Յունաստանի լրատուական միջոցները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան Պոլսոյ կրկնակի քաղաքապետական ընտրութիւններուն, որոնք կայացան անցեալ Կիրակի։ Անոնք կը խօսին Էքրէմ Իմամօղլուի յաղթանակին համար, նշելով, թէ անիկա ընդդիմութեան ամենամեծ յաղթանակն էր՝ Թուրքիոյ վերջին տարիներու պատմութեան մէջ։ Ընտրութիւններու առաջին փուլի յաղթական Իմամօղլուն, երկրորդ փուլին կարողացաւ ապահովել քուէներու 54% համեմատութիւնը, ետ ձգելով նախագահ Էրտողանի կողմէ առաջադրուած Պինալի Եըլտըրըմը։ Իմամօղլու ապահովեց 750.000 քուէներ աւելի՝ քան իր մրցակիցը։
Արդիւնքներու առաջին հաղորդումներէն ետք, երեկոյեան ժամը 7ին, Պոլսոյ ասիական մասի բնակչութիւնը ճամբաները ողողեց բացագանչելով՝ «ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ»։
Յաղթական Իմամօղլու յայտնեց թէ, «նոր էջ մը կը բացուի Պոլսոյ պատմութեան մէջ»։ Ան աւելցուց. — «Ի սրտէ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Պոլսոյ 16 միլիոն քաղաքացիներուն, որոնք այսօր վերանորոգեցին մեր յոյսը թրքական հանրապետութեան համար»։
Ան շեշտեց, թէ իր կոչը լսուեցաւ բազմազգեան Պոլսոյ բոլոր հատուածներուն մէջ՝ հայերուն, քիւրտերուն, յոյներուն, իսլամներուն, նոյնիսկ կառավարական կուսակցութեան հետեւորդներուն։ Վերջին իր ակնարկը եղաւ Էրտողանի AKP կուսակցութեան յենարաններուն համար, ինչպիսին են Ֆաթիհի եւ Պէյօղլուի թաղամասերը, ուր Իմամողլու հոն եւս մեծ յաղթանակ տարաւ։
Յունական մամուլը կը նշէ, թէ Էքրէմ Իմամօղլուի յաղթանակը կը նկատուի ժողովրդավարութեան ամէնէն կարեւոր յաղթանակը՝ նախագահ Ռեճեփ Թայիբ Էրտողանի 17 տարիներու կառավարման ընթացքին։
Թուրք նախագահի պնդումը քաղաքապետական ընտրութեանց կրկնումին համար, ի վերջոյ սխալ ռազմավարական քայլ մըն էր, որ առիթը տուաւ ընդդիմութեան՝ ընտրութիւններու ճամբով ջախջախելու Էրտողանի եւ իր կուսակցութեան մեծամտութիւնը։ Այլեւս, Իմամօղլուն կը հանդիսանայ Թուրքիոյ ընդդիմութեան գլխաւոր դէմքը, կը յայտնեն յունական լրատուամիջոցները։ Նախագահ Էրտողան լուրջ պատճառներ ունի ջղային վիճակի մէջ ըլլալու համար։ Արդէն, ինք տարիներ առաջ ան յայտնած էր՝ «ան որ Պոլիսը կը շահի, միաժամանակ կը շահի նաեւ Թուրքիան»։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Իմամօղլուի յաղթանակը՝ ժողովրդավարութեան յաղթանակն է. յունական մամուլ