­Հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ա­ռա­ջին շար­քե­րուն վրայ

­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 109-ա­մեա­կի ե­լոյթ­նե­րուն շար­քը Ա­թէն­քի մէջ հա­սաւ իր գա­գաթ­նա­կէ­տին, ­Չո­րեք­շաբ­թի, 24 Ապ­րիլ 2024-ի ե­րե­կո­յեան, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած բո­ղո­քի քայ­լար­շա­ւով եւ ցոյ­ցով դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն։
­Ժո­ղո­վուր­դի ժա­մա­դ­րա­վայ­րը ե­ղաւ ­Սին­տաղ­մա­յի կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կը, ո­րուն վրայ օ­րե­րէ ի վեր կը գոր­ծէ Ե­րիտ. ­միու­թեան տե­ղե­կա­տո­ւա­կան կրպա­կը։ Ա­մէն տա­րի­քի հայ­րե­նա­կից­ներ, մե­ծով ու փոք­րով, ի­րենց ու­ժեղ ներ­կա­յու­թիւ­նը հաս­տա­տե­ցին ցոյ­ցին, պա­հան­ջե­լու հա­մար թուրք պե­տու­թե­նէն ճանչ­նալ 109 տա­րի ան­հա­տոյց մնա­ցած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը։ ­Մա­նա­ւանդ, յատ­կան­շա­կան էր հայ նոր սե­րուն­դի ներ­կա­յու­թիւ­նը, ո­րուն պա­հան­ջա­տի­րա­կան ո­գին ա­ռաջ­նոր­դող ու­ժը դար­ձաւ քայ­լար­շա­ւի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան։ ­Յատկա­ն­շա­կան էր ներ­կա­յու­թիւ­նը հա­մա­պոն­տա­կան միու­թեան նա­խա­գահ Եոր­ղոս ­Վա­րի­թի­միա­տի­սին եւ այլ յու­նա­կան հա­սա­րա­կա­կան միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն։
Ո­րո­շեալ ժա­մուն, Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան ան­դամ­նե­րու ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, եր­կու մե­ծա­դիր դրօշ­նե­րը՝ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի, լայ­նօ­րէն պար­զած, ժո­ղովր­դա­յին մե­ծա­թիւ հա­մախմ­բու­մը ճամ­բայ ե­լաւ ­Սին­տաղ­մա­յի հրա­պա­րա­կէն եւ ուղ­ղո­ւե­ցաւ դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն։
Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ան­դամ­նե­րը մեծ պաս­տառ­ներ բռնած, տո­ւին ցոյ­ցին ազ­դան­շա­նը զա­նա­զան լո­զունգ­նե­րով, ո­րոնք կը դա­տա­պար­տէին թրքա­կան եւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան հա­կա­հայ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, միա­ժա­մա­նակ կը պա­հան­ջէին ­Թուր­քիա­յէն ա­ռե­րե­սո­ւիլ իր ա­րիւ­նոտ պատ­մու­թեան հետ ու ճանչ­նալ հա­յու­թեան դէմ գոր­ծած ո­ճի­րը։ ­Ժո­ղո­վուր­դը եւս հե­տե­ւե­լով ար­տա­սա­նո­ւած լո­զունգ­նե­րուն, միա­կամ եւ հա­ւա­քա­կան ուժգ­նու­թեամբ կը կրկնէր զա­նոնք։
Ա­թէն­քի կեդ­րո­նա­կան ճամ­բա­նե­րէն ան­ցած թա­փո­րին հե­տե­ւե­ցան բազ­մա­թիւ յոյն հայ­րե­նակ­ցի­ներ, ո­րոնք քա­ջա­լե­րա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւննե­րով ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը կը յայտ­նէին հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դար պա­հանջ­նե­րուն։
­Ժո­ղովր­դա­յին թա­փո­րը հա­սաւ ­Ռի­ղի­լիս հրա­պա­րա­կը, ուր ան­գամ մը եւս, ոս­տի­կա­նու­թեան զրա­հա­պատ մե­քե­նա­նե­րը փա­կած էին ճամ­բան դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն։ ­Տա­րի­նե­րու վրայ եր­կա­րող այ­լեւս ան­հա­ճոյ պատ­կեր մըն է պար­զո­ւած ե­րե­ւոյ­թը, ուր ոս­տի­կա­նա­կան յա­տուկ ջո­կատ­ներ թոյլ չեն տար խա­ղաղ ցու­ցա­րար­նե­րուն մօ­տե­նալ թրքա­կան դես­պա­նա­տան շէն­քը եւ ի­րենց ցա­սու­մը ար­տա­յայ­տել ընդ­դէմ շա­րու­նա­կո­ւող թրքա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։
­Տեղ­ւոյն վրայ գոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ զօ­րակ­ցա­կան խօս­քե­րու կարճ յայ­տա­գիր մը, ո­րուն ըն­թաց­քին կար­դա­ցո­ւե­ցաւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ա­նու­նով յանձ­նո­ւե­լիք յու­շա­գի­րը, որ­մէ ետք յու­նա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու, ա­ռա­ւել հա­մա­պոն­տա­կան միու­թեան ե­րի­տա­սա­րա­դա­կան բա­ժին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, մէկ առ մէկ, ու­ղերձ­նե­րով հան­դէս ե­կան եւ ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին հայ ժո­ղո­վուր­դին։
­Մինչ Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը յա­ռա­ջա­ցաւ դէ­պի դես­պա­նա­տուն՝ փոր­ձե­լու հա­մար յանձ­նել յու­շա­գիր, ժո­ղո­վուր­դի զայ­րոյ­թը դրսե­ւո­րո­ւե­ցաւ հա­կա­թուրք լո­զունգ­նե­րու ա­ւե­լի ուժ­գին բա­ցա­գան­չու­թեամբ։
Դժ­բախ­տա­բար, այս ան­գամ եւս պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը բա­խե­ցաւ ոս­տի­կա­նա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու յա­մառ եւ կտրուկ մեր­ժու­մին հաս­նե­լու մին­չեւ դես­պա­նա­տան դու­ռը, պա­տո­ւի­րե­լով հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն յու­շա­գի­րը զե­տե­ղել դես­պա­նա­տու­նէն հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ գտնո­ւող ծա­ռի մը վրայ…։
­Բարձ­րա­խօ­սէն տրո­ւած բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րուն վրայ, ժո­ղո­վուր­դի ընդվ­զու­մը ա­ւե­լի ուռ­ճա­ցաւ, իսկ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը զօ­րա­ւոր բա­ցա­գան­չու­թիւն­նե­րով դա­տա­պար­տե­ցին մեր­ժու­մի ա­րար­քը։
­Զայ­րոյ­թի եւ ցա­սու­մի այդ բուռն պա­հե­րուն, կարգ մը ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն կող­մէ այ­րո­ւե­ցաւ ­Թա­լեա­թի, Էր­տո­ղա­նի եւ Ա­լիե­ւի պատ­կե­րը կրող մար­դան­ման շի­նո­ւածք մը, մինչ բո­լոր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը շա­րու­նա­կա­կան բա­ցա­գան­չու­թիւն­նե­րով ի­րենց ընդվ­զու­մը կ­՚ար­տա­յայ­տէին։
­Յան­կարծ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու մեծ թա­փո­րը սկսաւ ա­րա­գօ­րէն շար­ժիլ դէ­պի ոս­տի­կա­նա­կան ու­ժե­րու շա­րա­սիւ­նը, մինչ պա­տաս­խա­նա­տու ըն­կեր­ներ կը փոր­ձէին զսպել մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, որ­պէս­զի ա­ռաջ­քը առ­նո­ւի ոս­տի­կանու­թեան կող­մէ ար­ցուն­քա­բեր կա­զե­րու ար­ձա­կու­մին կամ ո­րե­ւէ բա­խու­մի։ Մթ­նո­լոր­տը շի­կա­ցած էր ու մեր տղա­քը ա­ւե­լի ուժ­գին կը պա­հան­ջէին յա­ռա­ջա­նալ մին­չեւ դես­պա­նա­տուն, միա­ժա­մա­նակ լո­զունգ­նե­րը ա­ւե­լի զօ­րա­ւոր լսո­ւե­ցան հա­մախմ­բո­ւած ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ։
­Հա­կա­ռակ ոս­տի­կա­նու­թեան մեր­ժու­մին, բո­ղո­քի ժո­ղովր­դա­յին ցոյ­ցը հա­սաւ իր նպա­տա­կին, թրքա­կան պե­տու­թեան ներ­կա­յա­ցուցիչ­նե­րուն լսե­լի դարձ­նե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի բո­ղոքն ու ար­դա­րու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մի պա­հան­ջը։
­Ցոյ­ցի ա­ւար­տին, հա­մախմ­բո­ւած հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը եւ ժո­ղո­վուր­դը միա­բե­րան եր­գե­ցին հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ո­գերգ­նե­րը։