ՄԻՆՍԱՐ
­Հա­կա­ռակ որ մու­թը շա­տոնց կո­խած էր, բայց եւ այն­պէս, ­Վար­դա­նի­կը՝ իր ման­կա­կան սե­նեա­կին մէկ ծայ­րը բա­րի-բա­րի նստած, խոր մտա­ծում­նե­րու մէջ թա­ղո­ւած էր…
Իր հայ­րը, հան­րա­ծա­նօթ ի­րա­ւա­բան պա­րոն ­Վա­ղու­նակ Օ­րի­նա­գէ­տեա­նը, անց­նե­լով տղուն սե­նեա­կին առ­ջե­ւէն, եւ նկա­տե­լով չա­րաճ­ճի ­Վար­դա­նի­կին այս «անբ­նա­կան» կե­ցո­ւած­քը, սե­նեակ մտնե­լով մտա­հո­գո­ւած հար­ցուց…
— Ի՞նչ կայ ­Վար­դա­նիկ, ի՞նչ կը մտա­ծես կոր տղաս, նա­ւե՞րդ ընկղմե­ցան նո­րէն…
— ­Հայ­րիկ, կրնա՞մ քե­զի հար­ցում մը ը­նել, լրջու­թեամբ հար­ցուց ­Վար­դա­նի­կը…
— Ա­յո, ան­շուշտ, հար­ցուր տղաս…
— ­Հայ­րիկ, դուն ժա­մա­կան որ­քա՞ն դրամ կը շա­հիս…
— Այս մէ­կը քու գիտ­նա­լիքդ չէ տղաս, ին­չո՞ւ կը հարց­նես…
— Կ’ու­զեմ գիտ­նալ… հա­ճի՜ս հայ­րիկ, ը­սէ ին­ծի, դուն ժա­մա­կան որ­քա՞ն դրամ կը շա­հիս…
— ­Լաւ, ը­սեմ, ու­րեմն ես ժա­մա­կան հա­րիւր եւ­րօ կը շա­հիմ…
— Օօօ՜… ու­րեմն հա­րի՞ւր եւ­րօ…
— Ա­յո՛ տղաս, ես ժա­մա­կան հա­րիւր եւ­րօ կը շա­հիմ…
— ­Մի­թէ կրնա՞ս ին­ծի յի­սուն եւ­րօ փոխ տալ հայ­րիկ, գլխի­վայր հար­ցուց ­Վար­դա­նի­կը…
­Պա­րոն Օ­րի­նա­գէ­տեա­նը նե­ղա­ցած, բար­կա­ցաւ տղուն վրայ…
— Ե­թէ ինձ­մէ յի­սուն եւ­րօ ու­զե­լուդ պատ­ճա­ռը միայն ու միայն դար­ձեալ ան­պէտք խա­ղա­լիք մը, եւ կամ ալ ա­նոր նման ու­րիշ ո­րե­ւէ պա­րապ բան մը գնելն է, մոռ­ցիր…
— ­Բայց հայ­րիկ, ես…
— ­Հետդ շատ նե­ղո­ւած եմ, ­Վար­դա­նիկ… դուն շա՜տ անձ­նա­սէր ե­ղեր ես… ես այս­քան տքնա­ջամ չեմ աշ­խա­տիր կոր, քու կող­մէդ այս­պի­սի ան­չա­փա­հաս ու ան­պա­տաս­խա­նա­տու մօ­տե­ցու­մի մը ար­ժա­նա­նա­լու հա­մար… խնդրեմ ան­կո­ղինդ մտիր եւ քնա­ցիր…
­Վար­դա­նի­կը ա­ռանց խօ­սե­լու ան­կո­ղի­նը մտաւ…
­Հայ­րը սրտնե­ղած սե­նեա­կէն դուրս ե­լաւ, դու­ռը գո­ցեց եւ ի­րենց տան հիւ­րա­սե­նեա­կը գնաց…
* * *
­Պա­րոն ­Վա­ղու­նակ ձեռ­քը «ո­ւիս­քի»-ով լե­ցուն գա­ւաթ մը բռնած, նստաւ հիւ­րա­սե­նեա­կին հանգս­տա­ւէտ բազ­կա­թոռ­նե­րէն մէ­կուն վրայ եւ մէկ ա­ւե­լի բար­կա­ցած՝ սկսաւ մտա­ծել փոք­րիկ տղուն ը­րած հար­ցու­մին մա­սին: ­Չեր կրնար ըն­դու­նիլ, որ զա­ւա­կը այդ­պի­սի հար­ցում մը ը­րած էր, միայն ու միայն իր­մէ ո­րոշ գու­մար մը փրցնե­լու նպա­տա­կով…
­Մէկ ժամ անց եւ եր­կու գա­ւաթ «ո­ւիս­քի» եւս խմե­լէ ետք, պա­րոն Օ­րի­նա­գէ­տեան կար­ծես, թէ քի­չիկ մը հան­դար­տե­ցաւ եւ սկսաւ ե­ղա­ծին մա­սին ա­ւե­լի պա­ղա­րիւ­նու­թեամբ մտա­ծել: ­Խոր­հե­ցաւ, որ ­Վար­դա­նի­կը սո­վո­րա­բար իր­մէ դրամ չէր ու­զէր… հե­տե­ւա­բար, կրնար ըլ­լալ, որ զա­ւա­կը այդ յի­սուն եւ­րոն պէտք ու­նէր, ի­րեն հա­մար կա­րե­ւոր բան մը գնե­լու հա­մար…
­Տե­սակ մը խղճի խայթ ու­նե­նա­լով, մօ­տե­ցաւ տղուն սե­նեա­կը եւ կա­մա­ցուկ մը դու­րը զար­նե­լով հար­ցուց…
— ­Վար­դա­նի՞կ, քնա­ցա՞ր տղաս…
— Ոչ հայ­րիկ, տա­կա­ւին ար­թուն եմ…
­Պա­րոն ­Վա­ղու­նակ սե­նեակ մտաւ, տղուն մահ­ճա­կա­լին մէկ ծայ­րը նստաւ, եւ մեղմ ձայ­նով հե­տը խօ­սիլ սկսաւ…
— ­Նա­յիր տղաս, թե­րեւս քիչ ա­ռաջ հետդ ա­նար­դա­րօ­րէն վա­րո­ւե­ցայ, նե­րէ ին­ծի, շատ հոգ­նած էի եւ քու վրադ պայ­թե­ցայ… ա­հա ու­րեմն, առ ինձ­մէ ու­զած յի­սուն եւ­րոն…
­Փոք­րիկ տղուն ե­րե­սը ան­մի­ջա­պէս լու­սա­ւո­րո­ւե­ցաւ…
Ան­կո­ղի­նէն ոտ­քի ցատ­կեց եւ խնդու­մե­րէս՝ «շնոր­հա­կալ եմ հայ­րիկ» ը­սե­լով, վեր­ցուց գլխուն բար­ձը, ա­նոր տա­կէն ճմռթկո­ւած դրա­մա­թուղ­թե­րու բա­ւա­կան մեծ գու­մար մը հա­նե­լով…
­Հայ­րը տես­նե­լով, որ տղան ար­դէն բա­ւա­կան մեծ գու­մար մը ու­ներ, ի­րեն կրկին բար­կա­նալ սկսաւ…
­Վար­դա­նի­կը մէկ կող­մէն շա­րու­նա­կեց կա­մաց-կա­մաց բար­ձի տա­կի դրամ­նե­րը հա­նել, միւս կող­մէն ալ վա­խով հօ­րը բար­կա­ցած ե­րե­սը նա­յիլ…
— Տ­ղաս, քա­նի որ ար­դէն դրամ ու­նէիր, ին­չո՞ւ ինձ­մէ ու­րիշ դրամ ալ կ’ու­զես կոր, բար­կու­թեամբ հար­ցուց պա­րոն ­Վա­ղու­նա­կը…
— Ին­չու… ին­չու շատ չու­նէի… բայց հի­մա ու­նե­ցածս լրա­ցու­ցի… հի­մա ճիշդ հա­րիւր եւ­րօ ու­նիմ…
— Տ­ղաս, դուն այս հա­րիւր եւ­րոն ի՞նչ պի­տի ը­նես…
— ­Հայ­րիկ… հի­մա կրնա՞մ քու ժա­մա­նա­կէդ մէկ ժամ գնել… հա­ճիս, վա­ղը գոր­ծէդ մէկ ժամ ա­ւե­լի կա­նուխ վե­րա­դար­ձիր, որ­պէս­զի բո­լորս միա­սին ու­տենք…
­Պա­րոն Օ­րի­նա­գէ­տեա­նը զար­մա­նա­հար եւ յու­զո­ւած, գրկեց ­Վար­դա­նի­կին եւ իր­մէ նե­րո­ղու­թիւն խնդրեց…
Ա­մէն բան պար­զո­ւած էր…
* * *
Տք­նա­ջա­նօ­րէն առ­տու-գի­շեր աշ­խա­տող սի­րե­լի ծնող­ներ՝
­Թող այս գրու­թիւ­նը զարթ­նու­մի փոք­րիկ ա­հա­զանգ մը ըլ­լայ մեր բո­լո­րին հա­մար…
Ու­րիշ ո­չինչ…
­Թող չձգենք, որ մեր կեան­քը սա­հի ու անց­նի ա­նար­ժէք բա­նե­րու հա­մար…
­Թող ժա­մա­նակ անց­նենք մե­զի սի­րե­լի ան­ձե­րուն հետ… բո­լոր ա­նոնց որ մեր սրտին մէջ են… մեր հո­գիին մէջ են…
­Թող մեր այս թա­փուր կեան­քի մէկ ժա­մո­ւան հա­րիւր եւ­րոն, ե­կէք «ծախ­սենք» մեր ըն­տա­նի­քին հա­շո­ւոյն…
Վս­տահ ըլ­լանք որ…
­Նոյ­նիսկ ե­թէ վա­ղը ա­ռա­ւօտ գո­յու­թիւն ու­նե­նա­լէ դադ­րինք, մեր աշ­խա­տած ըն­կե­րու­թիւ­նը քա­նի մը օ­րէն, եւ շա՜տ մեծ դիւ­րու­թեամբ մե­զի պի­տի փո­խա­րի­նէ…
­Բայց յե­տին ձգած մեր ըն­տա­նի­քը, մեր ազ­գա­կան­նե­րը, մեր բա­րե­կամ­նե­րը, մեր սի­րե­լի­նե­րը, մեր կո­րուս­տը պի­տի զգան ի­րենց ամ­բողջ կեան­քի տե­ւո­ղու­թեան…
Ո­րոշ բա­ներ շա՜տ ա­ւե­լի կա­րե­ւոր են…
­Հա­ւա­տա­ցէք խօս­քիս…
minsar55@gmail.com