ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու թէ աշխարհի ժողովուրդները դժբախտ են. դժուարութիւն ունին հասկնալու Տանըլտ Թրամփն ու անոր բարի կամեցողութիւնները։
Եւ արդեօք նախագահի մը համար կա՞յ աւելի խոր ցաւ, քան զգալ, թէ իր հպատակները չեն հասկնար իր բարի սիրտն ու ցանկութիւնները. չեն տեսներ, որ մարդոց անհասկացողութիւնը դուռ կը բանայ հազար ու մէկ քննադատութեան։
Տեսնելու եւ ըմբռնելու համար նախագահին բարի նպատակները, եկէ՛ք, պատասխաններ գտնենք հետեւեալ հարցումներուն.
— Ի՞նչ նպատակով է, որ կը կարծէք նախագահն ու իր բարեմիտ գործակիցները ձեռնարկած են (այլապէս ձախաւեր) «Օպամա-քեր (care)»ը ջնջելու կամ շահատուրքերու նոր դրութիւն մը օրինականացնելու։ Քննադատները միայն մեղադրանքներ կը տեղացնեն՝ ըսելով, որ միլիոնաւորներ պիտի զրկուին առողջական ապահովագրութենէ, իսկ շահատուրքի նոր օրէնքէն առաւելագոյն օգտուողնեը պիտի ըլլան հսկայ ընկերութիւններն ու միլիոնատէրները։
Քննադատները պարզապէս կարճատես են. անոնք չեն տեսներ, որ նախագահը ամբողջ ժողովուրդը կը մղէ… հարստանալու եւ միլիոնատէր դառնալու։ Եթէ մարդս միլիոններ ապահովէ, ալ ի՞նչ պէտք ունի մտահոգուելու առողջապահական-դեղի «մանր» ծախսերով, մանաւանդ, որ շահատուրքն ալ պիտի նուազի։
— «Ամերիկեան երազ»ի այս երկիրն մէջ դժուա՞ր է հարստանալը։ Ո՛չ, հազա՛ր անգամ՝ ո՛չ։ Տեսէ՛ք իր բարի օրինակը։ Կարելի է շահատուրքերէ խուսափիլ, կարելի է սնանկացած ձեւանալ եւ զերծ մնալ նիւթական պարտաւորութիւններէ, կարելի է օգտուիլ դրամագլուխները այլ երկնակամարներու տակ «ապահով գօտիներ»ու ՝ տուրքէ զերծ հաշիւներու մէջ պահելէ (օֆ-շորային — off shore — հասկացութիւնը հայկական ծագում չունի ի վերջոյ). մէկ խօսքով՝ կարելի է հազար ու մէկ տեսակի խաղ խաղալ, որովհետեւ այդ խաղերը օրինականացնելու հազար ու տասներկո՛ւ ձեւ գտնուած է վերջին 30-40 տարիներուն։ Նախագահը ա՛յս է, որ կ՛ուզէ ցոյց տալ ժողովուրդին ու զանոնք մղել, որ հարստանան, ձերբազատին մանր հոգերէ, իսկ մարդիկ կը տեսնեն միայն ժխտական կողմերը…
Աշխարհի տարածքին, պետական պատասխանատուներ ու ժողովուրդներ դժուարութիւն ունին հասկնալու հանճարեղ նախագահը։ Չեն գիտեր, որ ան գիշեր-ցերեկ կը մտածէ իրենց զուարճալի զբօսանք պարգեւելու միջոցներու մասին։ Սպիտակ Տան մէջ նկատած են, որ քունը կորսնցուցած է, իսկ եթէ քնանայ, կ՛երազէ մարդոց զբաղմունք գտնելու մասին, եւ երբ առաւօտուն արթննայ, առաջին գործը կ՛ըլլայ գործի կոչել «սոխակը» (Tweeter), որմէ կախեալ է հիմա ամբողջ աշխարհը։ Օր մը քմծիծաղի թիրախ կը դարձնէ Հիւսիսային Քորէայի նախագահը, զայն կը կոչէ գաճաճ-գիրուկը կամ շան լակոտ, ուրիշ օր մը խրատներ կը պարգեւէ Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյի, որ իր աչքի գերանը չի տեսներ, այլ Թրամփի աչքի շիւղը, իսկ եթէ դուրսերը «յաճախորդ» չգտնէ, ռատարները կ՛ուղղէ ներքին քաղաքական հակառակորդներուն կամ գործակիցներու. խորհրդարանականներ ու նախարարներ անգամ զրկուած են «անձեռնմխելիութենէ», ինչպէս պատահեցաւ «Փոքահոնթաս» յորջորջումին արժանացած Էլիզապէթ Ուորընի, իսկ Ռեքս Թելըրսըն եւ ուրիշներ կարգի կանգնած են ակնդէտ, թէ ե՞րբ պիտի գեղգեղէ զիրենք պաշտօնէ արձակող «սոխակ»ը։
Այս եւ նման բարենպատակ հնարքներով՝ Թրամփ ժողովուրդը զերծ կը պահէ ցաւալի ու տագնապալի հարցերով տառապելէ. ինչո՞ւ պէտք է մտահոգուինք, թէ ինչպիսի՛ ողբերգութիւններ կ՛արձանագրուին Եմէնի, Միանմարի կամ ափրիկեան այս ու այն երկրին մէջ։ Ինչո՞ւ մարդոց սիրտերը ցաւցնել հազարաւոր մղոններ հեռու ջարդուողներով ու աւերումներով, երբ կարելի է ցնծութիւն տարածել զէնքի առեւտուրի հսկայագումար պայմանագրութիւններով:
Իրա՛ւ ինչո՞ւ չեն հասկնար այս բարեմիտ մարդը, որուն պէտք է ամէն օր նոր ու բարի երազներ մաղթել։