­Հա­յա­գի­տու­թիւ­նը եւ ընդ­հան­րա­պէս հա­յու­թիւ­նը՝ աշ­խար­հի քիչ մը ա­մէն կողմ, գլխա­ւո­րա­բար կեդ­րո­նա­ցած են ­Մեծ Ե­ղեռ­նի եւ յա­ջոր­դող տա­րի­նե­րու քա­ղա­քա­կան դէպ­քե­րուն վրայ։ ­Սա­կայն, նա­խա-Ե­ղեռ­նեան շրջա­նի Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան հա­յոց կեան­քը գրե­թէ չէ պե­ղո­ւած։ Ե­թէ կոր­սո­ւած ան­ցեալ մը պի­տի ող­բանք, ար­դեօք պէտք չէ՞ ծա­նօթ ըլ­լանք կոր­սո­ւա­ծին։ 2011ին հիմ­նո­ւած «­Յու­շա­մա­տեան» ծրա­գի­րը ուղ­ղո­ւած է ի­մա­ցու­թեան ու յի­շո­ղու­թեան այս հսկայ բա­ցը գո­ցե­լու։ «­Յու­շա­մա­տեան»ի ու իր կայ­քէ­ջին նպա­տակն է օս­մա­նեան հա­յե­րու ա­մէ­նօ­րեայ կեան­քի ու ըն­կե­րա­յին մի­ջա­վայ­րի բազ­մա­կող­մա­նի վե­րա­կա­ռու­ցու­մը։ ­Յօ­դո­ւած­նե­րու կող­քին, կայ­քէ­ջը կ­՚օգ­տա­գոր­ծէ բազ­մա­թիւ այլ մի­ջոց­ներ, ինչ­պէս պատ­մա­կան ար­ժէ­քով ե­րաժշ­տա­կան ձայ­նագ­րու­թիւն­ներ, բա­նա­ւոր պատ­մու­թիւն­ներ, լու­սան­կար­ներ, ֆիլ­մեր, քար­տէս­ներ, podcast-ներ եւ այլն։ «­Յու­շա­մա­տեան» նաեւ հրա­տա­րա­կած է անգ­լե­րէն հա­տոր-ալ­պոմ մը՝ «Օս­մա­նեան հա­յեր. կեանք, մշա­կոյթ, ըն­կե­րու­թիւն» (Ottoman Armenians: Life, Culture, Society), որ ա­կա­դե­մա­կան յօ­դո­ւած­ներ եւ հա­րիւ­րա­ւոր նկար­ներ կը պա­րու­նա­կէ։
Այս նիւթի մասին դա­սա­խօ­սու­թիւ­ն մը ներ­կա­յա­ցու­ցին տոքթ. Էլ­քէ ­Հարթ­ման եւ տոքթ. ­Վա­հէ ­Թաշ­ճեան՝ «­Յու­շա­մա­տեան» ծրագ­րի գլխա­ւոր հիմ­նա­դիր­նե­րը։ ­Տոքթ. ­Հարթ­ման՝ ա­ւագ գի­տաշ­խա­տող  Ludwig Maximilian Universityի մէջ (­Միւ­նիխ), մաս­նա­գի­տա­ցած է ար­դի օս­մա­նեան եւ հա­յոց պատ­մու­թեան մէջ։ ­Տոքթ. ­Թաշ­ճեան ներ­կա­յիս «­Յու­շա­մա­տեան» կայ­քէ­ջի գլխա­ւոր խմբա­գիրն է։ Ան հրա­տա­րա­կած է շարք մը ա­կա­դե­մա­կան յօ­դո­ւած­ներ Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան վեր­ջին շրջա­նի հա­յու­թեան մա­սին։ ­Դա­սա­խօ­սու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պած էր ­Հա­յա­գի­տա­կան Ուս­մանց Ծ­րագ­րի տնօ­րէն տոքթ. Գ­րի­գոր ­Մոս­կո­ֆեա­նը, իսկ ձեռ­նար­կի ա­տե­նա­վարն էր ­Վազ­գէն ­Դա­ւի­թեան՝ տոք­թո­րա­կան թեկ­նա­ծու Birkbeck-ի մէջ (University of London)։
­Տոքթ. Էլ­քէ ­Հարթ­ման սկիզ­բը ընդգ­ծեց, թէ կը պակ­սին հե­տա­զօ­տու­թիւն­ներ հա­յոց կեանքն ու շրջա­նի ու­րիշ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հետ ա­նոնց յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին, ինչ որ ըն­դար­ձակ բաց մը ստեղ­ծած։ Ա­նա­ռար­կե­լի է հա­յոց դե­րը Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան ու մշա­կու­թա­յին կեան­քին մէջ։ ­Հա­յա­լե­զու աղ­բիւր­նե­րու տպա­ւո­րիչ հարս­տու­թիւ­նը ներ­կա­յիս ան­գոր­ծա­ծա­կան կը մնայ, թէեւ կրնայ լու­սա­բա­նել օս­մա­նեան շրջա­նը ­Փոքր Ա­սիոյ եւ Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի մէջ։  ­Տոքթ. ­Հարթ­ման դի­տել տո­ւաւ, որ օս­մա­նեան հա­յե­րու հան­դէպ հե­տաքրքրու­թեան վե­րա­կեն­դա­նա­ցու­մը դեր պի­տի խա­ղայ իբ­րեւ ժխտո­ղա­կան պատ­մու­թեան պա­տաս­խան ­Թուր­քիոյ հան­րա­պե­տու­թեան մէջ, քա­նի որ վէճ պի­տի յա­րու­ցա­նէ ճա­կա­տագ­րին մա­սին այն ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն, ո­րոնք ան­ցեա­լին վիթ­խա­րի ազ­դե­ցու­թիւն մը ու­նե­ցած են շրջա­նին վրայ։
­Տոքթ. ­Վա­հէ ­Թաշ­ճեան հաս­տա­տեց, թէ Ե­ղեռ­նէն ետք գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան փո­փո­խու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցած էր հայ մտա­ւո­րա­կան տա­րած­քին մէջ։ ­Հա­յոց պատ­մու­թիւ­նը յա­ճախ ու­սում­նա­սի­րուած է ազ­գայ­նա­կան ակ­նո­ցով մը, որ կը նպա­տա­կադ­րէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան չա­րիք­նե­րը սրբագ­րել քա­ղա­քա­կան մի­ջոց­նե­րով։ Ա­սի­կա մշու­շո­տած է նա­խաե­ղեռ­նեան հայ կեանքն ու մշա­կոյ­թը, յատ­կա­պէս հա­յե­րու եւ ի­րենց դրա­ցի­նե­րուն յա­րա­բե­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ։ Այս գա­ղա­փա­րա­կան շրջա­դար­ձը դէ­պի ազ­գայ­նա­կա­նու­թիւն ազ­դած է հայ կեան­քի բո­լոր ո­լորտ­նե­րուն վրայ՝ քա­ղա­քա­կա­նու­թե­նէ մին­չեւ գրա­կա­նու­թիւն ու ե­րաժշ­տու­թիւն, ինչ­պէս եւ հայ­կա­կան ինք­նու­թեան վրայ։ Ընդ­հա­նուր առ­մամբ, կա­րե­լի է խօ­սիլ հայ կեան­քի հա­մա­հար­թե­ցու­մի (homogenisation) մա­սին, այ­սինքն՝ «զտա­րիւն», «օ­տար» ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րէ մաք­րո­ւած հայ ինք­նու­թեան մը ձե­ւա­ւո­րու­մը։
­Հա­յոց պատ­մու­թեան այս ազ­գայ­նա­կան մեկ­նա­բա­նու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցած է հայ-թրքա­կան կար­ծե­ցեալ «ան­խու­սա­փե­լի» պայ­քա­րի մը վրայ, ըն­կե­րա­յին եւ մշա­կու­թա­յին կեան­քի եր­բեմ­նի բո­լոր հա­մա­տեղ ե­րե­սակ­նե­րը դուրս ձգե­լով։ Այս­պէ­սով, ըն­կե­րա­յին ու քա­ղա­քա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը հա­յե­րու եւ այլ խմբա­ւո­րում­նե­րու մի­ջեւ կո­պիտ պար­զե­ցու­մի են­թար­կո­ւած են։ ­Տոքթ. ­Թաշ­ճեան վեր­յի­շեց իր դպրո­ցա­կան տա­րի­նե­րուն փոր­ձա­ռու­թիւ­նը։ Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան հա­յոց պատ­մու­թիւ­նը քա­ղա­քա­կա­նա­ցած ազ­գայ­նա­կան տե­սան­կիւ­նէ մը ներ­կա­յա­ցո­ւած էր, սկսե­լով ­Պեր­լի­նի հա­մա­ժո­ղո­վէն, ո­րուն խոս­տա­ցած բա­րե­նո­րո­գում­նե­րը մեր­ժո­ւած էին, ա­ռաջ­նոր­դե­լով զի­նեալ պայ­քա­րի սկզբնա­ւո­րու­թեան։ Այս կէ­տէն մեկ­նե­լով, ա­շա­կեր­տը կ­՚անց­նի հա­մի­տեան ջար­դե­րէն, ­Մեծ Ե­ղեռ­նէն եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հաս­տա­տու­մէն։ ­Շեշ­տը յստա­կօ­րէն կը դրո­ւի օս­մա­նեան հա­յե­րու մութ տա­րի­նե­րուն եւ հայ յե­ղա­փո­խա­կան շար­ժու­մի հե­րո­սա­կա­նու­թեան վրայ։ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ու Ս­փիւռ­քի մէջ, այս­պէ­սով, հայ պա­տա­նի­նե­րը միայն մաք­րազ­տուած ու խիստ քա­ղա­քա­կա­նա­ցած պատ­մու­թեան տար­բե­րա­կով մը կը դաս­տիա­րա­կո­ւին։
­Սա­կայն, Ե­ղեռ­նի վե­րապ­րող­նե­րուն կող­մէ զար­գա­ցո­ւած վկա­յագ­րու­թիւ­նը վե­րա­պատ­մած է ա­նոնց կեան­քը օս­մա­նեան գիւ­ղե­րու եւ քա­ղաք­նե­րու մէջ։ ­Վե­րապ­րող­նե­րը գի­տա­կից էին, որ հա­յոց յի­շո­ղու­թեան վեր­ջին կրող­ներն էին, ու նպա­տակ կը հե­տապն­դէին ան­մա­հաց­նել ի­րենց գիւ­ղե­րուն ու քա­ղաք­նե­րուն յի­շա­տա­կը։ Այս գրա­կան շրջա­նը տե­ւած է 1920-ա­կան թո­ւա­կան­նե­րէն մին­չեւ 1970-80-ա­կան թո­ւա­կան­նե­րը, երբ վեր­ջին վե­րապ­րող­նե­րը սկսած են ան­հե­տա­նալ։ ­Տոքթ. ­Թաշ­ճեան ցոյց տո­ւաւ 300 գիր­քե­րու ցու­ցակ մը «­Յու­շա­մա­տեան»-ի կայ­քէ­ջին վրայ, որ միայն հրա­տա­րա­կուած գիր­քեր կ­՚ընդգր­կէ. ի­րենց հրա­պա­րա­կա­յին բա­ցա­յայ­տու­մին սպա­սող գան­ձեր կան տա­կա­ւին ան­հատ­նե­րու տու­նե­րուն մէջ։ «­Յու­շա­մա­տեան» այս սկզբնաղ­բիւր­նե­րը կ­՚օգ­տա­գոր­ծէ՝ Ա­նա­տո­լիոյ եւ Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղաք­նե­րու պատ­մու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նե­լու ու նկա­րագ­րե­լու հա­մար։
­Տոքթ. ­Հարթ­ման յի­շեց «­Յու­շա­մա­տեան» ծրագ­րին սկիզ­բը, երբ նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն կ­՚ո­րո­նէին։ ­Հիմ­նա­դիր­նե­րը բախ­տա­ւո­րո­ւե­ցան նման ա­ջակ­ցու­թեամբ Հ­րեշ­տա­կեան եւ ­Գա­լայ­ճեան ըն­տա­նիք­նե­րուն կող­մէ, ո­րոնք խան­դա­վա­ռո­ւե­ցան ծրագ­րի նպա­տակ­նե­րով։ Ա­սի­կա «­Յու­շա­մա­տեան»-ի խմբա­կին թոյլ տո­ւաւ ի­րենց ժա­մա­նա­կը տրա­մադ­րել հիմ­նա­կան հե­տա­զօ­տու­թեան, կազ­մա­կեր­պա­կան կա­ռոյ­ցի պատ­րաս­տու­թեան եւ վեր­ջա­պէս կայ­քէ­ջի հիմ­նադ­րու­թեան։ Ա­ւե­լի ուշ, «­Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կու­թիւ­նը սկսաւ հո­վա­նա­ւո­րել եր­կու ծրա­գիր­ներ, ո­րոնք «­Յու­շա­մա­տեան»-ի գոր­ծու­նէու­թեան մաս կը կազ­մեն. յօ­դուած­նե­րու թրքե­րէն թարգ­մա­նու­թիւ­նը եւ դպրոց­նե­րու հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ «­Յու­շա­մա­տեան»-ի անձ­նա­կազ­մին ան­դամ­ներն են լիա­ժամ պատ­մա­բան մը՝ ­Վա­հէ ­Թաշ­ճեան, եւ լիա­ժամ կայ­քէ­ջի գծագ­րող/ա­րո­ւես­տա­գէտ մը՝ ­Սիլ­վի­նա ­Տէր Մկր­տի­չեան։ «­Յու­շա­մա­տեան»-ի մաս­նա­ժամ աշ­խա­տող է ­Շո­ղեր ­Մար­կո­սեա­նը, որ կը հա­մա­կար­գէ դպրոց­նե­րու հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը եւ նաեւ պա­տաս­խա­նա­տու է կայ­քէ­ջին յա­տուկ բաժ­նի մը՝ բաց թո­ւա­յին ար­խի­ւին։
­Կայ­քէ­ջը կը յատ­կան­շո­ւի ամ­բող­ջո­վին հա­յե­րէն իր բո­վան­դա­կու­թեամբ, ո­րուն մեծ մա­սը ա­րեւմտա­հա­յե­րէն է, թէեւ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն ո­րոշ գրու­թիւն­ներ ալ կան։ Ա­սոր նպա­տակն է պահ­պա­նել ա­րեւմ­տա­հայ մշա­կոյ­թը եւ հա­կա­դար­ձել ցե­ղաս­պա­նու­թեան, որ փոր­ձած էր մա­րել այս լե­զուն եւ ա­նոր կրած մշա­կոյ­թը։ Ամ­բողջ բո­վան­դա­կու­թիւ­նը նաեւ անգ­լե­րէ­նի եւ թրքե­րէ­նի կը թարգ­մա­նո­ւի, ինչ որ ոչ-հա­յա­խօս­նե­րու ա­ռի­թը կու տայ «­Յու­շա­մա­տեան»-ի ներ­կա­յա­ցու­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն ծա­նօ­թա­նա­լու։ Ա­ւե­լի՛ն. թրքե­րէն թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րը ­Թուր­քիոյ ժո­ղո­վուր­դին կը բա­ցա­յայ­տեն ա­նոր բնա­կած հո­ղե­րուն պատ­մու­թիւ­նը։ ­Տոքթ. ­Հարթ­ման յի­շեց, թէ թրքա­խօս ըն­թեր­ցող­նե­րը, փաս­տօ­րէն, ա­մէ­նէն ա­ւե­լի շա­հագրգ­ռո­ւած են «­Յու­շա­մա­տեան»-ի աշ­խա­տան­քով եւ ա­մէ­նէն ա­ւե­լի աշ­խու­ժու­թիւն ցոյց տո­ւած՝ կայ­քէ­ջի բո­վան­դա­կու­թեան ի­րենց հա­կազ­դե­ցու­թեամբ։ ­Կայ­քէ­ջը ար­ժէ­քա­ւոր աղ­բիւր մըն է օս­մա­նեան եւ հայ­կա­կան պատ­մու­թեան սկզբնաղ­բիւր­ներ փնտռող ու­սում­նա­սի­րող­նե­րու հա­մար։
­Կայ­քէ­ջին բո­վան­դա­կու­թիւ­նը բաժ­նո­ւած է ըստ աշ­խար­հագ­րա­կան տե­ղադ­րու­թեան ու նիւ­թի։ Աշ­խար­հագ­րա­կան վայ­րե­րը ցոյց կը տրո­ւին Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան վար­չա­կան քար­տէ­սի մը վրայ։ Այս ի­մաս­տով, մոռ­ցո­ւած հայ­կա­կան վայ­րե­րու վե­րա­յայտ­նու­թիւ­նը Ա­նա­տո­լիոյ քար­տէս­նե­րու մէջ կա­րե­ւոր ի­րա­գոր­ծում մըն է։ ­Ման­րակր­կիտ կեր­պով պատ­րաս­տո­ւած քար­տէս­նե­րը ցոյց կու տան քա­ղաք­նե­րու նա­խա­գի­ծը եւ կը նկա­րագ­րեն փո­ղոց­ներն ու շէն­քե­րու տե­սակ­նե­րը։ Ա՛լ ա­ւե­լի ման­րա­մաս­նօ­րէն ներ­կա­յա­ցո­ւած են հայ­կա­կան գիւ­ղե­րու տու­նե­րը։ ­Միւս կող­մէ, հե­տա­զօ­տե­լի բազ­մա­թիւ թե­մա­ներ ու են­թա­թե­մա­ներ կան՝ խո­հա­նո­ցէն մին­չեւ ե­րաժշ­տու­թիւն ու տնտե­սու­թիւն։ Իբ­րեւ օ­րի­նակ, տոքթ. ­Թաշ­ճեան լսա­րա­նին ցոյց տո­ւաւ ­Խար­բեր­դի խո­հա­նո­ցի մա­սին գրո­ւած յօ­դուած մը։
­Տոքթ. ­Թաշ­ճեան ամ­փո­փեց «­Յու­շա­մա­տեան»ի ծրա­գի­րը իբ­րեւ ար­հես­տա­գի­տու­թեան, պատ­մա­կան հե­տա­զօ­տու­թեան եւ ա­րո­ւես­տի միա­խառ­նում մը։ ­Դա­սա­խօ­սու­թեան վեր­ջին մա­սը ա­րուես­տի նո­ւի­րո­ւած էր։ ­Տոքթ. ­Հարթ­ման ընդգ­ծեց, որ «­Յու­շա­մա­տեան»-ի նպա­տա­կը միայն պատ­մա­կան տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­մը չէ, այլ ան­ցեա­լը կեան­քի կո­չել ա­րո­ւես­տի մի­ջո­ցով՝ ­Սիլ­վի­նա ­Տէր Մկրտ­չեա­նի կող­մէ հե­տա­զօ­տո­ւած ինք­նու­թեան, կո­րուս­տի եւ ե­րի­տա­սար­դա­ցու­մի թե­մա­նե­րով։ ­Հա­գուստ­նե­րու, գոր­ծիք­նե­րու, ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թեան եւ ձե­ռա­գործ­նե­րու բազ­մա­գոյն ներ­կա­յա­ցու­մը տար­բեր շրջան­նե­րու եւ քա­ղաք­նե­րու հա­յե­րու այ­լա­զա­նու­թեան գե­ղա­րո­ւես­տա­կան վե­րա­կա­ռու­ցում մըն է։ ­Կայ­քէ­ջի ա­րո­ւես­տի աշ­խա­տան­քին ընդ­հա­նուր թե­ման (ծրագ­րի գո­յա­պատ­ճա­ռը՝ ան­շուշտ) ըն­դու­նումն է, որ հա­ւա­քո­ւած յի­շո­ղու­թիւն­նե­րը մաս կը կազ­մեն ան­ցեա­լի մը, զոր եր­բեք կա­րե­լի չէ իս­կա­պէս վերս­տեղ­ծել։ ­Կայ­քէ­ջի ա­րո­ւես­տի գոր­ծե­րէն շա­տե­րուն պա­րա­գա­յին, այդ յի­շո­ղու­թեան ու­րո­ւան­կա­րա­յին ըլ­լա­լու գա­ղա­փա­րը տե­սա­նե­լի է. ան կը ներ­կա­յաց­նէ յի­շո­ղու­թեան մշու­շոտ շեր­տե­րը, ո­րոնք վերս­տին կեան­քի կը կո­չո­ւին, բայց եր­բեք ի­րենց բնա­տիպ ձե­ւով։
­Ներ­կա­յա­ցու­մին վեր­ջա­ւո­րու­թիւ­նը նո­ւի­րո­ւած էր այն ըն­տա­նիք­նե­րուն, ո­րոնք «­Յու­շա­մա­տեան» ծրագ­րին հայ­թայ­թած են ի­րենց նկար­նե­րը, պատ­մու­թիւն­նե­րը, գիր­քե­րը, նա­մակ­նե­րը եւ պա­պե­րէն մնա­ցած այ­լե­ւայլ նմոյշ­ներ ու յի­շա­տակ­ներ։ Այս գան­ձե­րը ծրագ­րի ան­բա­ժա­նե­լի ու էա­կան մաս ե­ղած են։ ­Կայ­քէ­ջին մէկ մա­սը նո­ւի­րո­ւած է այս ըն­տա­նե­կան հա­ւա­քա­ծո­նե­րուն, ո­րոնք կու գան Ս­փիւռ­քի ու ­Հա­յաս­տա­նի բո­լոր կող­մե­րէն։
­Հարց ու պա­տաս­խա­նի բաժ­նին մէջ, լսա­րա­նէն ան­դամ մը վե­րա­պատ­մեց իր ճամ­բոր­դու­թիւն­նե­րը ­Տիար­պե­քի­րի մէջ, յատ­կա­պէս յի­շե­լով, որ հան­դի­պած էր խա­նու­թի մը, ուր հա­րիւ­րա­ւոր սա­փոր­նե­րու շար­քին, ա­նոնց­մէ մէ­կը «Էր­մէ­նի քի­լի» (հայ­կա­կան կաւ) կո­չո­ւած էր ու բժշկա­կան նպա­տակ­նե­րով կը գոր­ծա­ծո­ւէր։ Ի­րեն հա­մար, հա­ճե­լի ա­նակն­կալ մըն էր, որ շրջա­նի մար­դի­կը ապ­րանք­նե­րը տա­կա­ւին կը կա­պէին ա­ւե­լի քան դար մը ա­ռաջ վտա­րո­ւած հա­յե­րուն հետ։ ­Տոքթ. ­Հարթ­ման վե­րա­հաս­տա­տեց, որ այս դրո­ւա­գը եւ նման ի­րի մը յայտ­նա­գոր­ծու­մը կը կազ­մեն «­Յու­շա­մա­տեան» ծրագ­րին էու­թիւ­նը, այ­սինքն՝ յայտ­նա­բե­րել ո՛չ միայն կոր­սո­ւած հայ­կա­կան ան­ցեալ մը, այլ ան­ցեալ մը որ հա­սա­րա­կաց է շրջա­նի բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն եւ ազ­գայ­նա­կա­նու­թեան պատ­ճա­ռով բաժ­նո­ւած է։ Ժխ­տո­ղա­կա­նու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը, փաս­տօ­րէն, կը մեր­ժէ այդ հո­ղե­րու բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն եւ ո՛չ միայն հա­յե­րու պատ­մու­թիւ­նը։ ­Հայ­կա­կան ներ­կա­յու­թեան եւ շրջա­նի մշա­կու­թա­յին, ըն­կե­րա­յին ու տնտե­սա­կան կեան­քի վրայ հա­յե­րու ազ­դե­ցու­թեան ժխտու­մը նպաս­տած է ­Թուր­քիոյ ներ­կայ ինք­նու­թեան տագ­նա­պին։
Լ­սա­րա­նէն ու­րիշ ան­դամ մը հե­տաքրք­րո­ւած էր «­Յու­շա­մա­տեան»ի ծրագ­րի կրթա­կան բա­ժի­նով, քա­նի որ կը ներ­կա­յա­ցո­ւի աշ­խար­հաս­փիւռ հայ­կա­կան դպրոց­նե­րու։ ­Տոքթ. ­Թաշ­ճեան դի­տել տո­ւաւ, թէ ծրագ­րի ներ­կա­յա­ցու­մին յա­ջո­ղու­թիւ­նը գլխա­ւո­րա­բար կա­պո­ւած է ու­սու­ցի­չի շա­հագրգ­ռուա­ծու­թեան հետ։ ­Մար­սէյ­լի ու ­Պոլ­սոյ դպրոց­նե­րու մէջ ներ­կա­յա­ցում­նե­րը յա­ջո­ղու­թեամբ ան­ցած են, բայց նոյ­նը կա­րե­լի չէ ը­սել ­Լի­բա­նա­նի փոր­ձա­ռու­թեան մա­սին։
­Տոքթ. ­Թաշ­ճեան լի­բա­նա­հայ ա­շա­կերտ­նե­րու հե­տաքրք­րու­թիւ­նը արթնց­նե­լու ձա­խո­ղու­թիւ­նը չվե­րագ­րեց բա­ցա­ռա­բար ծրա­գի­րը ներ­կա­յաց­նող ու­սու­ցի­չի ան­կա­րո­ղու­թեան ու հե­տաքրք­րու­թեան պա­կա­սին, այլ լի­բա­նա­հայ հա­մայն­քի ընդ­հա­նուր մտայ­նու­թեան։ Գլ­խա­ւոր վի­ճե­լի կէ­տը այն է, որ Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան հա­յե­րու պատ­մու­թեան ներ­կա­յա­ցու­մը լի­բա­նա­հայ դպրոց­նե­րու մէջ տի­րող պա­տու­մին հա­կա­սող տար­րեր կը պա­րու­նա­կէ։ Այ­սու­հան­դերձ, «­Յու­շա­մա­տեան» նա­խա­գի­ծին ներ­կա­յա­ցում­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կո­ւին այլ հա­մայնք­նե­րու մէջ։ Այս տա­րի, ան պի­տի եր­թայ ­Յու­նաս­տան, եւ յոյս կայ, որ յա­ռա­ջի­կայ տա­րի ծրա­գի­րը պի­տի ներ­կա­յա­ցո­ւի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու հա­մայնք­նե­րուն։