«Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար». Հ.Օ.Մ.ի Հայաստանի միաւորը 25 տարեկան է
Հայ Օգնութեան Միութեան Հայաստանի Շրջանային Վարչութիւնը 25 տարեկան է: Կամաւորներու միջազգային օրուան առիթով, 5 Դեկտեմբերին, Երեւանի մէջ համախմբուեցան Հայաստանի համայնքներուն մէջ գործող Հ.Օ.Մ.ի 47 մասնաճիւղերէն կամաւորներ: Յոբելինական նախաձեռնութիւնը կը կրէր «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» խորագիրը:
Հայաստանի Հայ Օգնութեան Միութիւնը հիմնուած եւ պաշտօնապէս արձանագրուած է 1991ին: Այսօր Հ.Օ.Մ.ի աւելի քան 500 կամաւորներ բազմաթիւ բարեսիրական ծրագիրներ կ՛իրականացնեն Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ՝ ընդգրկելով կրթութեան, մշակոյթի, առողջապահական, ընկերային եւ տնտեսական ոլորտները:
«Այս 25 տարիների ընթացքում, Հ.Օ.Մ.ի կամաւորներն իրենց յաւելեալ ժամանակն ու աջակցութիւնն են բերել ի նպաստ հայ ժողովրդի՝ առանց որեւէ ակնկալիքի ու գնահատականի սպասելիքի»,- լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտնած է Հ.Օ.Մ.ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Դիանա Յովսէփեան: Անոր համաձայն՝ Հ.Օ.Մ.ի կամաւորները մեծ աշխատանքներ կատարած են յատկապէս 2016ի Ապրիլեան պատերազմի օրերուն օժանդակութիւն ցուցաբերելով զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն ու վիրաւոր զինուորներուն: Այդ ընթացքին Հ.Օ.Մ.ի ջանքերով մեծաքանակ մարդասիրական օգնութիւն ուղարկուած է դիրքեր ու զօրամասներ:
Հ.Օ.Մ.ի կամաւորները կը վկայեն, որ կազմակերպութիւնը մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ ընկերային ծրագիրներու իրականացման վրայ: Այս 25 տարիներուն 7927 որբ երեխաներ Հ.Օ.Մ.ի ջանքերով գտած են աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հովանաւորներ, որոնք նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերած են երեխաներուն մինչեւ անոնց չափահաս դառնալը: Ներկայիս այդ ծրագիրին մէջ կան 1197 ծնողազուրկ երեխաներ:
Յոբելինական ձեռնարկին ընթացքին ընկերային բնագաւառին մէջ կատարած աշխատանքներուն համար Հ.Օ.Մ.ը պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան պատուոյ գիրով: Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կողմէ Հ.Օ.Մ.ին շնորհուեցաւ Հայաստանի բարձրագոյն պարգեւ՝ Ոսկի յուշաշքանշան: Արցախի մէջ կատարած աշխատանքներուն համար՝ Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ Արա Յարութիւնեանի անունով Հ.Օ.Մ.ը պարգեւատրուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետի յուշաշքանշանով: