ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ
Երբ կը փորձենք համաշխարհայնացման ու ժողովրդավարութեան — այսօր՝ երկուքն ալ աւելի քան այժմէական — «գաղափարաբանութիւններու» բնորոշումը կատարել, հարկ է փորձել ասոր ախտաճանաչումը կողմնորոշել՝ երկուքին հասարակական կեանքին մէջ ունեցած դերակատարութեան յստակացման, ազդեցութեան ու որակին մասին, անոնցմէ իւրաքանչիւրը դատելով իր ժամանակի ու վայրի վիրաւոր այժմէականութեան մը ուսումնասիրութեան շրջագիծին մէջ, տրուած ըլլալով, որ 21րդ դարու նախամուտքին կը գտնուինք եւ աշխարհաքաղաքական, ընկերատնտեսական ու քաղաքակրթական իրար յաջորդող նորանոր մարտահրաւէրներ կը ծառանան որքան հայութեան, նոյնքան մըն ալ մարդկութեան առջեւ՝ անմիջականօրէն սպառնալով անոր գոյութեան յաջորդականութեան, մեր կեանքին մէջ տիրող ինքնաբնորոշման անորոշութեան պատճառով:
Մարդկութիւնը իր ապրած ընկերային տագնապներու ճիշդ գնահատանքը ընելու զգայնութիւնը կորսնցուցած ըլլալ կը թուի:
Տեսէ՛ք, հաւաքականութիւնները կորսնցուցած են հասարակաց քալուածքով ընթանալու իրենց մշակոյթը. համամարդկային գաղափարաբանութեամբ ու փորձուած հաստատակամ պատմափիլիսոփայական շարակարգումով ուղեւորուելու իրենց անհաշտ ճիգի երթին մէջ, անոնք ծուղակներու կ՚ենթարկուին: Միայն կոյրերը չեն տեսներ, թէ աշխարհիս տարածքին, մանաւանդ ֆրանսական յեղափոխութեան յառաջադէմ գաղափարներով ներշնչուած Եւրոպայի մէջ, ծայրայեղ աջ ու ֆաշական-հիթլերական շարժումները հետզհետէ կը հզօրացնեն իրենց ամբոխավարական ճարտասանութիւնը՝ ապրելով կամ վերապրելով իրենց աննախատեսելի վերելքի լուսաշաւիղը:
Անտրամաբանական սկզբունքներով առաջնորդուող աշխարհի մը մէջ, ինչպէ՞ս տրամաբանական պատասխաններ գտնել մեզ ճմռթկող հարցադրումներուն…:
***
Այս նախաբանին իբրեւ արդիւնք, ճշդուած մեր նիւթի միջուկին թափանցելէ առաջ, անհրաժեշտ համարելը անհարկի չէ, բնորոշելու համար տուեալ «գաղափարաբանութիւններու» վերափոխուած դիմագիծի եւ խորքային որակի համեմատութիւններու զտութիւնը, հիմնադրութեան դրդապատճառները եւ անկէ բխող մղումներուն տեղ տուող շարժառիթներու ձեւաւորման արդիւնքները, վիճակագրական վերլուծումներու կողմնակալ կամ անկողմնակալ հանդիսադրումներու եւ գիտակցական խեղաթիւրումներու հետեւանքով:
Այսօր որքա՞ն հաւատալ անոնց: Հաւատքը ժողովուրդներու թմրեցուցիչի համազօր կրնայ համարուիլ՝ այնքան ատեն, որ ներգործօն ոյժ կը դրսեւորէ:
Իրապէս, անցնող ժամանակներուն, որո՞նք կրնան համարուիլ այս երկուքին արձանագրած յաջողութիւնները եւ ի՞նչ տեսլականներ կրնան ներշնչել մարդկային հասարակութեան ապագային համար:
Կա՞յ բան մը արդեօք, որ չենք գիտեր, չենք հասկնար. անգիտութեան վարկածը միշտ առկայ պիտի ըլլայ: Բայց կարծեմ, որ ամէն ինչ յստակ ու պարզ է: Յստակ են նաեւ աշխարհաքաղաքական համեմատութիւններու ազդեցութեան ենթակայ եղող այսպիսի երեւոյթներ, որոնք իրենց գաղափարակեդրոնացուած ժամանակը հասունցած համարելով, յանկարծ մարդկութեան կը ներկայանան մարդկային խաղաղ ջուրերը պղտորելու հակումով, մերթ քողարկուած յարձակողապաշտութեամբ, առհասարակ սակայն, աւելի ընդունելի դառնալու ոճի մը ճիգով, ի հարկին ընկերաբանական, գիտական եւ պատմական հոլովոյթի մը պրպտումին տեղ տուող հետազօտական պատճառաբանութեամբ: Սխալ պատկեր չտրուի. երկու «գաղափարաբանութիւններու» խտացուած պատկերի արժանահաւատ դիրքաւորման գծով՝ առաջին մէկ նայուածքով կ՚ունենանք տատանող այն տպաւորութիւնը, թէ ընդունուած ու պարզաբանուած իմաստով՝ անոնք աշխարհայեացքային տեսաբանական փիլիսոփայութիւններ են: Իսկ ժողովրդավարութիւնը իբրեւ հասարակացօրէն ընդունուած գաղափարախօսական մտատիպարի՝ առաւելագոյն մակարդակով արժանի է իր համբաւին: Հոս՝ Սողոմոն-Իմաստունիական երկընտրանքներու խնդիր չկայ:
Իսկ համաշխարհայնացումը՝ աւելի ժամանակակից տեսաբանութեան կարգին կը դասենք, նախքան տեսաբանութիւն ըլլալը:
Առաջինը՝ իր գաղափարահայեացքային սկզբունքներով եւ իտէալականացած ոլորտներու պարբերական յայտնաբերումներով:
Երկրորդը՝ նորահնար ու առանձնայատկօրէն մշակուած վարչագիտական տարազով, որ հունաւորուեցաւ հնարաւոր բոլոր միջոցներով մեր կեանքին մէջ՝ ճանաչում, ինքնահաստատում եւ դերակատարութիւն գտնելու, իր ծրագրած հեռանկարը հաստատուն կերպով իրագործելու համար:
Երկուքի տարբերութեանց բաժանման գիծերու վրայ հիմնուելով՝ հոս, կը հաստատենք, թէ երկուքն ալ բոլորովին ու արմատականօրէն տարբեր մեկնակէտով կ՚ընդունուին որպէս ներքին ու արտաքին արտայայտչականութեան բացուածքներու տեսաբանական նշանակալի իրագործումներ, որոնք յեղափոխութեամբ, պատերազմով թէ մեծահռչակ քարոզչական դերակատարութեամբ, կոչուած են մարդկութեան մաշած դիմագիծը քաղաքաընկերային կատարելութեան յանգեցնող ու ներշնչող պատգամներու վերածելու:
Աւելորդ յոյսեր չկապենք եւ իրատեսութեան կաշկանդող սահմաններէն անդին չանցնինք. գաղափարաբանութիւններու խոստացուած տեսլականները, անշո՛ւշտ, տեսաբանական պարզ տեսադաշտէ մը անդին կ՚անցնին երբեմն, եւ գաղափարականօրէն հետապնդելի գերիշխանութիւններէ անդին կը ստեղծեն տիտղոսաւոր՝ վարչական, վարչագիտական, վարչախմբային, իշխանական թէ մենիշխանական առանձնաշնորհումներու տանող բաժանման կարմիր գիծեր:
Այս վերջին բնորոշումները, յատկապէս իրենց խորքայնութեամբ, կը կրեն քողարկուած կամ յայտնաբերուած համաշխարհայնացման ազդեցիկ կնիքը:
Ահա թէ ուրկէ՛ կուգան պատմական ինքնասպանութիւնները: Համաշխարհայնացումը կը փոխէ լեզու, սահման, ազգութիւն, սահմանադրութիւն՝ ստեղծելով մեր ակնարկած ազգերու ինքնաբնորոշման անորոշութիւններ, չարափոխումներ, անկումներ:
Արդ, ինչպէ՞ս քակել խորհրդաւոր ճախարակէն ճամբայ ելլող դերձանին հանգոյցը. անոր սկիզբը ո՞ւր կը գտնուի. անոր վերջը ո՞ւր պիտի յանգի:
Քաղաքագիտական առումով պիտի արժէր մեկնաբանել:
Կէս-կատար խօսքերը չեմ սիրած երբեք: Բոլորս կը հասկնանք, որ կը խօսինք հարցի մը մասին, որ գեղարուեստին կամ մշակոյթին չի վերաբերիր: Հարցը իր լման հասակով քաղաքական է, տնտեսական է, ընկերային է, «գաղափարաբանական» է, հանրայնօրէն վարչագիտական է, ու տարբերակուած քննարկումներու եւ իր հսկողութեան ենթարկող դրութեան մը տարօրինակ համեմատութիւններու, պղտոր խաղերու հեռանկարներով շարժող մեքենայութիւն մըն է, սկիզբէն մինչեւ վերջ:
Մենք այս մեքենայութեան դիմաց ի՞նչ կրնանք հանդիսադրել. թուաբանական հաշուարկումները մասնակի լուծում կրնա՞ն բերել: Այսպիսի աշխարհայեացքներու տեւականացումը ինչպէ՞ս կ՚ապահովուի: Իսկ ձախողութիւննե՞րը:
Նմանատեսակ բարդ, աննախադէպ ու ոչ-դիւրահաղորդ վարանումներու դիմաց՝ իրապաշտական քանի մը հարցադրումներ պէտք է կատարել, մէկ ու միակ պատասխան ստանալու համար: Բայց տրուած պատասխանին բարոյական ճշմարտութեան ծանրութիւնը ինչպէ՞ս կը կշռադատուի, երբ բաժանման անջատող սահմանները կ՚աւելնան եւ չեն նուազիր:
Հարցի բազմաբեւեռ ըլլալու հանգամանքը իրաւունք կուտայ մեզի այսպիսի աշխարհայեացքներու էութիւնը խնդրական դարձնելու: Յաջողութիւնը թէ ձախողութիւնը ի՞նչ հանգամանքներու տակ կը ճշդորոշուի, ի՞նչ պայմաններու տակ կ՚արժեւորուի, ինչպէ՞ս տեսլականի կը վերածուի, տուեալ տեսլականը ինչպէ՞ս կը մարմնաւորուի հասարակութեանց առօրեայ կեանքին մէջ:
Համաշխարհայնացումը ինքնակոչօրէն ճամբայ ելաւ իբրեւ արեւմտաստեղծ «գաղափարաբանութիւն», բայց շուտով ան ցոյց տուաւ իր իսկական դիմագիծը: Անխուսափելի է արդէն. տնտեսութիւնը ամբողջականօրէն կապուած է քաղաքականութեան ու փոխադարձօրէն: Մէկը միւսի հաշւոյն կամ ի վնաս միջամտութիւններ չի կատարեր:
Այսօր աւելի քան ակնյայտ է, որ համաշխարհայնացումը լուրջ ու խորհրդաւոր պարապութիւններ ստեղծած է ազգերու, ժողովուրդներու, երկիրներու եւ մարդոց կեանքին մէջ: Մարդկութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը՝ համաշխարհայնացման հանդէպ հիացում զգալու պատճառ չունի: Հաւաքականութիւններու գաղափարական մտածելակերպը աղքատացած է:
Ազգեր, ժողովուրդներ, վերագնահատումի ենթարկելէ ետք իրենց գաղափարական զինանոցը, սկսած են փնտռել իրենց դերը իրենց հայրենիքներուն մէջ: Ժողովուրդները այսօր աւելի դիւրին կը հասկնան, թէ ի՞նչ արգիլուած եւ ի՞նչ արտօնուած է. լաւապէս կը հասկնան, թէ լիարժէք թափանցիկութիւնը չի կրնար զարգանալ իրեն թելադրուած արժէքահամակարգային բացակայութեան կողմնորոշումով:
Համաշխարհայնացման իբրեւ հակազդեցութիւն՝ ժողովրդավարութիւնը աւելի տիրական դեր պէտք է վերցնէ ժողովուրդներու կեանքին մէջ, բայց որքան կը դիտենք, դժբախտաբար մեր ընկերութիւնը այսպէս դաստիարակուած ըլլալու նմոյշներ չի զարգացներ:
Համաշխարհայնացումը Անդրկովկաս հասա՞ւ:
Ժողովրդավարութիւնը Անդրկովկաս հասա՞ւ: Համաշխարհայնացումը ամէն տեղ հասաւ. նոյնիսկ էսքիմոցիներէ բնակուած հիւսիսային բեւեռի եւ հարաւային բեւեռի Փաթակոնիոյ մէջ:
Իսկ կովկասեան ամէնէն փոքր երկրի՝ Հայաստանի մէջ, ի՞նչ դեր վերապահուած է ժողովրդավարութեան թէ համաշխարհայնացման:
Թո՛ղ բացայայտ դառնայ. այնքան ատեն որ մարգարէական «վարդապետութիւններու» պատգամներուն մէջ գաղափարական ճեղքեր կը նկատենք, աւելին՝ գաղափարներու մեկնարկային ինքնահերքումներ, չամրագրուած ազգային կայուն դիրքերու փոփոխութիւններ, քաղաքական թէ ապաքաղաքական վերիվայրումներ, մերժողական դիրքաւորումներ ու չլեցուող պարապութիւններ, ինչպէս նաեւ կացութիւններու համակերպելու պարտադրող ընտրանքներ, այդ պարագային անոնք երբեք պիտի չյաջողին պատճառաբանելու իրենց պատգամներու սկզբունքային շարժառիթներու վաւերականութիւնն ու առարկայականութիւնը: Անկէ յետոյ, առարկայականութեան առասպելը ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ համեմատութեամբ պիտի ապրի ու գոյատեւէ հայութեան մէջ, մարդկութեան մէջ:
Ամէն ջերմաչափ ունեցողը բժիշկ չ՚ըլլար: Բժիշկը մասնագիտական ուրիշ գործիքներու ալ պէտք ունի:
Մեր հայրենիքին մէջ, ժողովրդավարութեան ու համաշխարհայնացման միջեւ հինի եւ նորի պայքար կը տեսնէ՞ք: Զիրենք հեշտօրէն դիմաւորելու հրաշալի փոփոխութիւններ կ՚ընկալէ՞ք:
Հաստատելի է, թէ երկուքն ալ նոր են.- կը յիշեցնէ յստակացումի կարօտը հինի եւ նորի միշտ անորոշ, բայց միշտ ակնկալելի խաղը:
Հինի եւ նորի գաղափարական շարժառիթներն ու հակաշարժառիթները դիրքեր փոխելու տրամադրութին ցոյց կուտա՞ն: Հնարաւորութիւն ունի՞ն: Իրենց կեանքի առօրեայ ժամանակացոյցը պարզաբանող ժամացոյցին սլաքները իրենց լարերու կշռոյթին ճշդութիւն կրնա՞ն պահպանել: Այս մթնոլորտով գոյատեւելու պատրաստակամութեան իրենց փորձը արդիւնաւորելու քայլեր կ՚առնե՞ն.- Համամարդկայնական աւանդապաշտութեա՞մբ, արհեստագիտական նորարարութեա՞մբ, նիւթական վերելքի աշխատասիրութեան մասնայատկութեա՞մբ: Ինչպէ՞ս:
Մարդիկ հայրենիքին մէջ մնալու համար զիրենք ներգրաւելու, աւելի բարգաւաճ կեանք ապահովելու հեռանկարով համոզիչ ներդրումներ, աշխատանք, հեռանկար, տեսլական, հորիզոն, ապագայ կը ներշնուի՞: Ի՞նչ ոճով, ի՞նչ տուեալներով, ո՞ր փաստերով ու դրական մղումներով: Արդիական պատմուճանով յեղափոխական տեսութիւնները ինչպէ՞ս գործի կը վերածուին:
Փորձառութիւնը ցոյց կուտայ, թէ որեւէ նորութեան քաղաքական-ընկերային խորք սնուցանող շարժումները՝ ճշմարտութեան ու բարոյականութեան տարբեր համեմատութիւններու ազդակները իրար կրնայ հակադրել: Հոս տոկունութեան ու գոյատեւման կանոնը կրնայ տարբերութիւններ ու վերիվայրումներ ստեղծել:
Քաղաքական բարեացակամութեան մասին մեր առջեւ ցցուող հարցադրումները տարբեր ու այլաբանական ոճով կ՚արժէ դրսեւորել: Անոնք՝ նա՛եւ դարերուն մէջ չմաշող վաւերական պայմանագիրներ կ՚ուզեն: Բայց ո՞վ պիտի խոստանայ այդ մէկը, ո՞վ պիտի կատարէ անոր ճարտասանական բարձրորակ հռետորաբանութիւնը: Այդպիսի բեմ կա՞յ Հայաստանի մէջ:
Հայրենակիցներ, հինցած գաղափարներուն վրայէն ծուարած ժանգը ինչպէ՞ս կը սրբուի: Ո՞վ մեզի պիտի համոզէ գաղափարական ժանգի աննախատեսելի հետեւանքներուն մասին, երբ տուեալ ժանգին կցկտուր կենսագրութիւնը իր խնդրական քաղաքակրթութեան թիրախին չկրցաւ հասնիլ: Ասոր նման հին մտայնութիւն մը կը գերակշռէ, թէ ինչպէ՞ս անտեսել զայն, քանի այն այսօրուան գաղափարէն աւելի հին է: Մտայնութիւնը լաւ իմաստով կը գործածեմ, որովհետեւ իր իսկ աւանդութեան ճամբով կը գոյատեւէ եւ չի հիննար: Կեանքի երկարութեան վրայ իր խորհրդանշական բնոյթն ու ուժը ունի: Բոլորին յստակ է, որ ժանգը չի ներշնչեր. անոր հեւիհեւ շնչառութիւնն ալ չի քաջալերուիր ոեւէ մէկէն, քանի ան արժանահաւատութեան անձնագիր չունի:
Չհասնինք տեղ մը, որ համրերու լեզուով, աչքի, ունքի, յօնքի եւ ձեռք-ոտքի շարժումներով խօսինք, որպէսզի հասկցուինք իրարու հետ՝ հոգեկան արգելապատնէշներ բարձրացնելով մարդոց միջեւ:
Գիտէ՞ք, այս նիւթը չի սպառիր եւ անշուշտ առիթ պէտք է տալ վերանդրադառնալու: Նեղացուցիչ ըլլալու վերարժեւորուած դիտաւորութիւնը կրնայ անվնաս համարուիլ, երբ շեշտակիօրէն չի գրգռեր գրգռելու աստիճան, եբր այդ գրգռութիւնը կը սահմանափակուի աշխարհաքաղաքական գաղափարաբանութիւններու միջեւ տարակարծիք ըլլալու բազմաքաղաքակրթական, բազմատեսակութեան տարբերականութեան յարգումով, մանաւանդ երբ իր սահմանին մէջ կը պատսպարուի, չ՚արիւնիր, չ՚արիւներ, երբ կը յարգէ ժամանակագրական սահմաններու ախտաճանաչման շեշտակշռոյթը:
***
Հունաւորուած յուշը մարդկային գաղափարաբանութիւններու ամէնէն ազնիւ բազկերակը կը հանդիսանայ: Ճշմարտութիւնը յուշի ու յիշողութեան մէջ է. յուշը չի լքեր մարդուն:
Ազգային կեանքի մէջ, տասնամեակներու ներկայութիւն հաշուող մարդիկ կրնան լաւապէս յատկանշուիլ իրենց համայնքին թէ հայրենիքին հանդէպ արտայայտած յանդուգն առաջադրանքներով:
Համաշխարհայնացում եւ ընկերվարութիւն երբեմն կը տրտնջան իրարու դէմ, երբեմն ալ իրարու ականջին տարօրինակ բաներ կը փսփսան: Մերթ սրուած ոճով ճառեր ալ կը փոխանակեն, թացը չորէն զանազանելու ճիգի մը մէջ:
Ասոնք բոլորն ալ փաստի ճանաչման պայքարի մը կը վերաբերին, քանի իրենց մէջ կը պարփակեն յաղթանակներ ու պարտութիւններ, ռազմատենչութիւն ու կրաւորականութիւն, սուգ ու ճակատագիր, ճակատագիր ու իրապաշտութիւն, ազատութիւն ու անկախութիւն, անկախութիւն ու ձգտում:
Համաշխարհայնացումը նեղ կօշիկ հագցուց մարդկութեան: Ո՞ւր կ՚ուզեն տանիլ մարդկութիւնը: Մենք՝ հայերս, մաքուր խօսքով հարց պիտի տանք.- Իրենց ռազմավարական հաշուարկումներով ո՞ւր կ՚ուզեն տանիլ Հայաստանը:
Հայաստանը սիրող ու պաշտպանող քանի՞ հայասէր օտարազգիներ զոհուեցան Հայաստանի կամ Արցախի համար:
Մեր ղեկավարները մեր ժողովուրդը կը սիրե՞ն: Չե՞ն տեսներ, որ հայրենի բնակչութեան թիւը մեծ երկիրներու գիւղի մը բնակչութենէն նուազ մնացած է:
Եթէ յոյն դասական փիլիսոփաներու գաղափարներուն մօտենալու եւ զանոնք հասկնալու փառասէր փորձ մը կատարած ըլլայինք, մերժելով փառքի, ցուցամոլութեան ու սնոտիապաշտութեան առօրեայ երեւոյթներ, թերեւս մեր հանդիսադրած հարցումներուն պատասխաններէն մաս մը հոն գտնէինք, որովհետեւ պիտի անդրադառնայինք մեր միջեւ մտածելու եւ զգալու գաղափարներու տարբերութեան, քանի մտածումը տեւաբար տարբերութիւններ կը ծնի ու կը ծնեցնէ:
Մեր ազգային վէրքերը բուժելու անհրաժեշտութեան պահանջը ամէն տեղ նոյնն է. բուժումին ձեւը քիչ մը կը տարբերի:
Հին բաներուն իմաստը մեր օրերու իմաստներուն պատշաճեցնելու արուեստը ուսումնասիրենք: Վնասով դուրս չենք գար. փորձը այդ ցոյց տուած է, քանի մարդիկ կան, որ տարբեր հասկացողութիւն ունին ժողովրդավար Հայաստանի մը համար:
Հայաստանի մէջ, համաշխարհայնացման երեւումով, մարդիկ յուսացին օգտուիլ ու հարստանալ. բայց մաս մը յուսախաբ եղաւ: Իսկ ժողովրդավարութեան երեւումով, մարդիկ ալ յուսացին ոտքի կանգնիլ, բայց հակառակը պատահեցաւ, անոնք հիասթափուած քսքրտուիլ սկսան իրենց առօրեայ կեանքի անկատարութիւններուն դիմաց:
Գաղափարաբանութիւնները բնորոշումի պէտք ունին Հայաստանի մէջ. ձեւաչափի դասաւորման, դիրքերու ամրապնդման, երկրին մէջ գաղափարական քաղաքացին երկրին տէր դարձնելու յոյսը ներշնչելով իրեն:
Եթէ հարց տաք ինծի, թէ ի՞նչ կրնան բերել մեր հայրենիքին համաշխարհայնացումն ու ժողովրդավարութիւնը, ձեզի պիտի պատասխանեմ, թէ համաշխարհայնացման հրէշը ինչ որ բերաւ եւ դեռ կրնայ բերել հայ կեանքին, աւելի քան բաւարար է: Պիտի փափաքէի, որ ժողովրդավարութիւնը բան մը աւելի բերէ, մանաւանդ մոռցուած մարդոց համար: Աւելին ըսուածը՝ ներքին ու արտաքին արժէքներու հասունացումն է, հայրենիքի մը մէջ՝ որ դարեր կը մարմնաւորէ եւ չի փոխանակուիր, քանի հոն՝ հազուադէպօրէն կը զուգորդուին կարօտը, յարգանքը եւ հայրենասիրութիւնը:
Գազանը պէտք է սպաննել իր որջին մէջ: