Թեսաղոնիկահայութիւնը անգամ մը եւս իր
երիտասարդութեամբ փաստեց պայքարելու աննկուն կամքը
Կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Թեսաղոնիկէի «Ս. Թեհլիրեան» Երիտասարդական Միութեան, Երեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2018ի երեկոյեան ժամը 6։00էն սկսեալ, «Սպիտակ Աշտարակ»ի առջեւ տեղադրուած Երիտասարդական տաղաւարէն ընթացք առաւ ժողովրդային բողոքի ցոյց դէպի Թեսաղոնիկէի թրքական Հիւպատոսարան, ներկայութեամբ հարիւրաւոր թեսաղոնիկահայ պատանիներով, երիտասարդներու, տարէցներու ու փոքրերու։
Նշենք, որ Շաբաթ, 21 Ապրիլէն մինչեւ Չորեքշաբթի, 25 Ապրիլ 2018, «Սպիտակ Աշտարակ»ին առջեւ տեղադրուած էր Երիտասարդական տաղաւարը, որ անցորդներուն՝ յոյն թէ հայ, ու մանաւանդ օտարներուն, տեղեկութիւններ կը փոխանցէր Հայ Դատի վերաբերեալ ու մասնաւորաբար Հայոց Ցեղասպանութեան ճշմարտացիութեան կապակցութեամբ։
Երեկոյեան ժամը 7։30ին ընթացք առաւ բողոքի ցոյցը, շարքերու խմբուածութեամբ, մեր երիտասարդներու ճշդապահ կարգապահութեամբ եւ բարձրախօսներու ու մանաւանդ օրուան կարգախօսները պարզող ցուցապաստառներու եւ ցուցատախտակներու կողքին, Եռագոյն դրօշով, Թեսաղոնիկահայութիւնը իր բողոքի ցասումը յայտնեց ամբողջ տեւողութեան ընթացքին։ Բնականաբար, ճամբու ընթացքին, ապահովութեան ոստիկաններ հսկեցին եւ օգտակար դարձան ճամբորդներուն՝ ուղղուելու տարբեր ճանապարհներով։ Երբ բողոքի ցուցարարները մօտեցան Թրքական Հիւպատոսարան, բնականաբար, յոյն ոստիկաններ արգելք հանդիսացան յառաջանալու դէպի հիւպատոսարանի շէնքը, նկատի ունենալով, որ ոստիկանութիւնը իր հանրակառքերով փակած էր հիւպատոսարանի փողոցը, հետեւաբար, չարտօնեց նաեւ որ ցոյցը ներկայացնող պատասխանատուներու պատուիրակութիւնը մօտենայ եւ յանձնէ ցոյցին յուշագիրը, այլ՝ թելադրեց պատի մը վրայ փակցնել Հայութեան պահանջները։
Ցուցարարները աւելի բարձրաձայն հնչեցուցին արդարութեան ձայնի պահանջները։ Աւելի ուշ, թրքական հիւպատոսարանի փողոցին վրայ լսուեցան ազգային եւ յեղափոխական երգեր, ժողովուրդի խուռներամ մասնակցութիւնը աւելի ոգեշնչեցին երիտասարդները, որպէսզի շարունակեն իրենց պահանջատիրական երթը։ Ի վերջոյ, Հայ Դատի անունով յունարէն լեզուով խօսք առաւ Պետրոս Հալաճեան, որ ոգեշնչիչ ու խրախուսիչ պատգամներով յորդորեց բոլորին, վճռակամ քայլերով շարունակելու մեր երթը, յանուն արդարութեան, յանուն պահանջատէր մեր ժողովուրդի զաւակներուն ու մանաւանդ յանուն մեր Ս. Նահատակներու թափած արիւնի ամէն մէկ կաթիլի։ Բողոքի ցոյցը եզրափակուեցաւ Հայաստանի եւ Յունաստանի Հանրապետութիւններու Ազգային քայլերգներով։
Թղթակից