Չորեքշաբթի երեկոյեան, Աթէնքի ժողովրդային ցոյցին զուգահեռ, Կրետէ կղզիին մէջ ապրող հայութիւնը միասնաբար հաւաքուելով Իրաքլիոյի կեդրոնական հրապարակին վրայ, իր զօրակցութեան ձայնը լսելի դարձուց Արցախի մէջ քաջաբար դիմադրող հայ զինուորին։
Կազմակերպութեամբ Իրաքլիոյի «Ս. Յովհաննու Կարապետ» եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին, հաւաքը ունէր նաեւ Հայաստան համահայկական հիմնադրամին ճամբով հայ զինուորի ֆոնտին զօրակցելու նպատակ։
Այսպէս, հաւաքի կեդրոնը զետեղուած էր յատուկ գանձանակ մը, որուն մէջ մասնակցող ժողովուրդը դրաւ իր սրտէն բխած նուիրատուութիւնները, հասնելու համար հայ զինուորի եւ մեր բանակի կարիքներուն։
Գործադրուեցաւ յատուկ յայտագիր, որուն ընթացքին լսուեցան զօրակցական խօսքեր տեղական քաղաքապետական եւ մարզային ներկայացուցիչներուն կողմէ, կարդացուեցան ուղերձներ յոյն երեսփոխաններու կողմէ։ Ժողովուրդի տրամադրութիւնը եւ ոգեւորութիւնը շատ բարձր եղաւ, լսուեցան թուրքեւազերիական յարձակումները դատապարտող լոզունքներ եւ բացագանչութիւններ։
Նշենք, որ համահայկական հիմնադրամին իր կարեւոր մասնակցութիւնը բերաւ շրջանի թաղային խորհուրդը եւ յունական ոտնագնդակի արհեստավարժ «Օֆի» ակումբը։
Վերջինի նուիրատուութիւնը բարձր գնահատուեցաւ բոլորին կողմէ, որպէս յոյն մեր եղբայրներու քաջալերական կեցուածք Արցախի ժողովուրդին։
Ժողովրդային զօրակցական հաւաք Իրաքլիոյի մէջ
Ժողովրդային զօրակցական հաւաք Իրաքլիոյի մէջ