ՄԱՅՏԱ ՊԱՐԱԶԵԱՆ
Երբ «Կնոջական» մեր Էջի յանձնախումբը դիմեց ինծի՝ հարց տալով, թէ ինչպիսի՞ յուշեր ունիմ Հ. Կ. Խաչի մէջ իմ գործունէութենէս, մտքիս մէջ շատ բան անցաւ, ուր ամէնէն հիմնականը այն տիրապետող գաղափարն էր, թէ Հայ Կապոյտ Խաչի գործը հսկայ խճանկար մըն է, ուր փոքրիկ-փոքրիկ խիճեր իրենց կարեւորութեամբ գործին իմաստ կու տան, իսկ Հ. Կ. Խաչը՝ այն մեծ ընտանիքը, ուր ամէն մէկ անդամ իր դերակատարութեամբ ու աշխուժութեամբ կ’արժեւորէ իր ներկայութիւնը։
Մեր շարքերուն մէջ բոլոր տարիքի ընկերուհիներ կը գործեն, բայց տարիքային իւրայատուկ հաւասարութիւն մը կայ, ուր բոլորս նոյն յարգանքը կը վայելենք եւ կը վայլեցնենք, նոյնչափ եւ աւելի՛ օգտակար ու հպարտ զգալով մեր ըրածին համար։
Երիտասարդութեանս տարիներուն մօտէն ծանօթ չէի Հ. Կ. Խաչի գործին։ Ծանօթ էի սակայն իմ մեծ մայրիկիս՝ Ազատուհի Դանիէլեանի բարեգործական նախաձեռնութիւններուն, որոնց համար ան շնորհաւորագիր մը ստացած էր Միջազգային Կարմիր Խաչին կողմէ։ Սակայն այդպէս պատահեցաւ, երբ 1983ին Փարիզ կը գտնուէի, որպէս դիտորդ ներկայ գտնուելու Հ.Օ.Մ.ի Համահայկական ժողովին, որ ինծի համար մեծ յայտնաբերում մըն էր։ Շատ ոգեւորուած զգացի, բոլորովին նոր պատկերի մը առջեւ գտնուելով եւ գիտակցելով Հ.Օ.Մ.ի կարեւոր առաքելութեան։
Աթէնք վերադառնալով՝ վարչական անդամ դարձայ եւ այդ օրէն ի վեր սկզբնական այդ ոգեւորութիւնս երբեք չկորսնցուցի։ Միշտ կը խորհէի, թէ մեր ազգային հպարտութիւնը կը բխի մեր ազգի արժէքներէն, մեր աւանդութիւններէն, մեր պատմութենէն եւ հպարտ կը զգայի, ազգային մեր բարձր մակարդակին համար։
Վերջ ի վերջոյ, մենք հայերս՝ վերապրածներու ազգ մըն ենք, եւ մենք կիներս՝ մեր ազգին խնամակալները։ Ցեղասպանութենէ վերապրած ըլլալու իրողութիւնը մեր արեան մէջ անցած է եւ կ’ապրինք ու կը գործենք ա՛յս մտածումով, գիտակցաբար թէ ոչ։ Այս հոգատարութիւնն է՝ մեր ազգին ու մեր ընտանիքին հանդէպ, որ մարմին կը ստանայ Հայ Կապոյտ Խաչին մէջ գործելով։
Սիրելի այս միջավայրին մէջ գտնուելով՝ իմ մէջ կազմաւորուեցաւ նաեւ միութենականի զօրաւոր հասկացողութիւնը։ Որովհետեւ ծառայել՝ ինծի համար կը նշանակէ գիտելիքներդ արդիւնաբերել, հաւաքական գործը յաջողցնելու նպատակով։ Որովհետեւ բոլորս ունինք գիտելիքներ, թէ՛ մեր աշխատանքին, թէ մեր ուսումին, կամ կեանքի ձեւի բերումով եւ այս գիտելիքները մեր ժողովուրդին ի սպաս դնելու հնարաւորութիւնը ամէնէն գոհացուցիչ զգացումը կը բերէ մեզի։
Չեմ կրնար ըսել, որ տկար կողմեր չկան մեր համակարգին մէջ։ Բայց կը կարծեմ, թէ ծառայել եթէ կ’ուզես, վստահաբար զանոնք յաղթահարելու ձեւը կը գտնես։
Շատ կը գնահատեմ հին ընկերուհիներուն տարած աշխատանքը, երբ դժուար պայմաններու մէջ, մեծ զոհողութիւններով, մեզի համար աներեւակայելի տարբեր պայմաններու տակ, հիմքերը կը դնէին այս հսկայ խնամատարական-բարեսիրական գործին։ Եւ կ’ուզեմ շեշտել, թէ այս երկու հիմնական բաժիններէն շատ կարեւոր յանձնառու գործիչի բաժին մըն ալ ունի Հ. Կ. Խաչը, ընկերային եւ հասարական հարցերու մէջ իր զօրաւոր ձայնը եւ իր գործօն դերակատարութիւնը բերելու համար։
Լաւատես եւ դրական մօտեցումով տեսնելով մեր միութեան ապագան՝ առիթներ պէտք է տանք նոր գաղափարներուն ու արդի գործելաձեւերուն, առանց արհամարհելու նորութիւնները, այլ՝ փոփոխուող աշխարհի մը մէջ յարմարելու նպատակով։ Յաջորդ սերունդները ներգրաւելու կարեւոր ազդակ կը համարեմ այս սկզբունքը՝ իրարու հանդէպ նոյն յարգալիր վերաբերմունքով, զոր մենք սորվեցանք մեր միութեան մէջ։ Ժամանակին, Կապոյտ-Խաչեան կ’ըլլային երիտասարդ տիկինները, իրենց ամուսնութենէն անմիջապէս ետք։
Բայց ո՞վ կ’ըսէ, որ շատ երիտասարդը նոյնիսկ իրեն ներշնչող գործ ու միջավայր չի գտներ Հ. Կ. Խաչին մէջ։ Ընդհակառակն՝ գործը ինքն է, որ նոր միտքեր ու գործելաձեւներ կը պարտադրէ, եւ այս՝ կապակցուած է ալ աւելի երիտասարդ տարիքաւորներու ներգրաւումին հետ։ Ես կը հաւատամ «խառնուած ջուրերու» կարեւորութեան, այնպէս՝ ինչպէս նոր միւռոնը հինին մէջ կը խառնուի, ամէն մէկը իր կարեւորութեան մէջ մնալով հանդերձ։ Եւ այս իրականութիւնը կը տեսնենք Հ.Օ.Մ.ի համաշխարհային օղակին մէկ փոքրիկ օղակը դարձած ըլլալով։ Տեսնելով՝ թէ ինչպէ՜ս ամբողջ աշխարհի մէջ իրարու կը միանանք Հ.Օ.Մ.ականներս, երբ նոյն գաղափարին կը ծառայենք մեր ամբողջ սիրտով ու հոգիով։
Գիտէ՞ք, անցեալ ամիս Երեւան գտնուեցայ, Հայաստանի մէջ գումարուած խորհրդաժողովին։ Նկատեցի, թէ ներկայ եղող Հ.Օ.Մ.ուհիներու մեծամասնութիւնը կը հետեւէր հայապահպանման նիւթին նուիրուած նիստին, ինչ որ բնաւ պատահական չէ, ըստ ինծի։ Որովհետեւ այս է մեզ բոլորս միացնող կարեւորագոյն ազդակը, որ ոգի կուտայ մեր ընդհանուր աշխատանքին։