Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ Արցախին նուիրուած ելոյթներու շարքը սկիզբ առաւ Թեսաղոնիկէի մէջ, ուր Կիրակի՝ 17 Մարտ 2019ին, «Սուրբ Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ, կազմակերպուեցաւ ժողովրդային հաւաք, բանախօսութեամբ՝ յատկապէս հրաւիրուած Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարար տոքթ. Լեռնիկ Յովհաննիսեանի։
Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան խանդավառութեամբ ողջունեց հիւր նախարարին ներկայութիւնը՝ յայտնելով, թէ ամբողջ հայութիւնը, վառ զգացումներով, միշտ զօրավիգ կը կանգնի Արցախի ժողովուրդի արդար պայքարին եւ, յաւելեալ, ուրախ կ’ըլլայ, երբ Արցախի պետութեան ներկայացուցիչ մը կը հիւրընկալէ։
Ձեռնարկին մասնակից դարձան հելլէն խորհրդարանի պատգամաւոր, նախկին փոխ-նախարար Գոնսթանտինոս Կիւլեքաս, ինչպէս եւ Յունաստանի Համապոնտական միութիւններու նախագահ Խրիսթինա Սախինիտու, որոնք առանձնաբար զրուցեցին նախարարին հետ՝ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով Արցախի ժողովուրդի արդար դատին:
Ձեռնարկին ներկայ եղան Թեսաղոնիկէի Թաղային Խորհուրդի ատենապետ Արթին Աբրահամեան եւ Թաղականութեան ու Տիկնանց Մարմնոյ անդամներն ու ժողովուրդ։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ Թեսաղոնիկէի Հ.Յ.Դ. Կոմիտէի կազմակերպութեամբ իրագործուած ձեռնարկին բացումը կատարեց ընկ. Պետրոս Հալաճեան՝ յայտնելով, թէ նախարարի Յունաստան այցելութեան նպատակը թէ՛ գաղութը ճանչնալու, թէ՛ ի մասնաւորի քաղաքական հանդիպումներ իրագործելու կարեւոր առիթ մըն է, որ Յունաստանի հանրային կարծիքին առջեւ պիտի դնէ Արցախի հերոսական ժողովուրդի դատը եւ Արցախի պետութեան միջազգային ճանաչման հեռանկարը։
«Նաեւ առիթ է մեզի համար, որպէսզի մօտէն լսենք Արցախի առօրեայ կեանքին, ժողովուրդի աշխատանքային առօրեային եւ երկրի բնական գեղեցկութիւններուն մասին։ Արցախի հերոսական ժողովուրդը պէտք է գիտակցի, թէ իր կողքին կը գտնուի ամբողջ յունահայութիւնը եւ մէկ մարդու պէս ոտքի կը կանգնի, երբ պէտք կ’ըլլայ պաշտպանելու մեր ազգային իրաւունքները, Արցախի պայքարին բերելով իր մշտական զօրակցութիւնը։ Արցախը միշտ ալ ներգրաւող ազդակ կը մնայ բոլոր հայերուս համար։
Մեզի կը մնայ այցելել, տեղական պայմանները ճանչնալ, ներգրաւուիլ՝ հայրենի գեղեցիկ այս հողով»,- ըսաւ ընկ. Պետրոս Հալաճեան, ապա՝ կարճ կենսագրական տեղեկութիւններ փոխանցեց օրուան բանախօսին մասին։
Արցախի Հանրապետութեան մշակութային, զբօսաշրջութեան ոլորտներու զարգացման ու երկրի միջազգային ճանաչման հեռանկարներուն մասին խօսեցաւ նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, որ կարեւորութեամբ շեշտեց սփիւռքի ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը այս գործառոյթին մէջ:
Պրն. նախարարը խօսեցաւ Հայաստանի ու Արցախի մէջ ապրող յունական ծագումով քաղաքացիներուն մասին՝ յայտնելով, թէ Արցախի մէջ 19րդ դարու 40ական թուականներէն արդէն ձեւաւորուած էր յունական փոքրիկ համայնք, որ ապրած է ու կը շարունակէ ապրիլ իր հետաքրքրական առօրեայով՝ մասնակից մնալով Արցախի հասարակական կեանքին:
Ան խօսեցաւ Արցախի Մեհմանա գիւղին մէջ բնակող յոյներուն մասին, ինչպէս նաեւ լրագրական ու այլ աշխատանքներով զբաղող յոյներուն։
Իրեն ուղղուած հարցումներուն պատասխանելով՝ պրն. նախարարը անդրադարձաւ նաեւ Արցախ-Յունաստան յարաբերութիւններուն, զորս կարելի է աւելի ամրապնդել՝ կրթութեան, մշակոյթի, զբօսաշրջութեան բնագաւառներէն ներս, արդիւնաւէտ գործակցութեամբ: «Մենք պատրաստ ենք փոխ-գործակցութեան, բաց ենք կառուցողական առաջարկների քննարկման ու նախագծերի իրականացման համար: Պատրաստ ենք նաեւ ձեզ ընդունելու մեր փոքրիկ երկրում՝ ազատ, անկախ Արցախում՝ ծանօթացնելու մեր հարուստ պատմամշակութային ժառանգութեանը, մշակութային կեանքին ու արցախեան անկրկնելի հիւրասիրութեանը»,- յայտնեց պրն. նախարարը:
Ձեռնարկի վերջաւորութեան բեմ բարձրացաւ լրագրող պրն. Եանիս Քարիփիտիս, որ Արցախի պատերազմի օրերուն լրագրական առաքելութեամբ Ստեփանակերտ եւ Շուշի գտնուած էր, յունական ΑΝΤΕΝΝΑ հեռատեսիլի լրագրող Նիքոլաս Վաֆիատիսի հետ։ Ան յուզիչ մթնոլորտի մէջ պատմեց իր յուշերը պատերազմէն, բայց նաեւ Արցախի ժողովուրդի դիմադրական կարողութիւններէն ու յոյն լրագրողները գրկաբաց ընդունելու անոր հիւրասիրութենէն։
Ձեռնարկէն ետք եկեղեցւոյ բակին մէջ շարունակուեցան զրոյցներն ու քննարկումները հելլէն խորհրդարանի պատգամաւոր Գոնսթանտինոս Կիւլեքասին հետ, որ իր ջերմ զօրակցութիւնը անգամ մը եւս արտայայտեց Արցախի ժողովուրդին հանդէպ։
Հանդիպում՝
Հ.Հ. դեսպանութենէն ներս
Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան ու զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանն եւ անոր ընկերակցող Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամները, Ուրբաթ՝ 15 Մարտ 2019ին, այցելութիւն մը տուին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն։
Հ.Հ. դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեանի աշխատանքային պարտականութեամբ Յունաստանէն բացակայութեան պատճառով, պրն. նախարարին ընդունեցին Հ.Հ. դեսպանի տեղակալ պրն. Ալեքսանդր Սարգսեան եւ Հ.Հ. հիւպատոս տիկին Աննա Խաչատրեան։
Գործակցութեան բարձր մակարդակի ու շատ ջերմ մթնոլորտի մէջ, զրոյց ծաւալեցաւ Արցախի Հանրապետութեան հարցերուն շուրջ։
Հանդիպում՝ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան
անդամներուն հետ
Թեսաղոնիկէ եւ Աթէնք իր այցելութեան ծիրէն ներս, Արցախի Հանրապետութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, առիթը ունեցաւ տեսակցելու Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան անդամներուն հետ, որոնց հետ ջերմ մթնոլորտի մէջ ու շինիչ քննարկումներու ընթացքին՝ ան ներկայացուց Արցախի ներկայ իրավիճակը, դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ ապագայի հեռանկարները։
Հրապարակային ձեռնարկ՝ Աթէնքի մէջ
Յառաջիկայ օրերուն եւս նախատեսուած են Արցախի Հանրապետութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանի հանդիպումներ ու տեսակցութիւններ Աթէնքի մէջ, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի՝ 20 Մարտ 2019ին, երեկոյեան ժամը 6։30ին, Յունաստանի Լրագրողներու Միութեան (ESHEA) սրահէն ներս (Աքատիմիաս 20, Աթէնք) տեղի ունենալիք ձեռնարկը, ուր հրաւիրուած են մեր բոլոր հայրենակիցները, լսելու եւ մասնակից դառնալու մեր Արցախի միջազգային ճանաչման գործառոյթի զարգացումներուն մասին։
Արցախը հայութեան կարեւոր հիմնահարցն է, որու յաջողութեան համար մեր բոլորի օժանդակութիւնը կարեւոր ու հարկադիր կը մնայ։
Ներկա՛յ ըլլանք բոլորս եւ գործնական մեր ներդրումը բերենք։