Իրապէս կայի՞ն զմիւռնիահայերը։ Կայի՞ն, շնչեցի՞ն, քալեցի՞ն, վազեցի՞ն, ծնա՞ն ու մեռա՞ն երկրի վրայ դրախտը յիշեցնող Եգէականի այս ափերուն վրայ։
Այս հարցումներուն դժուար է «Այո՛, ապրեցա՛ն, կայի՛ն» պատասխանել՝ դիտելով Թուրքիոյ ամենամեծ ու յատուկ քաղաքներէն մէկուն՝ Իզմիրի մէջ ու անոր շրջակայքին դարերու անցեալ ունեցող իրենց կեանքէն մնացած եւ գրեթէ ոչնչացած հետքերը։
Բացի քանի մը խղճամիտ մասնագէտէ, Թուրքիոյ մէջ Իզմիրի վերաբեալ ուսումնասիրութիւններուն մէջ ալ կացութիւնը տարբեր չէ։ Ըստ բազմաթիւ թրքական աղբիւրներու՝ անոնք (զմիւռնիահայերը) բացի 1922ի Զմիւռնիոյ հրդեհին պատճառը ըլլալէ, ուրիշ ոչ մէկ դեր կատարած են քաղաքի պատմութեան մէջ։ Չկային, եւ ետքը իրենց թաղամասը հրդեհեցին եւ նաւարկելով հեռացան։
«Իզմիրի հայերը» գիրքը ի մի կը բերէ յօդուածներ, որոնք այս գեղեցիկ քաղաքին ու անոր շրջակայքի կարգ մը բնակավայրերուն պատմութիւնը կը քննեն Հայերու բնակութեան դիտանկիւնէն եւ առհասարակ հայկական աղբիւրներու հիման վրայ։ Հայերուն քաղաքին մէջ ունեցած դիրքը, իրենց եկեղեցիները, դպրոցները, հիւանդանոցը, տպարանները, մամուլը եւ նման հաստատութիւնները, ճարտարապետութիւնը, արուեստները, առեւտրային կեանքէն ներս դերակատարութիւնը, հարեւան ժողովուրդներու հետ յարաբերութիւնները, նոյնիսկ տարազները կը քննուին լուսանկարներու ալ օգնութեամբ՝ նպատակ ունենալով դիւրացնել հասկնալու զմիւռնիացիի ինքնութիւնը կրելու վիճակը։ Ինչպէս նաեւ կը ձգտի ծանօթացնելու կարգ մը սկզբնաղբիւրներն ու քննարկումները բոլոր անոնց, որոնք հետաքրքրուած են քաղաքի պատմութեամբ, գլխաւորաբար նորօրեայ Իզմիրի մէջ բնակող իրենց հայրենակիցներով։
Քաղաքները վայրեր են, որոնք բնականաբար ի մի կը բերեն իրարու նմանող կամ իրարմէ տարբերող, յամենայնդէպս հասարակաց տարածք ու միասնական մշակոյթ բաժնող մարդիկը։ Անցեալին միասնաբար ապրելու առիթը թերեւս վրիպած է մեզմէ, ինչ որ արգելք մը չէ անցեալը դիտելով կարգ մը հետեւանքներ բանաձեւելու համար։ «Իզմիրի հայերը» գիրքը այս առումով արժէքաւոր աղբիւր մըն է։ Աւելի լաւ ընկալելու համար Իզմիրի անցեալն ու ներկան…
«Իզմիրի հայերը»
«Իզմիրի հայերը» գիրքը արժէքաւոր աղբիւր մըն է՝ աւելի լաւ ընկալելու համար Իզմիրի անցեալն ու ներկան...