Հ.Յ.Դ. ­Ֆիք­սի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ­Կո­մի­տէու­թեան քա­րոզ­չա­կան յանձ­նա­խում­բի ա­մուր ու սերտ կա­պե­րուն ար­դիւնք է 30 տա­րո­ւան շա­րու­նա­կա­կան հայ­կա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը Ա­տի­կէի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ա­մէ­նէն հե­ղի­նա­կա­ւոր փա­ռա­տօն­նե­րէն մէ­կուն՝ «Իո­նի­քէս Եոր­թէս» փա­ռա­տօ­նին:
Այս տա­րո­ւան ե­րե­կոն տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 3 ­Հոկ­տեմ­բե­րին, ­Նէա Զ­միռ­նիի «Ալ­սոս» պու­րա­կէն ներս, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հ.Յ.Դ. ­Ֆիք­սի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ­Կո­մի­տէու­թեան քա­րոզ­չա­կան յանձ­նա­խում­բին ու հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ ­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին:
Ե­րե­կո­յին ներ­կայ էին ­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պետ Ս­թաւ­րոս ­Ծու­լա­քիս, քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի մշա­կոյ­թի եւ աթ­լե­թիզ­մի նա­խա­գահ փոխ-քա­ղա­քա­պետ ­Վան­կե­լիս ­Խա­չա­տու­րեան, մա­մու­լի եւ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու՝ փոխ-քա­ղա­քա­պե­տու­հի Ք­լէ­րի ­Տէ­լիեա­նի եւ քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուր­դի ան­դամ­ներ ­Նա­սոս Ա­թա­նա­սիու եւ ­Նո­թիս Եան­ծի­տիս:
­Բա­ցու­մը կա­տա­րեց ընկ. ­Նա­նոր Էր­ջէ­նեան, որ ի մի­ջի այ­լոց անդ­րա­դար­ձաւ եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու դա­րե­րու եղ­բայ­րա­կան կա­պե­րուն, ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի դէմ վեր­ջին շրջա­նին ա­զե­րի­նե­րու ոտնձ­գու­թիւն­նե­րուն ու հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դար պա­հան­ջա­տի­րու­թեան:
Ե­րե­կո­յին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին «­Հա­մազ­գա­յին»ի «­Նա­յի­րի», «­Նա­նոր», «­Մա­րա­լօ» եւ — այս տա­րի նո­րու­թիւն էր — «­Հա­մազ­գա­յին»ի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Ղա­զա­րոս ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի «­Մա­սիս» պա­րա­խումբ­նե­րը, ո­րոնք ըն­դա­ռա­ջե­լով ­Կո­մի­տէի հրա­ւէ­րին՝ մաս­նակ­ցե­ցան ե­լոյ­թին:
­Պա­րե­րու ըն­թաց­քին մէջ ընդ մէջ հնչե­ցին հայ­կա­կան եր­գեր, ո­րոնց մաս­նակ­ցե­ցան ­Ռո­զի­նա ­Մար­տի­րո­սեան՝ երգ, ­Յով­սէփ ­Թո­փա­լեան՝ երգ եւ կի­թառ, ­Ռա­ֆա­յէլ ­Վար­դա­զա­րեան՝ երգ եւ կի­թառ, ­Յա­րութ ­Պօ­ղո­սեան՝ ջու­թակ:
100 հո­գիի շուրջ պա­րա­խումբ­նե­րու տղաքն ու աղ­ջիկ­նե­րը եւ նո­ւա­գա­խում­բի ան­դամ­նե­րը շա­րու­նա­կա­կան ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով գնա­հա­տո­ւե­ցան՝ 1000 հո­գիի շուրջ հայ եւ յոյն հա­սա­րա­կու­թեան կող­մէ:
Ե­լոյ­թի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բա­ժի­նը ստանձ­նած էր «­Հա­մազ­գա­յին»ի պա­րա­խում­բի պա­րու­սոյց Էտ­կար Է­կեան: Ե­լոյ­թէն օր մը ա­ռաջ, Հ.Յ.Դ. «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ­Կո­մի­տէու­թեան քա­րոզ­չա­կան յանձ­նա­խում­բը, «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բի «Թ. եւ Ռ. Ա­ւե­տի­քեան» սրա­հէն ներս, հիւ­րա­սի­րե­ցին «­Նա­յի­րի» եւ «­Մա­սիս» պա­րա­խումբ­նե­րը ու պա­րա­խումբ­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը: ­Բո­լոր ներ­կա­նե­րը մին­չեւ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րը, հայ­կա­կան եր­գե­րով ու պա­րե­րով զո­ւար­ճա­ցան ու ան­մո­ռա­նա­լի ե­րե­կոյ մը ան­ցու­ցին:
­Վարձ­քը կա­տար բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք սա­տա­րե­ցին այս տա­րի եւս տպա­ւո­րիչ ներ­կա­յու­թեամբ մը հան­դէս գա­լու սոյն փա­ռա­տօ­նին:

Թղ­թա­կից