ԱՍՏՂԻԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

­Մարտ ամ­սո­ւան գի­շեր մըն էր‚ երբ հան­դի­պե­ցայ Մրք-­Կիլ հա­մալ­սա­րա­նին մէջ ա­ռեւ­տա­րա­կան գի­տու­թիւն­ներ ու­սա­նող կա­պու­տա­չեայ եւ թուխ ե­րի­տա­սար­դի մը։ Ան կը խօ­սէր կտրուկ‚ սա­կայն հասկ­նա­լի անգ­լե­րէն մը։ Երբ ի­րեն հար­ցու­ցի‚ թէ ուր­կէ՛ է, ան պար­զա­պէս պա­տաս­խա­նեց. «­Թուր­քիա­յէն»։ Ան­հանգստու­թիւն։ Ան­հանգս­տու­թիւն մը‚ որ մե­զի՝ հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուս, սոր­վե­ցու­ցին զգալ‚ երբ գտնո­ւինք «ա­նոնց­մէ» մէ­կուն հետ դէմ առ դէմ։ ­Հա­կա­ռակ ա­նոր՝ կը շա­րու­նա­կեմ հե­տը խօ­սիլ։ Ե­րի­տա­սար­դը կը ժպտայ‚ երբ կ­՚ի­մա­նայ‚ որ հայ եմ։ «­Հայրս հայ է։ Ա­նու­նը Ա­ւե­տիս է։ ­Լաւ լուր է այս, չէ՞»։
— Ա­յո՛։ ­Մա՞յրդ ու­րեմն թուրք է:
— Ա­յո՛‚ այդ­պէս է։
Զ­րոյ­ցը կը շա­րու­նա­կո­ւի եւ շու­տով կ­՚ի­մա­նամ‚ ինչ­պէս ա­նոր մա­կա­նու­նը՝ Էր­զու­րու­մօղ­լուն կը վկա­յէ‚ թէ ա­նոր հայ­րը Էրզ­րու­մէն է, հայ­կա­կան հին քա­ղաք մը‚ որ կը կո­չո­ւէր ­Կա­րին… եւ ուր­կէ հօրս մեծ հայ­րը փա­խուստ տո­ւած է ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ըն­թաց­քին‚ հե­տա­գա­յին ինք­զինք գտնե­լով‚ չի յի­շեր, թէ ինչ­պէ՛ս յայտ­նո­ւած է Ե­րե­ւա­նի մէկ որ­բա­նո­ցին մէջ։ «Էր­զու­րում­ցի մըն ես‚ ին­ծի պէս»,- ը­սի ա­նոր։
Այդ օր‚ հայ­րե­նա­կից մը գտնե­լու այս պզտիկ ու­րա­խու­թե­նէն ա­ւե­լի խնդի­րի մը առ­կա­յու­թիւ­նը զգա­ցի. ան­կա­րող ե­ղայ հասկ­նա­լու, թէ այդ կէս հայ ե­րի­տա­սար­դին հայ­րը ինչ­պէ՛ս թուր­քի հետ ա­մուս­նա­ցեր է։ ­Մինչ այդ, մեր հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ‚ այդ ժո­ղո­վուր­դին մէկ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին հետ ա­մուս­նա­նա­լը մե­ծա­գոյն մեղքն է‚ զոր հայ մը կրնայ գոր­ծել։ ­Բայ­ցե­ւայն­պէս‚ Էր­զու­րու­մօղ­լու հայ­րը‚ ըստ ե­րե­ւոյ­թին‚ իր կնոջ թուրք ըլ­լա­լը եւ ինք­զինք ա­ռա­ջին հեր­թին թուրք նկա­տող զա­ւակ մը մեծց­նե­լը հարց չէ նկա­տած։ Ա­հա աս­կէ կը բխէր ան­հանգս­տու­թիւնս. թէ՝ հա­յե­րը ­Թուր­քիոյ մէջ ոչ միայն գրե­թէ ամ­բող­ջու­թեամբ ձու­լո­ւած են‚ այ­լեւ նոյ­նիսկ թուր­քե­րու հետ կ­՚ա­մուս­նա­նան։
***
Ան­ցեալ դա­րու հա­յոց պատ­մու­թեան մէջ բաց­թո­ղում­ներ գո­յու­թիւն ու­նին։ ­Հա­յոց պատ­մու­թիւն ը­սե­լով՝ կը հասկ­նամ պատ­մա­կա­նա­ցու­մը 20րդ ­դա­րու սկիզ­բին՝ ոչ միայն 1915ի ցե­ղաս­պա­նու­թեան‚ այլ նաեւ հա­մի­տեան ջար­դե­րուն‚ ո­րոնք տե­ղի ու­նե­ցած են այդ սեւ թո­ւա­կա­նէն ա­ռաջ‚ եւ ա­նոր յա­ջոր­դող դէպ­քե­րը: Խն­դիր. շատ քիչ կը խօ­սինք ա­նոնց­մէ ետք ­Թուր­քիոյ մէջ՝ հայ­կա­կան պա­պե­նա­կան հո­ղե­րուն վրայ պա­տա­հած­նե­րուն մա­սին։ ­Հայ­կա­կան դպրոց­նե­րու մէջ չենք սոր­վիր ­Թուր­քիոյ մէջ վե­րապ­րիլ յա­ջո­ղած հա­յե­րուն վի­ճա­կին մա­սին։ Կ­՚են­թադ­րենք‚ որ երբ այդ մա­սին չենք խօ­սիր, ու­րեմն բնա­կա­նա­բար այ­լեւս հա­յեր չեն մնա­ցած հոն։ ­Մեր նո­րօ­րեայ պատ­մու­թիւ­նը կը կեդ­րո­նա­նայ ­Պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տա­նի մէկ փոքր մաս­նի­կին վրայ՝ մաս­նա­ւո­րա­բար շու­տով սո­վե­տա­կան դար­ձած Ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ, քիչ մըն ալ ար­տա­սահ­մա­նի մէջ‚ սա­կայն միայն ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն յի­սուն տա­րի ետք սկսո­ւած։ Այս եր­կու բե­ւեռ­նե­րուն մի­ջեւ‚ սո­վո­րա­բար պատ­մո­ւած‚ սփիւռ­քի հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ դա­սա­ւան­դո­ւած պատ­մու­թիւ­նը թե­րի է‚ կար­ծէք պատ­մա­կան յի­շո­ղու­թեան մէջ տա­րի­նե­րու ծանր լռու­թեան տակ թա­ղո­ւած ցա­ւա­լի դէպ­քին հետ խզում մը տե­ղի ու­նե­ցած ըլ­լայ։ ­Վեր­ջերս‚ կարգ մը պատ­մա­բան­ներ աշ­խա­տանք տա­րած են սրբագ­րե­լու այդ թե­րու­թիւ­նը եւ ­Թուր­քիոյ հա­յե­րուն մա­սին բազ­մա­թիւ եր­կեր եւ հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ լոյս տե­սած են։ ­Սա­կայն տա­կա­ւին շատ աշ­խա­տանք կայ կա­տա­րե­լիք։
Ուս­տի՝ հա­յոց պատ­մու­թեան մէջ «­Սու­րի մնա­ցորդ­նե­րուն՝ ­Թուր­քիոյ թաք­նո­ւած եւ իս­լա­մա­ցած հա­յե­րուն» մա­սին ե­ղած բաց­թո­ղում­նե­րը պէտք է ամ­բող­ջա­ցո­ւին: Լ­րագ­րող եւ ըն­կե­րա­բան ­Լո­րանս ­Ռիթ­թըր, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ լու­սան­կա­րիչ ­Մաքս Ս­վազ­լեա­նի, կը ձեռ­նար­կէ փնտռել ­Թուր­քիոյ հա­յե­րը‚ ո­րոնք յա­ճախ ի­րենց իս­կա­կան ինք­նու­թիւ­նը կը պա­հեն եւ փոխ ան­հաս­կա­ցո­ղու­թեան վա­խով լուռ կ­՚ապ­րին։ «­Թա­տէ» հրա­տա­կար­չա­տան կող­մէ հրա­տա­րա­կո­ւած այս գիր­քը լրագ­րա­կան փաս­տագ­րում մըն է ա­նոնց մա­սին‚ ո­րոնք թուր­քե­րու եւ քիւր­տե­րու կող­մէ կը կո­չո­ւին «սու­րի մնա­ցորդ­ներ», եւ ո­րոնք յա­ջո­ղած են ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րիլ եւ շա­րու­նա­կել ­Թուր­քիոյ մէջ ապ­րիլ։ ­Հա­յոց ար­դի պատ­մու­թեան մէջ քիչ կը խօ­սո­ւի կեն­դա­նի մնա­լու հա­մար բռնի իս­լա­մա­ցած հա­յե­րուն մա­սին‚ ինչ ալ ըլ­լան պայ­ման­նե­րը, կար­ծէք այդ ան­ձե­րը այլ կրօ­նի մը պատ­կա­նե­լու­թեամբ կը խան­գա­րեն հայ­կա­կան մշա­կոյ­թը։ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ան­մի­ջա­պէս ետք վե­րապ­րող­նե­րը՝ որ­բե­րը‚ քիւր­տե­րու կող­մէ կին առ­նուած ե­րի­տա­սարդ աղ­ջիկ­նե­րը տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ լռու­թեան դա­տա­պար­տո­ւած են‚ յա­ճախ կը մեր­ժեն ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն հա­յե­րէն սոր­վեց­նել, վախ­նա­լով որ կ­՚եր­թան ի­րենց դրա­ցի­նե­րուն կամ թուրք դա­սըն­կեր­նե­րուն կը պատ­մեն։
Կ­րօ­նը ­Թուր­քիոյ մէջ հա­յե­րուն առն­չու­թեամբ կը ներ­կա­յա­նայ իբ­րեւ հիմ­նա­հարց‚ ա­նի­կա տար­բեր եւ իւ­րա­յա­տուկ մի­ջոց­նե­րով կը կի­րար­կո­ւի։ ­Զար­մա­նա­լի չէ տես­նել տար­բեր կրօն­նե­րու հե­տե­ւող եր­կու եղ­բայր­ներ կամ եր­կու զար­միկ­ներ՝ մէ­կը իս­լամ‚ եր­բեմն ջեր­մե­ռանդ հա­ւա­տա­ցեալ‚ միւ­սը ա­ռա­ջին ա­ռի­թին իսկ քրիս­տո­նեայ դար­ձած, ու­րիշ­ներ կը ներ­կա­յա­նան իբ­րեւ ան­հա­ւատ­ներ, ո­մանք նոյ­նիսկ ա­լե­ւի դար­ձած, ո­մանք ի­րենց թրքա­կան ան­ցագ­րին մէջ «իս­լամ» կար­գա­վի­ճակ ու­նին‚ սա­կայն ե­կե­ղե­ցի կը յա­ճա­խեն, իսկ «քրիս­տո­նեայ»ի կար­գա­վի­ճակ ու­նե­ցող ու­րիշ­ներ սո­վո­րու­թե­նէ մղուած մզկիթ կ­՚եր­թան։ Ք­րիս­տո­նեայ հայ մը իս­լամ հա­յու­հի մը կ­՚առ­նէ իբ­րեւ կին‚ եւ հա­կա­ռա­կը։ ­Պատ­կե­րը ու­րեմն յստակ ու­ղե­գի­ծեր չու­նի։ ­Սա­կայն Ա­նա­տո­լո­ւի մէջ յա­ճախ այդ թաք­նո­ւած հա­յե­րը կը փոր­ձեն ի­րենց «հայ­կա­կա­նու­թիւն»ը պահ­պա­նել այլ հա­յե­րու հետ ա­մուս­նա­նա­լով, պահ­պա­նե­լով ա­րիւ­նակ­ցու­թեան եօ­թը պոր­տի հե­ռա­ւո­րու­թեան կա­նո­նը։
­Թաք­նո­ւած հա­յե­րու ի­րա­վի­ճա­կը կը տար­բե­րի ըստ շրջան­նե­րու‚ այդ մէ­կը ընդ­հան­րա­պէս բա­ցա­յայ­տօ­րէն ըն­դու­նո­ւած է ա­նոնց հա­մայն­քին կամ գիւ­ղին կող­մէ՝ ար­հա­մար­հան­քով եւ ա­տե­լու­թեամբ։ Ա­նոնց եր­կա­կի ինք­նու­թիւ­նը յստակ չէ‚ սա­կայն կրօ­նը այս մար­դոց հա­մար ար­գելք չի հան­դի­սա­նար ի­րենք զի­րենք հայ զգա­լու։ Ա­սի­կա բա­ւա­կան խորթ կը թո­ւի մաս­նա­ւո­րա­բար ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ մեր լսած խօս­քե­րէն մեկ­նե­լով‚ ըստ ո­րոնց հա­յը ա­ռա­ջին հեր­թին քրիս­տո­նեայ է։ Ա­նա­տո­լեան այս մեծ պատ­կե­րին մէջ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող տար­բեր պատ­մուածք­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն ա­ւե­լի հա­մաշ­խար­հա­յին ինք­նու­թիւն մը ըմբռ­նե­լու հար­ցին դէմ յան­դի­ման կը գտնենք մենք զմեզ, թէ հա­յը միայն քրիս­տո­նեա՞յ է։ Ե­թէ ա­յո՛‚ ա­պա 301ին մեր ազ­գո­վին կրօ­նա­փոխ ըլ­լա­լէն ա­ռաջ հա­ւա­քա­բար ի՞նչ էինք։
Այս իս­կա­կան պատ­մու­թիւն­նե­րը կար­դա­լով կը նկա­տենք‚ որ հա­յե­րու բռնի իս­լա­մա­ցու­մը (կրօն մը‚ որ եր­բեմն կ­՚ըն­դու­նին իբ­րեւ ի­րեն­ցը) չ­՚ազ­դեր ա­նոնց «հայ­կա­կա­նու­թեան» գի­տակ­ցու­թեան‚ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու փլա­տակ­նե­րը պաշտ­պա­նե­լու‚ ի­րենց պատ­մու­թիւ­նը ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն փո­խան­ցե­լու եւ այլ շրջան­նե­րու հա­յե­րուն ա­ջակ­ցե­լու փա­փա­քին վրայ։ ­Կարգ մը իս­լա­մա­ցած հա­յեր «­Հայր ­Մեր»ը կ­՚ը­սեն‚ կը խա­չակն­քեն սո­վո­րու­թե­նէ մղո­ւած կամ ո­րով­հե­տեւ տե­սած են մեծ մօր մը խա­չակն­քե­լը, եւ կը զգան‚ որ այդ­պի­սով կը պա­տուեն այդ մեծ մայ­րը, ա­նոր ապ­րած դժո­ւար ան­ցեալն ու ի­րենց մոռ­ցո­ւած հա­սա­րա­կաց պատ­մու­թիւ­նը։ ­Կա­ցու­թիւ­նը կը տար­բե­րի ­Պո­լիս ապ­րե­լու պա­րա­գա­յին կամ գիւ­ղա­կան շրջան։ Այն հա­յե­րը‚ ո­րոնց հետ ­Ռի­թըր հար­ցազ­րոյց ու­նե­ցած է, յա­ճախ կը գան­գա­տին‚ որ պոլ­սա­հա­յե­րու կող­մէ իբ­րեւ օ­տար կը դի­տո­ւին։ Ըստ քա­ղա­քի բնա­կիչ­նե­րուն‚ այս հա­յե­րը ի­րենց կրօն­քին ու լե­զո­ւին հետ ո­րե­ւէ կապ չու­նին‚ ուս­տի ինչ­պէ՞ս կը յա­ւակ­նին հայ ըլ­լալ։
Ո­մանց հա­մար‚ Սու­րի մնա­ցորդ­նե­րը յայտ­նու­թիւն մըն են‚ դժո­ւար հասկ­նա­լի, խան­գա­րող եւ եր­բեմն ծան­րակ­շիռ։ Ու­րիշ­նե­րու հա­մար‚ այս մէ­կը ա­ռիթ կ­՚ըն­ծա­յէ լրջօ­րէն խո­կա­լու 21րդ ­դա­րու հայ­կա­կան ինք­նու­թեան շուրջ. ինք­նու­թիւն մը‚ որ ըստ ե­րե­ւոյ­թին, յա­րա­փո­փոխ է, ինք­նու­թիւն մը, որ ան­շարժ չէ:
­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ըն­թաց­քին տես­նո­ւած եւ ապ­րո­ւած բռնա­րարք­նե­րէն ետք‚ կը թո­ւէր, թէ յի­շո­ղու­թիւնն ալ սպան­նո­ւած էր. չէինք ու­զեր յի­շել մեր եղ­բայր­նե­րուն‚ քոյ­րե­րուն‚ ծնող­նե­րուն եւ բա­րե­կամ­նե­րուն կո­րուս­տը‚ հայ ծնած ըլ­լա­լու ի­րո­ղու­թիւ­նը կ­՚ու­զէինք մտա­հան ը­նել։ ­Բայ­ցե­ւայն­պէս‚ այդ նոյն յի­շո­ղու­թիւ­նը դան­դա­ղօ­րէն‚ սա­կայն հաս­տատ կեր­պով կը յայտ­նո­ւի։ ­Մաքս Ս­վազ­լեա­նի ջերմ գոյ­նե­րով եւ տպա­ւո­րիչ հա­կադ­րու­թիւն­նե­րով լի լու­սան­կար­նե­րով զար­դա­րո­ւած այս գիր­քը կար­դա­լը ոչ միայն իւ­րա­քան­չիւր հա­յու հա­մար պար­տա­դիր պէտք է ըլ­լայ՝ ա­ւե­լի լաւ հասկ­նա­լու հա­մար իր սե­փա­կան մշա­կոյ­թի հսկա­յու­թիւնն ու բազ­մա­զա­նու­թիւ­նը‚ այլ նաեւ բո­լո­րին հա­մար՝ իբ­րեւ ըն­կե­րա­բա­նա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն, մշա­կոյթ­նե­րու բա­խու­մի‚ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու կա­ցու­թեան‚ լե­զո­ւի եւ կրօ­նի սահ­ման­նե­րու եւ մարդ­կա­յին գո­յու­թեան ա­նո­րո­շու­թիւն­նե­րուն շուրջ ու­սում­նա­սի­րու­թեան ա­ռար­կայ։

(Այս յօ­դո­ւա­ծին ֆրան­սե­րէն բնա­գի­րը լոյս տե­սած է «­Հո­րի­զոն»ի 2016 թո­ւա­կա­նի բա­ցա­ռիկ թի­ւին մէջ)