդկութեան մէջ արժէքներու եւ սկզբունքներու հոգին:
Քանի-քանի՜ անգամներ մեր գործատեղիներուն մէջ, հազարումէկ սուտեր խօսելով, մեր ապականած արտադրութիւնը կը ծախենք, զայն բարձրորակ կոչելով: Եւ յաճախորդները, մեր գործածած «սկզբունք»ին հետեւելով, իրենց յաճախորդներուն կը խաբեն, եւ այսպիսով մեր իսկ հնարած եւ ծախած «սկզբունքը» ձիւնագնդակի նման կը թաւալի, մինչեւ որ օր մը վերստին մեզ գտնէ:
Օրինակի համար՝ պատմեմ դէպք մը, որ հետս պատահեցաւ: Բարեկամիս հետ շապկագործ դերձակի մը գացինք, որպէսզի անոր շապիկ մը կարել տանք: Չափերը առնելէն ետք, շապկագործը մեզ իր գրասենեակը հրաւիրեց սուրճ խմելու համար: Մինչ կը խօսակցէինք, գործատան ընդհանուր պատասխանատուն ներս մտաւ յայտնելու համար, որ հարիւր շապիկներ սխալ կարուած են: «Լաւ մը արդուկեցէք եւ ապա փաթեթաւորելով (ծրարելով) վաճառականին ուղարկեցէք»,- ըսաւ գործատէրը՝ այնպիսի ոճով մը, որ ցոյց կու տար, թէ այդ արարքը սովորական քայլ մըն էր իրենց համար:
Տրամաբանութեան սովորական գիծով՝ վաճառականը իր կարգին ստելով ապրանքը պիտի ծախէ տեղական շուկային:
Եւ այսպէ՛ս, խաբեբայութեան ընթացքը պիտի շարունակուի, մինչեւ որ ան վերադառնայ իր մեկնակէտին:
«Ինչ որ ցանենք, զայն պիտի հնձենք»,- կ’ըսէ առածը:
Հարցը միեւնոյնն է մեր առօրեայ յարաբերութիւններուն եւ հաստատութիւններու մէջ:
Նման վերոյիշեալ կնկան՝ մենք ալ մեր կուրծքերուն սեղմած բարոյականութեան «երեխան» կը սպանենք զայն եւ մեր շրջանակը, եւ ապա՝ կը զարմանանք, թէ ինչո՛ւ աշխարհը հասաւ անբարոյութեան ստորին մակարդակներուն:
Ահաբեկիչ կինը մի քանի անձեր սպաննեց. մինչ առաքինութիւնն ու սկզբունքները հարուածողը սերունդներ կը սպաննէ:
Արդեօք ո՞վ է իսկական ոճրագործը: