Փոքր Ասիոյ Իզմիր քաղաքի պատմական աղէտին 95ամեակի ծիրէն ներս, Նէա Զմիռնիի քաղաքապետութեան կազմակերպած յուշի գեղարուեստական ելոյթներու շարքին, Շաբաթ՝ 20 Մայիսի երեկոյեան ժամը 7։30ին, երաժիշտ¬յօրինող¬նուագող Ստեփան Թէքիրեան եւ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Փանաեոթիս Ցիափիս ներկայացուցին երաժշտական առաջադրանքներու պատկանելիութեամբ յորդող հեզասահ ուղեւորութիւն մը, որ կþընդգրկէր յիշարժան տուեալ քաղաքի ¥Զմիւռնիա — Իզմիր՝ թրքական անուանումով «կեաւուր Իզմիր», բնակչութեան մեծամասնութիւնը քրիստոնեաներով բնակուած ըլլալուն համար¤ աւանդական, ծանօթ, շատ լսուած ու շատ սիրուած եղանակներ, մինչեւ ռեպեթիքա, ինչպէս նաեւ մեր ժամանակներուն՝ աւելի սրտամօտիկ ու այժմէական համարուող երգերու յաջորդական շարք մը։
Ներկայ եղան քաղաքապետ պրն. Սթաւրոս Ծուլաքիս, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան ու «Սօս¬Վանի» մասնաճիւղի վարչականներ ու անդամներ, փոքր-ասիական կազմակերպութիւններ, եւայլն։ Մէկ խօսքով՝ իսկապէս բերնէ բերան լեցուն սրահ մը, տասնեակներով ոտքի կանգնողներ ու պատուհաններէն համերգին հետեւողներ։
Երգերու բովանդակութիւնն ու նիւթերը ողողուած էին հելլէն ժողովուրդի անմոռանալի բարքերով, մեր կեանքի առօրեան յատկանշող ուրախութիւններն ու տխրութիւնները ցոլացնող մեղեդիներով, տրտում երգեր ու վերամբարձ ոգի, բոլորն ալ ներդաշնակուած ձայնային ու երաժշտական ճամբորդութամբ մը, որ կը ձգտի նուաճել կատարեալին ու անսահման գոհունակութիւն պատճառել հայ եւ յոյն ներկայ հասարակութեան։
Այսպիսի մթնոլորտ ընդհանրապէս կը ձգտի ճամբայ ելլել պատմութեան սահմաններէն ու յանգիլ պատմութեան նոր սահմաններուն։
Ի դէպ, սրտի սահմանները ամէն ժամանակի ու վայրի մէջ իրարու կը նմանին, կամ ալ իրաւախոհօրէն նոյնն են։ Անոնք մարդու սրտին մէջ կը բաւեն, կամ կþաւելնան։ Անոնց մէջ տեղ կը գտնեն տարաբախտ գաղթականութիւնն ու աքսորը, ջարդը, ցեղասպանութիւնը, անհատական թէ հաւաքական յուշը եւ հազարումէկ հարցեր ու պատճառներ, որ անյիշատակ հինը եւ վկայակոչող նորը իրար հետ կը խօսին հարազատ նոյն լեզուով, մեզի առաջնորդելով անցեալէն դէպի ներկայ եւ ներկայէն դէպի յուսադրող ու ներշնչող ապագան։
Իսկութեան մէջ՝ հրապուրիչ ուղեւորութիւն մըն էր ժամանակի ու արուեստի սայլին վրայ, կառապաններ ունենալով երկու արուսետագէտներ, մէկը հայ՝ Ստեփանը, միւսը յոյն՝ Փանաեոթիսը։ Երկու եղբայրակից ազգերու զաւակներ, որոնք հարազատ ու իրար լրացնող համագործակցութեամբ երգեցին երկու ժողովուրդներուն վիշտը, յոյսը, ուժականութիւնը՝ անյաղթահարելի յոյսի հորիզոններ բանալով նոր սերունդին առջեւ։ Երկու արուեստագէտներու կողքին յայտագիրը ճոխացուցին երգչուհիներ Վասիա Զիլու եւ Մարիա Քանելոփուլու, ինչպէս նաեւ արհեստավարժ նուագողներ Լեֆթերիս Խավուցաս ¥կիթառ¬ուտ¤, Օտիսէաս Զաֆիրոփուլոս ¥ջութակ¤, Թէօ Լազարու ¥Քոնթրա¬պաս¤, Անտոնիս Քունտուրիս ¥հարուածային գործիքներ¤, մեկնաբանելով յոյն անուանի երաժիշտներու յօրինումներ՝ Թէոտորաքիս, Խածիտաքիս, Ցիցանիս, Քարտարաս, Մուցիս, Քսարխաքոս։
Իզմիրի աղէտէն 95 տարի ետք, այսօր, հայ եւ յոյն ժողովուրդները կը ներդաշնակուին իրենց նոր կեանքի հարկադրած կանոններով, միշտ պատմական աղէտի ու յարակցօրէն զուգորդուած այդ ողբի մարդկային արձագանգով։
Անմոռանալի երաժշտական ելոյթ մը, որ ոեւէ մէկուն անտարբեր չձգեց։ Իսկապէ՛ս, բոլորովին տարբեր այլ ելոյթներէ, ուր ոգեւորող ներշնչումը, ստեղծագործական աւիւնը եւ դրսեւորուած հոգեկան ներուժը անմրցելի դարձուցին մարդու դերը եւ յարգանքը արուեստին հանդէպ, մշակոյթին հանդէպ՝ հոգեթով վայելքի երեկոյ մը պարգեւելով ներկայ հասարակութեան։
Երբ երգը կը սիրենք, երգիչներն ալ կը սիրենք։ Երաժշտութիւնը ժողովուրդներու անփոխարինելի ժառանգութիւնն է։ Ժառանգութիւն՝ հողի, յուշի, մարդու, որ կþորոնէ իր ազգի սահմանները…։

Յ. Պ.