Միհրան Քիւրտօղլեան
Ղարաբաղը իր պատմութեամբ, աշխարհագրութեամբ եւ բնակչութեամբ միշտ ալ Հայաստանի անբաժան մասը կազմած է: Պատմական դէպքեր ու աշխարհաքաղաքական ու ռազմավարական նպատակներ այնպիսի իրադարձութիւններ ստեղծած են, որ անիկա այսօր վիճելի տարածք դառնայ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ, վերջնոյն ծաւալապաշտական քաղաքականութեան պատճառով:
Խորհրդային միութիւնը, ինչպէս նաեւ զինք նախորդող Ռուսիոյ ցարական կայսրութիւնը եղած են բազմազգ պետութիւն, որ բռնութեամբ եւ խստագոյն միջոցներով իրեն ենթարկած է շուրջ 110 ազգերէ բաղկացած բնակչութիւն՝ սահմանային կամայական դասաւորումներով եւ վարչական նոր կարգադրութիւններով: Սահմանային այդ դասաւորումներն ու վարչական կարգադրութիւնները կատարուած են յետին այն մտածումով, որ ազգերու միջեւ վէճերը անպակաս ըլլան եւ զանոնք կառավարելը՝ դիւրին, «բաժնէ’, որ տիրես»ի սկզբունքով:
Ղարաբաղի այսօրուան խնդիրը սահմանային այդ միտումնաւոր դասաւորումներու հետեւանքն է:
1985-ին, երբ Միխայէլ Կորպաչով Խորհրդային միութեան ղեկավար դարձաւ, փորձեց որոշ բարեկարգութիւններով (կլասնոստ եւ բերեսթրոյիքա) փրկել Միութեան փտած վարչակարգը: Բազմաթիւ թեկնածուներով ժողովրդային ընտրութիւններ կը կատարուէին 1989-ին, որոնց շնորհիւ իշխող համայնավար միակ կուսակցութիւնը կը զրկուէր ուժի մենաշնորհէն եւ քայլ կը նետուէր դէպի ժողովրդավարութիւն: Միութիւնը բաղկացնող 15 հանրապետութիւնները, որոնց կարգին Հայաստանը, իրարու ետեւէ անկախութիւն կը հռչակէին, որով կեդրոնական կառավարութիւնը իշխանազուրկ կը դառնար:
Բարեփոխութեան այդ պայմաններու տակ եւ ազատութեան նոր կլիմային մէջ ազգամիջեան հակամարտութիւնները սուր բնոյթ կը ստանային, որովհետեւ ցարական կայսրութենէն սկսեալ եւ Խորհրդային միութեան ժամանակաշրջանին անտեսուած էին կայսրութիւնը բաղկացնող ազգերու պատմամշակութային եւ աշխարհաքաղաքական իրաւունքները:
Միխայէլ Կորպաչով հակառակ իր ձեռնարկած բարեփոխութիւններուն, փոխանակ արդար լուծումներ տալու ազգային խնդիրներուն, կը փորձէր թաղել զանոնք կարգ մը կարգադրութիւններով:
Ազգային միաւորներ հրապարակ կու գային ՝ իրենց արդար իրաւունքներու պահանջքով: Հայ ժողովուրդը եղաւ առաջինը, որ համազգային հսկայ շարժումով մը իջաւ պայքարի դաշտ 1988-ի Փետրուարին, որպէսզի սրբագրուի սխալ կարգադրութիւն մը եւ Ղարաբաղի ինքնավար մարզը անջատուի Ազրպէյճանէն եւ վերամիացուի Հայաստանին:
Պէտք է արձանագրել, որ իր ծաւալով եւ ուժգնութեամբ, ինչպէս նաեւ անզիջող բնոյթով Ղարաբաղեան պայքարը արագացուց փլուզումը Խորհրդային միութեան, որուն առաջնորդը՝ Մ. Կորպաչով անզօր եղաւ արժանաւորութեամբ ու արդարութեամբ դիմակայել խնդիրը:
1988-ի Փետրուարին ամբողջ աշխարհ ականատես եղաւ այն պոռթկումին, որ թէ’ Հայաստանի եւ թէ’ Ղարաբաղի մէջ ողջ հայութիւնը պայքարունակ ցոյցի հանեց: Խորհր. միութեան 70 տարիներու ընթացքին իր նախընթացը չունեցող ժողովրդային այդ ընդվզումը աւազանի մէջ նետուած քարի նման իր ալիքները տարածեց միւս ժողովուրդներու մօտ եւս ՝ ազգային թաղուած խնդիրները մէջտեղ հանելով:
Ա’յս, ինչպէս նաեւ ընկերային ու տնտեսական ծանրակշիռ ա’յլ խնդիրներ իրարու վրայ բարդուելով պատճառ դարձան, որ Մ. Կորպաչով հրաժարի իր պաշտօնէն 25 Դեկտ. 1991-ին:
Անոր հրաժարումով փլաւ Խ. Միութիւնը, որու մաս կազմող հանրապետութիւնները մէկը միւսին ետեւէն իրենց անկախութիւնը հռչակեցին: Անոնց կարգին Ղարաբաղն ալ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային օրէնքի հիման վրայ, ժողովրդային հանրաքուէով որոշեց սովետին կողմէ իրեն պարտադրուած կարգավիճակը թօթափել, անջատուիլ Ազրպէյճանէն եւ տէր դառնալ ինքնորոշման իրաւունքին: Իր այս արդար կամքին դիմաց Ազրպէյճան նախ փոկրոմով, ապա նաեւ պատերազմով պատասխանեց, յուսալով որ զէնքի ուժով պիտի կարենայ Ղարաբաղը պարպել հայութենէ եւ շրջանը միանգամընդմիշտ միացնել իրեն: Բայց սխալեցաւ:
Այսօր Ղարաբաղը իրողապէս (տը ֆաքտօ) անկախ պետութիւն է, բայց խնդիրը կը մնայ անլոյծ: Նկատի ունենալով, որ Ազրպէյճան հարուստ նաֆթահորեր ունի, Ղարաբաղի հարցը շահագրգռութեան առարկայ է մեծ պետութեանց ու նաֆթային բազմազգ ընկերութեանց, որու պատճառով ալ անիկա դրուած է միջազգային դիւանագիտութեան սեղանին վրայ եւ վերածուած՝ ռազմաքաղաքական ու շահակցական պարանաձգութեան:
Այս յօդուածաշարքը կը նպատակադրէ սերունդին ներկայացնել Ղարաբաղի անցեալ ու ներկայ մաքառումները, որոնք անքակտելի մասն են հայ ժողովուրդի պատմութեան ու անոր մաքառումներուն:
(Շարունակելի)