ՄԱՆՈՒԷԼ ԹՈՔՄԱՔՃԵԱՆ
«Այս ի՞նչ ձայն է, հայրի՛կ»,- հարցուց՝ զարմացած, փոքրիկ Արան.- «Ի՞նչ կը պատահի հոս, ինչո՞ւ բոլորը այսպէս կը գոռան…»:
«Պատարա՜գ կայ, տղա՛ս, պատարա՛գ, եւ բոլորը եկեղեցի կ՛երթան…»,- մխիթարիչ, բայց խոր ձայնով կը պատասխանէ Յովնան` անոր հայրը:
«Բայց ինչո՞ւ այսքան աղմուկ, ինչո՞ւ այսքան շտապ»,- կը պնդէ տղան:
— «Պատարա՜գ կայ, տղա՛ս, պատարա՛գ, եւ բոլորը եկեղեցի կ՛երթան»:
Ալ զարմացած պատասխանէն, լուռ ու մունջ ճամբան կը շարունակեն:
Անդին` մայրը «Հայր Մեր» կ՛արտասանէր եւ կարգ մը տողեր` Սաղմոսէն:
Ձեռքը սեղմած իր ճերմակ աղջիկը` մէկ տարեկան
եւ կռնակը` շալկած պայուսակ ճամբորդական…
«Բանից իմոց ունկն դիր, տէ՛ր, եւ ի միտ առ զաղաղակ իմ…»:
«Նայեա՛ ի ձայն աղօթից իմոց, թագաւոր եմ եւ Աստուած իմ…»:
Այս տողերը կ՛արտասանէր հեծկլտումով ու դողով,
մինչ իր աղջիկը` փաթթուած հազարումէկ լաթով:
Ան մօրը աչքերը կը դիտէր հիացած, մինչ իր աչքերը կը փայլփլէին…
Ան կը մսէ՜ր… կը վախնա՜ր… բայց մօրը աչքերը չէին թողուր, որ լար…
Տղան աւելի զարհուրած իրողութենէն` մօր քով կը վազէ ու կ՛ըսէ.- «Մա՛յր, ինչո՞ւ կը դողաս, քոյրս վար առ եւ քիչ մը հանգիստ ըրէ՛»:
Մայրը առաւել եւս կը սեղմէ աղջիկը եւ թաց աչքերով տղուն կ՛ըսէ.-«Պատարագ կայ, տղա՛ս, պատարա՛գ, պէտք է եկեղեցի հասնինք, պէտք է՛»:
Չկարենալով իր այս տողերը շարունակել` գետին կը փռուի ու կը հեծկլտայ:
Յովնան քիչ մը առջեւ ըլլալով` կը տեսնէ իր կինը եւ անմիջապէս կը փութայ. «Հա՛տէ, ոտքի՛ ել, սիրելի՛ս, մի՛ սրդողիր, այսօր պատարագ կայ աննմա՜ն. պէտք է եկեղեցի հասնինք, սիրելի՜ս, կանգնէ»,- զինք ոտքի կը հանէ Յովնան:
Պատարագը արդէն սկսեր էր, բայց ժողովուրդը դեռ հեռուներէն կը մօտենար:
Ի՞նչ էր այս պատարագի շտապողականութիւնը, ի՞նչ էր այդ անմիջական պատճառը գիւղային:
Ո՞ր փոթորիկը այս ժողովուրդը հոս բերաւ, ո՞ր ուրականը այս բոլորը հոն տարաւ…
«Տէ՛ր Աստուած օրհնեսցէ զամենեսեան…»:
Տէր հայրն էր, որ կը խօսէր խորանէն
խոցուած ձայնով, բայց հանդիսական,
ան օրհնութիւն կու տար Սեղանէն…
Դուրսի աղմուկը կը զօրանար,
կը զօրանար ու կը բարձրանար
եւ հետզհետէ ժխոր կը դառնար:
Եկեղեցի ժամանողներուն թիւը` հազար…
Բայց աղմուկը ժողովուրդէն չէր, ո՛չ,
բազմութեան թիւը պատարագի չէր, ո՛չ,
այլ բան մը կար մեր այս մտերմիկ գիւղին ներքեւ.
այլ հանդէս մըն էր, որ տեղի կ՛ունենար բլուրին վերեւ…
«Տէ՜ր ողորմեա…» դպիրները կ՛երգեն ցած, բայց` միաձայն.
Իսկապէ՛ս տարբեր էր այս օրը այլ օրերու համաձայն…
Այսօր հայ ժողովուրդը կը խոկար… կը ցաւէր…
Այսօր` երկիր Կիլիկիան մեր ձեռքերէն կը խլուէր…
Այսօր թուրք ցեղը դարպասին առջեւ կանգնած,
մեզմէ մեր բանալին կը սպասէր…
Այսօր վերջին պատարագ յայտարարուած,
ամբողջ ժողովուրդ Եկեղեցի կը վազէր…
Այո՛, այսօր այդ օրն էր պատմական զիջելու մեր աթոռէն` Սուրբ Կիլիկեան
ի ձեռք անօրէն թուրքի` օսմանեան, փրկելու բազում կեանքեր մեր հայկական…
Մեղայ Արարատին ու Եփրատին, մեղայ Սիսին ու Ատանային,
Քե՛զ մեղայ, Լամբրո՜ն, Տարսո՜ն, Քէհեան եւ Մերսին…
Քեզ մեղա՜յ Գարադա՛ս, Քարահիսա՛ր եւ Բիւղանի՛ք։
Ահա ժողովուրդը մեր` գլխակախ լռութեան «մեղա»ն կ՛ըսէ.
Լռեցին… Ապա բոլորը միաբերան «Մեղա՜յ Աստուծոյ» գոռացին:
Պէտք էր հաղորդութի՛ւն, պէտք էր քաւո՛ւմ…
Պէտք էր աղօ՜թք, «մեղա՜յ» եւ փրկութիւն…
Պէտք էր Սիսը… պէտք էր Կիլիկիան…
Վարագոյրը կը բացուի, եւ ժողովուրդը կ՛ուղղուի հաղորդութեան:
Ամէն նշխար կարծես նոր յոյս մը ըլլար ժողովուրդին այս պատմութեան`
Պատմութեան հայոց, նոր էջ, նոր շո՛ւնչ, նոր առիթ մը ըլլար ծննդեան…
Եւ սկիհին մէջ լեցուած գինին` աստուածային ժպիտի մը յայտնութեան…
Կարծես թէ Աստուծոյ դէմքը անոր մէջ արտացոլար,
Ժողովուրդին կը նայէր ու «պիտի վերադառնանք» կ՛ըսէր…
«Օրհնեալ եղերուք ի շնորհաց Սուրբ Հոգւոյն,
Երթայք ի խաղաղութեամբ,
եւ Տէր եղիցի ընդ ձեզ եւ ընդ ամենեսեանդ. Ամէ՜ն…»:
Եւ այսպէս բոլորն ալ իրարու ետեւէ, Գիրքը համբուրելով` դուրս կ՛ելլեն,
ապա նայելով եկեղեցւոյ սուրբ գաւիթին` անոր պատերը կը համբուրեն:
Կը խոնարհին երկիւղով, ցաւով եւ կը խաչակնքեն,
եւ անդինը զիրենք սպասող կառքերուն մէջ կ՛ելլեն…
Եւ անդին կանգնած թուրք հրէշները բանակային,
ետին կ՛ուղղեն, այդ խումբերուն մէջ անմարդկային
Եւ այսպէս իրենց ունեցուածքը առնելով` ճամբայ կ՛ելլեն դեպի անյայտ, կորսնցնելով ամէնէն վերին ինքնութիւնը հայութեան` եկեղեցին…
Ի մէջ թուրք ձիերու սմբակներուն արձակած փոշիներուն…
«Մնաք բարով» կ՛ըսեն Կիլիկիոյ պատերուն…