­Ռուս-իս­րա­յէ­լա­ցի պլո­կըր Ա­լեք­սանտր ­Լափ­շին յայտ­նեց, որ իր ձեր­բա­կա­լու­թեան հա­մար Ատր­պէյ­ճան ծախ­սած է մէկ մի­լիառ տո­լար: Այս մա­սին պլո­կը­րը գրած է իր դիմատետրի է­ջին վրայ: «Դժո­ւար է այս բո­լո­րը ար­տա­յայ­տել գու­մա­րի յստակ չա­փով: Կը հա­մար­ձա­կիմ են­թադ­րելու, որ ­Պա­քո­ւի բան­տին մէջ իմ մնա­լուն հա­մար ատր­պէյ­ճան­ցի ժո­ղո­վուր­դը վճա­րած է ոչ պա­կաս, քան 1 մի­լիառ տո­լար: Որ­պէս­զի հասկ­նաք, թէ ի՛նչ է մէկ մի­լիառ տո­լա­րը Ատր­պէյ­ճա­նի հա­մար, կ­՛ը­սեմ, որ մի­ջին աշ­խա­տա­վար­ձը ­Պա­քո­ւի մէջ չի գե­րա­զան­ցեր ամ­սա­կան 300 տո­լա­րը, իսկ շրջան­նե­րու մէջ՝ 200 տո­լա­րը: ­Կեն­սա­թո­շակ­նե­րը առ­նո­ւազն 100 տո­լար կը կազ­մեն»,- կը գրէ ­Լափ­շին: Պ­լո­կը­րը կը յայտ­նէ, որ այդ գու­մա­րով ա­նոնք կրնա­յին կա­ցա­րան­ներ կա­ռու­ցել ­Ղա­րա­բա­ղէն փախս­տա­կան­նե­րու հա­մար, ո­րոնք աղ­քա­տու­թեան մէջ կ­՛ապ­րին: ­Լափ­շին կը գրէ, որ իր հետ կա­պո­ւած պատ­մու­թեան պատ­ճա­ռով, ան­շուշտ, ոչ ոք չխզեց ­Պա­քո­ւի հետ  իր դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, պատ­ժա­մի­ջոց­ներ չսահ­մա­նեց եւ չդադ­րե­ցուց զէնք վա­ճա­ռե­լը, սա­կայն «ա­նուղ­ղա­կի վնա­սը, կը կար­ծեմ, հսկա­յա­կան է եւ ակնյայ­տօ­րէն չի հա­մա­պա­տաս­խա­ներ իմ ան­ձին նկատ­մամբ վնա­սի տա­րո­ղու­թեան»: Ըստ ա­նոր՝ ­Ռու­սիոյ նա­խա­գահ ­Փու­թին այն մար­դը չէր, որ կը հան­դուր­ժէր իր նկատ­մամբ Ատր­պէյ­ճա­նի ար­հա­մար­հան­քը, եւ ան­մի­ջա­պէս դադ­րե­ցուց իր տա­րած­քին մէջ չա­փա­զանց ազ­դե­ցիկ ­«Հա­մա­ռու­սա­կան-ատր­պէյ­ճա­նա­կան քոնկ­րէ­սի» գոր­ծու­նէու­թիւ­նը:
«Ակն­յայ­տօ­րէն, իմ պատ­մու­թիւ­նը շատ զբօ­սաշր­ջիկ­ներ ետ կանգ­նե­ցուց Ատր­պէյ­ճան այ­ցե­լե­լու միտ­քէն: Եւ եր­բեք կա­րե­լի չէ գիտ­նալ, թէ որ­քա­նո՞վ. կրնայ ըլ­լալ ըն­դա­մէ­նը հա­զար, կամ հա­րիւր հա­զար: ­Բայց այս մէ­կը նոյն­պէս մի­լիո­նա­ւոր տո­լա­րի վնաս է: ­Հինգ մի­լիոն, թէ քսան՝ այդ գու­մար­նե­րով ա­նոնք կրնա­յին փոքր թա­ղա­մաս կա­ռու­ցել աղ­քա­տու­թեան մէջ ապ­րող ­Ղա­րա­բա­ղէն փախս­տա­կան­նե­րուն հա­մար»,- կը գրէ ­Լափ­շին: