­Լուրջ հար­ցա­կան մը դրո­ւած է մեր առ­ջեւ։
­Մինչ ամ­բողջ աշ­խար­հը կը պատ­րաս­տո­ւի աս­տի­ճա­նա­բար, բայց դան­դաղ քայ­լե­րով, մտնել բնա­կա­նոն կեան­քին հու­նին մէջ, ա­պա­գան տա­կա­ւին ա­նո­րոշ կը մնայ։ ­Փոր­ձա­գէտ­նե­րու վեր­լու­ծում­նե­րը ի վի­ճա­կի չեն յստակ պատ­կեր մը տա­լու, թէ ինչ­պէս աշ­խար­հը պի­տի ըն­թա­նայ Պ­սա­կա­ձեւ ժահ­րի ներ­կա­յու­թեան, կամ ա­նոր հա­ւա­նա­կան բռնկու­մի ազ­դե­ցու­թեան տակ։
Եւ մինչ պե­տու­թիւն­նե­րը եւ կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րը պի­տի փոր­ձեն լու­ծում­ներ գտնել, նոր ձե­ւեր կի­րար­կել, մարդ­կա­յին կեան­քի եւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու նոր պայ­ման­նե­րուն լոյ­սին տակ տար­բեր հա­մա­կարգ մը ստեղ­ծել, ա­հա՛ նոր հար­ցա­կան­ներ կը ստեղ­ծո­ւին մեր գա­ղու­թա­յին գոր­ծու­նէու­թեան ա­պա­գա­յին եւ նոր պայ­ման­նե­րուն ճկուն ձե­ւով հա­մա­կեր­պե­լու մա­սին։
­Բազ­մա­տե­սակ են հար­ցա­կան­նե­րը, իս­կա­պէս ան­նա­խա­դէպ է ստեղ­ծո­ւած ի­րա­վի­ճա­կը, հա­ւա­նա­բար՝ պա­հան­ջուած լու­ծում­ներն ու քայ­լե­րը դիւ­րին չըլ­լան։
­Մեր գա­ղու­թը, տե­ղա­կան ըն­կե­րու­թեան մաս­նիկ մը ըլ­լա­լով, են­թա­կայ է հա­ւա­քա­կան կեան­քի կա­նոն­նե­րուն եւ գոր­ծե­լա­ձե­ւին։ Վս­տա­հա­բար, այն­պէս ինչ­պէս պա­տա­հե­ցաւ ­Պա­կա­ձեւ ժահ­րի տա­րած­ման ա­ռա­ջին օ­րե­րուն՝ ամ­բող­ջա­կան սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րու կի­րար­կու­մով, ո­րոնք ի զօ­րու դար­ձան նաեւ մեր գա­ղու­թա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն — ե­կե­ղե­ցի, վար­ժա­րան, ա­կումբ — հա­մար, այ­լեւս, աս­տի­ճա­նա­կան մեղ­մաց­ման նոր կա­նոն­նե­րու գոր­ծադ­րու­թիւ­նը պար­տադ­րա­կան պի­տի դառ­նայ մեր հա­ւա­քա­վայ­րե­րէն ներս եւս։
­Սա­կայն, տա­կա­ւին հար­ցա­կան կը մնայ մեր գա­ղու­թի ա­ւան­դա­կան գոր­ծու­նէու­թեան ա­պա­գան։
Ա­ւան­դա­բար ի­րա­գոր­ծո­ւող գոր­ծու­նէու­թեան լուրջ մաս մը եւ կարգ մը ե­լոյթ­ներ մին­չեւ այ­սօր կա­րե­լի չէ ծրագրել ու ի­րա­գոր­ծել։ Դպ­րո­ցա­կան ա­մա­վեր­ջի հան­դէս­նե­րը, ա­ւար­տա­կան պտոյտ­նե­րը, ա­շա­կեր­տու­թեան ­Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թիւ­նը, «­Հա­մազ­գա­յին»ի մշա­կու­թա­յին հա­մոյթ­նե­րը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաու­տա­կան ու Հ.Յ.Դ. պա­տա­նե­կան բա­նա­կում­նե­րը, ներ­կա­յիս բո­լորն ալ ա­նո­րոշ ի­րա­կա­նու­թեան մը մէջ կը շա­րու­նա­կեն մնալ։ Բ­նա­կա­նա­բար, կա­րե­լի չէ այ­սօր իսկ ա­նոնց մա­սին մտա­ծե­լով հապ­ճեպ եզ­րա­յան­գում­նե­րու հաս­նիլ։ ­Հա­ւա­նա­բար, ժա­մա­նագ­րա­կան ա­ռու­մով ա­մէ­նէն մօ­տիկ ծրա­գիր­նե­րը չի­րա­կա­նան, ա­նոնց­մէ մաս մը աշ­նան վե­րա­մու­տին ի­րա­գոր­ծո­ւի, իսկ մաս մըն ալ չե­ղեալ նկա­տե­լով, ծրագ­րել յա­ջորդ տա­րո­ւան հա­մար։
Ա­ռա­ջին հեր­թին, այս բո­լոր ծրա­գիր­նե­րը կա­պո­ւած են մեր պա­տա­նի եւ ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դին հետ։ Ա­նոնց, ո­րոնք մե­կու­սաց­ման այս եր­կար շրջա­նին զրկո­ւե­ցան ի­րենց բա­րե­կամ­նե­րը եւ դա­սըն­կեր­նե­րը տես­նե­լէ հայ­կա­կան մի­ջա­վայ­րին մէջ, հա­ւա­նա­բար՝ պի­տի զրկո­ւին նաեւ իւ­րա­յա­տուկ այն ա­ռիթ­նե­րէն, ո­րոնք ի­րենց հո­գեմ­տա­ւոր զար­գաց­ման, ըն­կե­րա­յին կա­պե­րու ամ­րապնդ­ման, հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան ամ­բող­ջաց­ման լա­ւա­գոյն պա­հերն են, որ ան­համ­բեր կը սպա­սեն ա­մէն ա­մառ։
­Մա­յի­սի կի­սուն, ըստ պե­տա­կան ո­րո­շու­մին, ե­կե­ղե­ցի­նե­րը դար­ձեալ հա­ւա­քա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին մէջ պի­տի մտնեն։ ­Կը սպա­սո­ւի, որ ժո­ղո­վուր­դը Պ­սա­կա­ձեւ ժահ­րի ստեղ­ծած ճնշիչ պայ­ման­նե­րէն խոյս տա­լու բաղ­ձան­քով, հո­գե­կան բա­ւա­րա­րու­թիւն պի­տի վե­րագտ­նէ մեր հո­գե­ւոր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն մէջ։ ­Հոն եւս, հար­ցա­կա­նի տակ կը դրո­ւի հա­ւա­քա­բար ի­րար տես­նե­լու, շփո­ւե­լու, ի­րար կա­րօ­տը առ­նե­լու ի­րա­կա­նու­թիւ­նը։ ­Պատ­րա՞ստ ենք կա­նոն­ներ որ­դեգ­րե­լու։ ­Պի­տի կա­րո­ղա­նա՞նք ըլ­լալ զուսպ, մնալ անհ­րա­ժեշտ հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ, ձեռ­նոց­նե­րու եւ դի­մակ­նե­րու գոր­ծա­ծու­թեամբ։
­Խո­րա­պէս ազ­դո­ւած է մեր ա­կումբ­նե­րու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Այ­լեւս խօսք չի կրնար ըլ­լար սկաու­տա­կան եւ պա­տա­նե­կան աշ­խա­տանք­նե­րու մա­սին։ Ա­նոնց կող­քին, մար­զա­կան կեանքն ալ կանգ ա­ռած է ու բնա­կա­նա­բար՝ մին­չեւ ա­շուն կա­րե­լի չէ մտա­ծել փոր­ձե­րու եւ մրցում­նե­րու մա­սին։ ­Միու­թե­նա­կան ժո­ղով­նե­րու գու­մա­րու­մը տա­կա­ւին ա­նո­րոշ կը մնայ։ ­Հար­ցա­կա­նի տակ է նաեւ ըն­կե­րա­յին հա­ւաք­նե­րու ըն­թաց­քը, ա­նոնք՝ ո­րոնք ըն­տա­նիք­ներ եւ բա­րե­կամ­ներ ի­րար մօտ կը բե­րեն ա­կում­բի հա­յա­բոյր մթնո­լոր­տին մէջ։
­Բազ­մա­տե­սակ հար­ցա­կան­նե­րը ճնշիչ կը թո­ւին ըլ­լալ մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քին հա­մար։ ­Մին­չեւ այ­սօր, գա­ղու­թա­յին գոր­ծու­նէու­թիւ­նը մա­սամբ ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ հե­ռա­վար աշ­խա­տան­քով, սա­կայն մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քը հա­մա­կար­գիչ­նե­րու եւ ե­լեկտ­րո­նա­յին պաս­տառ­նե­րու աշ­խարհ մը չէ։ Այն, հա­ւա­քա­բար խմբո­ւե­լու, ի­րար հո­գե­պէս ու ազ­գայ­նօ­րէն սնու­ցա­նե­լու եւ միաս­նա­բար ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու հրա­մա­յա­կանն է, որ այ­սօր խախ­տած է։
Ազ­գա­յին եւ հա­սա­րա­կա­կան մեր կա­ռոյց­նե­րը լուրջ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու առ­ջեւ կը գտնո­ւին։ Ա­նոնք պար­տա­ւոր են կշռել ու դա­տել բո­լոր տո­ւեալ­նե­րը, բնա­կա­նոն եւ ա­ւան­դա­կան գոր­ծե­լաո­ճին վե­րա­դառ­նա­լու ակն­կա­լու­թեամբ։ Վս­տա­հա­բար, այս տո­ղե­րէն ա­ւե­լի, հո­գե­ւոր եւ աշ­խար­հա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն մօտ մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը քննար­կե­լու եւ լու­ծում­ներ փնտռե­լու օ­րա­կար­գը սե­ղան­նե­րուն վրայ ծա­ւա­լե­լու ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն դար­ձած է։
Պ­սա­կա­ձեւ ժահ­րի ներ­կա­յու­թիւ­նը վա­խի ու սար­սա­փի մթնո­լոր­տի ստեղ­ծու­մէն ան­դին, թող չվհա­տէ մեզ։ Ինչ­պէս որ մարդ­կա­յին կեան­քը կը շա­րու­նա­կուի, այնպէս ալ՝ բո­լորս հա­ւա­քա­բար պար­տա­ւոր ենք մտա­ծել մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քին մա­սին, ա­նոր յա­ջորդ օ­րո­ւան դի­մագ­րա­ւե­լիք մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն մա­սին, մեր բո­լոր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն բա­րո­յա­պէս եւ նիւ­թա­պէս զօ­րա­վիգ կանգ­նե­լու հրա­մա­յա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին, վա­ղո­ւան օ­րը ա­ւե­լի հա­յա­վա­յել, ա­ւե­լի հայ­կա­կան, ա­ւե­լի ըն­կե­րա­յին դարձ­նե­լու մա­սին։
­Բո­լորս՝ հա­ւա­քա­բար, պար­տա­ւոր ենք մտա­հո­գու­թեան հար­ցա­կան­նե­րը վե­րա­ծել մեր հա­մայն­քի ա­պա­գա­յին հա­մար յու­սադ­րիչ մտա­ծում­նե­րու, որ­պէս­զի ե­ռան­դով եւ ստեղ­ծա­գործ ո­գիով դար­ձեալ ի­րար­մով վե­րապ­րինք մեր ազ­գա­յին օ­ճախ­նե­րէն ներս։


«ԱԶԱՏ ՕՐ»