­Յով­սէփ ­Պա­րա­զեան

Պե­տու­թեան մը հա­մար՝ մտա­ւո­րա­կան գործ­նա­պաշ­տու­թեան տես­լա­կան ներշն­չե­լը ազ­գա­յին դաս­տիա­րա­կու­թեան մաս կազ­մող պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն է:
­Տես­լա­կան­նե­րը՝ եր­բեմն ինք­նա­կոչ բնոյթ կ­‘ու­նե­նան, բայց միշտ ալ գա­ղա­փա­րա­կան չեն. կան նաեւ լիար­ժէ­քօ­րէն ըն­կե­րա­յին­նե­րը, ո­րոնց կար­գին,- իմ հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ-, ա­նոնց մէջ, ա­ռաջ­նա­կարգ բա­ժին կ­‘ու­նե­նայ երկ­րի մը կա­ռա­վար­ման ու ըն­կե­րա­կեն­ցա­ղա­յին հա­մա­կար­գի բա­րե­լաւ­ման ու բար­գա­ւաճ­ման խիղճն ու հա­սու­նու­թիւ­նը կազ­մող ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան ժո­ղովրդա­վա­րու­թիւ­նը, ո­րու մա­սին պի­տի գրեմ այ­սօր, ­Հա­յաս­տա­նի Երկ­րորդ ­Հան­րա­պե­տու­թեան 27րդ ­տա­րե­դար­ձին զու­գա­դի­պող բա­րե­պա­տեհ ա­ռի­թով:
Կ’ը­սեմ՝ Երկ­րորդ ­Հան­րա­պե­տու­թիւն, եւ հոն ալ կը մնամ: Ո­մանք, ան­հասկ­նա­լի վեր­լու­ծա­բա­նու­թիւն­նե­րով կը խօ­սին Եր­րորդ ­Հան­րա­պե­տու­թեան մա­սին, իսկ Ե­րե­ւա­նի մէջ 2018ի ­Մա­յիս-­Յու­նիս ա­միս­նե­րուն գու­մա­րո­ւած լրագ­րող­նե­րու 9րդ ­հա­մա­գու­մա­րին ըն­թաց­քին, լսե­ցի զար­մա­նահ­րաշ ­Չոր­րորդ ­Հան­րա­պե­տու­թեան մը մա­սին ալ, տի­րող խաբ­կանք­նե­րու շփո­թը բազ­մա­պատ­կե­լով:
­Կը թո­ւի թէ՝ հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րը չնաշ­խար­հիկ սուն­կե­րու պէս ան­սան­ձօ­րէն կը բուս­նին: Մ­տա­բե­րենք պահ մը միայն, թէ մէկ հան­րա­պե­տու­թիւ­նը միւ­սէն որ­քա՜ն մօտ, նոյն­քան մըն ալ՝ որ­քա՜ն հե­ռու, եր­կար եւ տար­բեր են ի­րար­մէ եւ ի­րար­մով, ի­րենց ժա­մա­նա­կով, ծա­ւա­լով, քա­նա­կով, ո­րա­կով ռազ­մա­վա­րա­կան թի­րախ­նե­րով:
­Վե­րա­դառ­նանք սա­կայն այ­սօ­րո­ւան մեր բուն նիւ­թին, որն է ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը իբ­րեւ մտա­պատ­կե­րա­յին կա­ռա­վա­րե­լա­ձեւ ու ա­ռօ­րեայ ապ­րե­լա­կերպ, մար­դա­բա­նա­կան վե­րա­բե­րում, ու­սում-կրթու­թիւն-դաս­տիա­րա­կու­թիւն, ըն­կե­րա­բա­նա­կան հա­ւա­քա­կան մա­կար­դակ, ա­րո­ւեստ ու քա­ղա­քակր­թու­թիւն, մտա­ծո­ղու­թեան ուժ ու յա­ճա­խա­կա­նու­թիւն եւ ա­սոնց ա­ռըն­թեր բազ­մահ­նար մար­տահ­րա­ւէր­ներ, ո­րոնք ո­ճա­ւոր կեան­քի ար­ժէ­քա­յին ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը կը հան­դի­սադ­րեն մեր ժա­մա­նա­կին մէջ ապ­րող սե­րունդ­նե­րու տագ­նապ­նե­րով ու յու­սա­խա­բու­թիւն­նե­րով:
­Վեր­լու­ծա՞ծ ենք, թէ ի՞նչ ձե­ւով ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը մաս­նա­կից կը դառ­նայ հայ կեան­քին մէջ, քա­նի քա­ղա­քա­ցին միշտ ալ իր բազ­մա­պատ­կո­ւող պա­հանջ­նե­րը պի­տի ու­նե­նայ:
­Հասկ­ցած ենք ան­շուշտ, որ երկ­րի մը մէջ որ­քան կը զօ­րա­նայ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը, այն­քան կը նա­հան­ջէ անձ­նա­կեդ­րոն մե­նիշ­խա­նու­թիւ­նը, քա­ղա­քա­կան կա­մա­յա­պաշ­տու­թիւ­նը, զա­նա­զան պատ­կե­րա­ցում­նե­րով դրսե­ւո­րո­ւող, կամ չդրսե­ւո­րո­ւող տար­բեր դի­մա­գիծ­նե­րու ե­տին քո­ղար­կո­ւող բռնա­տի­րու­թիւ­նը:
­Հա­յաս­տա­նի մէջ, 100 տա­րիէ ի վեր, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը վտան­գի են­թա­կայ է. ան­կէ ա­ռաջ ալ պատ­կե­րը այն­քան խրա­խու­սա­կան չէր, տրո­ւած ըլ­լա­լով, որ մեր ժո­ղո­վուր­դը ապ­րած է ռու­սա­կան, պարս­կա­կան, ա­րա­բա­կան, բիւ­զան­դա­կան, օս­մա­նեան, թրքա­կան եւ խորհր­դա­յին գե­րիշ­խա­նու­թիւն­նե­րու տի­րա­պե­տու­թեան տակ: ­Մեր այ­սօ­րուան վի­ճա­կին հա­մար, հի­մա, չե՛նք ու­զեր գիտ­նալ, թէ ո՞վ ա­ւե­լի յան­ցա­ւոր է նա­խորդ­նե­րէն: ­Հար­ցը դէմ­քե­րու եւ կա­ռոյց­նե­րու կը վե­րա­բե­րի ա­մէ­նե­ւին, եւ մենք հոս չենք ու­զեր տա­րա­մերժ տար­բե­րակ­նե­րու խա­ղին զո­հը դառ­նալ: ­Գի­տենք սա­կայն, որ կի­զող եր­կա­թը մերկ ձեռ­քով միայն միա­միտ­ներն ու ան­գէտ­նե­րը կը գրկեն:
­Հա­յաս­տա­նը հայ­րե­նիք է. ե­կէ՛ք, պարզ տա­րած­քի չվե­րա­ծենք եւ իր ազ­գա­յին ու քա­ղա­քա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թե­նէն չշե­ղինք զայն փոք­րաց­նե­լով:
Պն­դող­ներ կան, թէ բռնա­տի­րա­կան վար­չա­կար­գնե­րը, եւ ա­ւե­լի լայն ի­մաս­տով ալ բռնա­տի­րա­կան ըմբռ­նում­նե­րը վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին հետզ­հե­տէ կը մեղ­մա­նան, կը նո­ւա­զին, կը հա­կակշ­ռո­ւին:
Ան­կեղծ ը­սած, կը դժո­ւա­րա­նամ այս տե­սա­կէ­տին լիո­վին պաշտ­պան կանգ­նե­լու, քա­նի՝ որ­քան բռնա­տի­րու­թիւ­նը, նոյն­քան մըն ալ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը խա­բող ու խա­բու­սիկ տար­բեր ու տար­բեր դի­մա­պատ­կեր­նե­րով կը ներ­կա­յա­նան՝ նաե՛ւ հայ կեան­քին մէջ, սա տար­բե­րու­թեամբ միայն, որ խաբ­կանք­նե­րու շրջա­նը քիչ մը եր­կար տե­ւած է ու կը տե­ւէ:
­Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը՝ հու­նա­ւո­րուած քա­ղա­քակր­թու­թեան զէն ու զրա­հի վեր­ջին հաս­տատ վա­հանն է, եւ հիմ­նա­կա­նօ­րէն կառ­չած կ­‘ըլ­լայ պե­տու­թիւն-քա­ղա­քա­ցի փո­խա­դարձ վստա­հու­թեան գրա­ւա­կա­նին վրայ: Այս ի­մաս­տով ալ, զայն կը հա­մա­րեմ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ա­պաս­տա­նա­րա­նի վեր­ջին բեր­դը. կը բա­ւէ միայն, որ պատ­մու­թեան մէջ ու­զենք էջ մը ա­ւելց­նել, մենք մեր մի­ջեւ եր­կար խօ­սե­լէ եւ լաւ հասկ­ցո­ւե­լէ ետք:
Ե­կէք մենք մե­զի հետ քիչ մը ան­կեղծ ըլ­լանք. դուք այդ­պի­սի բան կը տես­նէ՞ք հայ կեան­քին մէջ, երբ այդ կեան­քին ըն­թաց­քը վե­րա­ծո­ւած է մէ­կը միւ­սէն ա­ւե­լի բարդ, յա­ջոր­դող տագ­նապ­նե­րու ու ա­ռօ­րեայ ո­դի­սա­կա­նի ար­կա­ծախն­դիր զա­ռի­վե­րի մը նկա­րագ­րա­կա­նին:
­Հա­յաս­տա­նի մէջ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը, մեր ան­կա­խու­թիւն­նե­րէն աս­դին, բա­ցար­ձակ մշա­կոյթ ստեղ­ծած չէ: ­Մեր շար­ժուն թէ ան­շարժ կեան­քը յե­ղա­փո­խա­կան օ­րեր չ­‘ապ­րիր:
Ս­տեղ­ծա­գոր­ծե­լու տրա­մադ­րու­թիւն եւ նա­խա­պայ­ման­ներ կը տրա­մադ­րէ՞. պա­տու­հան­նե­րը բա­նա­լու եւ սե­նեա­կը մա­քուր օ­դով լեց­նե­լու տրա­մադ­րու­թիւն ու­նի՞: Իր ներ­քին վա­խե­րը յաղ­թա­հա­րե­լու ու­ժը պի­տի գտնէ՞: ­Սա­փո­րը շատ ան­գամ աղ­բիւր կ­‘եր­թայ, բայց մէկ ան­գամ կը կոտ­րի:
­Հա­յաս­տա­նի մէջ 1989 թո­ւա­կա­նէն ի վեր ծնած սե­րուն­դը — երբ կը տա­պա­լէր ­Պեր­լի­նի պա­տը, եւ ա­նոր յա­րա­կից տա­պա­լող կարգ մը այլ բա­ներ Ա­րե­ւե­լեան Եւ­րո­պա­յի մէջ-, 30 տա­րե­կան կ­‘ըլ­լայ, ինչ որ ի վի­ճա­կի է ո­րոշ յստա­կա­տե­սու­թեամբ դի­մագ­րա­ւե­լու՝ ե՛ւ ­Գեր­մա­նիոյ, ե՛ւ ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան, եւ ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն ի­րեն են­թա­կայ ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տա­նի պատ­մա­կան հե­տա­գայ զար­գաց­մանց ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու յա­ջոր­դա­կա­նու­թեան յա­րակ­ցու­թիւն­նե­րը:
­Հան­դուր­ժո­ղու­թեամբ հա­մա­ձայն ըլ­լալն ալ յան­ցան­քի բա­ժին կը կրէ իր մէջ:
Այ­սօր՝ կ­‘ապ­րինք «գո­յա­պաշ­տա­կան ըն­կեր­վա­րու­թեան» ծնունդ տո­ւած նոր սե­րուն­դի մը հա­յե­ցա­կէ­տա­յին խար­խա­փող ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, որ մեծ ճի­գով կը փոր­ձէ իր վրա­յէն թօ­թա­փել դժխեմ ժա­մա­նակ­նե­րու հե­ռա­ւո­րու­թիւ­նը, քա­նի «գո­յա­պաշ­տա­կան ըն­կեր­վա­րու­թիւ­նը» այ­սօր, ո­րոշ պատ­մա­գէտ­նե­րու, տե­սա­բան­նե­րու, քա­ղա­քա­կան վեր­լու­ծա­բան­նե­րու եւ մի­ջազ­գայ­նա­գէտ­նե­րու կող­մէ կը հա­մա­րո­ւի «գո­յա­պաշ­տա­կան տագ­նապ» մը, ան­ցեա­լի ու ներ­կա­յի իր հե­տե­ւանք­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեանց հա­մե­մա­տա­կան չա­փա­նիշ­նե­րով: ­Ձա­խը՝ իր ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րով, ա­ջը՝ իր նա­խընտ­րու­թիւն­նե­րով: Ա­մէն ին­չի մէջ եր­կու ընտ­րանք պի­տի ըլ­լայ:
­Հոս պի­տի ար­ժէր թե­րեւս մէջ­բե­րել նոյ­նինքն Ո­ւինս­թըն ­Չըր­չի­լի մէկ նա­խա­դա­սու­թիւ­նը, որ ­Խորհր­դա­յին հա­մա­կար­գը բնո­րո­շած էր՝ «ա­ռեղ­ծո­ւած մը, փա­թա­թո­ւած ա­ռեղ­ծո­ւա­ծի մը մէջ, որ իր կար­գին քո­ղար­կո­ւած է հա­նե­լու­կի մը մէջ»…:
Ինչ­պէ՞ս կ­‘ըն­դու­նինք այ­սօր, ան­կա­խու­թեան մեր ժա­ռան­գած պատ­գամ­նե­րը: Ա­նոնք կ­‘ար­տա­ցո­լա՞ն մեր կա­րօտն ու ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը…:

***
­Դա­րեր ա­ռաջ, երբ հին ու դա­սա­կան Ա­թէն­քի մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով ստեղ­ծո­ւե­ցաւ «տի­մոք­րա­թիա»ն (ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը), օ­րո­ւան բե­մե­րուն եւ հա­սա­րա­կա­կան ամ­պիոն­նե­րուն վրայ յայտ­նո­ւե­ցան կեան­քի ըն­կե­րա­յին հրա­պա­րա­կը հարս­տաց­նող հռե­տոր­ներ, ճա­ռա­խօս­ներ, ո­րոնք հիմ­նա­կա­նօ­րէն ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւնն ու ա­նոր բա­րիք­նե­րը ան­սան­ձօ­րէն գո­վա­բա­նե­լու ու ժո­ղո­վուր­դը տո­ւեալ ար­ժէք­նե­րով կրթե­լու պատ­մա­կան նոր էջ մը բա­ցին: Ա­նոնց կող­քին, յայտ­նո­ւե­ցան նաեւ «սկեպ­տի­կիստ­ներ» ու «տի­մա­կոկ­ներ», ո­րոնք ի­րենց նոյն­քան ճա­ճան­չա­միտ փի­լի­սո­փա­յու­թիւ­նը կը հիմ­նէին շեշ­տա­կիօ­րէն այ­լա­կար­ծիք ըլ­լա­լու բազ­մա­զա­նու­թեան վրայ, եւ ճար­տար ա­տե­նա­խօ­սու­թեանց հրա­պա­րա­կում­նե­րու ո­ճով ժո­ղո­վուր­դին կիր­քե­րը հրահ­րե­լու հայ­րե­նա­սի­րա­կան, ռազ­մա­կան, ըն­կե­րա­յին ու ժո­ղովր­դա­յին հար­ցե­րու ար­ծար­ծու­մով՝ տար­բե­րա­կո­ւած հա­մո­զում­ներ կը դրսե­ւո­րէին, թէ­կուզ հրահ­րո­ւած խոր­քով ու վեր­լու­ծում­նե­րով, ան­հաշտ մի­ջա­վայր մը ստեղ­ծե­լով Ա­թե­նա­կան կեան­քին մէջ: ­Հա­կա­ռակ ա­սոր՝ Ա­թե­նա­կան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը հա­զիւ 70-80 տա­րի­նե­րու հիմ­նադ­րու­թիւն մը ու­նե­ցաւ, բայց ա­նոր տե­ւո­ղու­թիւնն ու խորհր­դան­շա­կան տե­ւա­կա­նա­ցու­մը իբ­րեւ գա­ղա­փար, իբ­րեւ ի­մաստ, իբ­րեւ ժո­ղովր­դա­վար կա­ռա­վա­րե­լա­ձեւ, փի­լի­սո­փա­յու­թիւն ու խորհր­դա­նիշ՝ կը գո­յա­տե­ւէ դա­րե­րու խոր­քին մէջ, ա­մէն օր ու ա­մէն վայր­կեան ինք­զինք սրբագ­րե­լու եւ բա­րե­լա­ւե­լու ակն­կա­լու­թեամբ, յա­րա­բե­րա­բար պատ­շա­ճե­լով դա­րե­րու պար­տադ­րած ժա­մա­նա­կա­կից հո­լո­վոյ­թի ըմբռ­նում­նե­րուն, ան­կախ տի­րող ու ուռ­ճա­ցող գա­ղա­փա­րա­բա­նա­կան շփոթ­նե­րուն: Զ­գոյշ ըլ­լանք. ծա­փա­հա­րու­թիւն­ներ կան, որ թիւ­րի­մա­ցու­թիւն­ներ կը ստեղ­ծեն:
20րդ-21րդ ­դա­րե­րու ժա­մա­նակ­նե­րը գլխի­վայր շրջա­փո­խո­ւած են: Այ­սօր, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը զոհն ըլ­լա­լով հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման ան­գութ ու հար­թող գլա­նին, այն­քան ալ գրա­ւիչ ու ժո­ղովր­դա­վար ըլ­լալ չի յա­ւակ­նիր, քաջ գիտ­նա­լով, որ չի ներշն­չեր իր ժա­մա­նա­կին մէջ ապ­րող բազ­մազգ քա­ղա­քա­ցի­նե­րը: Ալ ո՜ւր մնաց աշ­խար­հի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը: ­Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը դեռ իր ի­րա­կան դի­մա­գի­ծը ցոյց տո­ւած չէ:
­Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան օր­րան հա­մա­րո­ւող «ծեր ցա­մա­քա­մա­սը»՝ Եւ­րո­պան, իր յա­րա­փո­փոխ ու լու­սա­միտ գա­ղա­փար­նե­րով, պար­զա­պէս քիչ մը ա­ւե­լի յա­ռա­ջա­դէմ կրնայ հա­մա­րո­ւիլ ժո­ղովրդա­վա­րա­կան հար­ցե­րուն մէջ մեր գիտ­ցած՝ Ա­սիա­յէն, ­Ռու­սաս­տա­նէն, ­Չի­նաս­տա­նէն, ­Թուր­քիա­յէն, Ատր­պէյ­ճա­նէն, ա­րա­բա­կան աշ­խար­հէն, ­Կով­կա­սէն:
Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան միաց­ման գա­ղա­փա­րի ճար­տա­րա­պետ­նե­րէն ­Ժան ­Մո­նէ, իր մա­հէն ա­ռաջ (1979), անդ­րա­դառ­նա­լով եւ­րո­պա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան հե­ռազ­գայ­նու­թիւն­նե­րու հարցին, մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նած էր ը­սե­լով. «Սխալ ը­րինք, որ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւ­նը ստեղ­ծե­ցինք. նա­խա­պէս պէտք էինք ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը ստեղ­ծել, վեր­ջը՝ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւ­նը»:
Այս կը նշա­նա­կէ ար­դեօ՞ք, թէ քա­ղա­քակր­թո­ւա­ծօ­րէն յղկո­ւած հաս­կա­ցո­ղու­թիւն­նե­րով ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան գեր-գ­նա­հա­տո­ւած ի­մաստ տո­ւինք:
Եւ­րո­պա­յի պա­րա­գա­յին եւս. գի­տենք, որ բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն ըմբռ­նու­մը ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ար­ժէք­նե­րու չա­փա­նիշ­նե­րու մա­կար­դա­կին նկատ­մամբ հա­մա­զօր չեն, եւ տրա­մա­բա­նօ­րէն ալ հա­մա­զօր ու հա­մա­չափ չեն կրնար ըլ­լալ:
Այս ի­մաս­տով հարց կը ծա­գի՝ ե­թէ տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ տեղ ու­նի՞. փաս­տօ­րէն՝ ի՞նչ տեղ կը վե­րա­պա­հո­ւի անոր:
2012ին մա­հա­ցած՝ Ֆ­րան­սա­յի ­Հա­մայ­նա­վար կու­սակ­ցու­թեան տե­սա­բան, տնտե­սա­գէտ, գրա­գէտ ու փի­լի­սո­փայ ­Ռո­ժէ ­Կա­րո­տի, Եւ­րո­պա­յի ան­փա­ռու­նակ ի­րա­վի­ճակ­նե­րու անդ­րա­դար­ձող դի­ւա­նա­կա­լու­թեան մա­սին դի­տել կու­տար, թէ՝ «ան­ցեա­լին ա­մէն ինչ քա­ղա­քակր­թու­թիւն էր, այ­սօր՝ ա­մէն ինչ տնտե­սու­թիւն է. հի­մա՝ քա­ղա­քակրթու­թիւ­նը պի­տի պատ­շա­ճեց­նենք շու­կա­նե­րուն»: Իսկ նոր ըմբռ­նո­ղու­թեամբ ալ՝ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րուն մէկ մա­սը, իր երկ­րին ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը կը հա­մա­րէ Պ­րիւք­սէ­լէն հե­ռա­ձայ­նով հրա­հանգ ստա­ցող գոր­ծա­կա­տա­րի, որ կո­չո­ւած է կեդ­րո­նի ու իր քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ո­րո­շում­նե­րը կամ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ան­վե­րա­պա­հօ­րէն կի­րար­կե­լու:
­Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը դիւ­րին-դիւ­րին ափ­սէի մէջ չի հրամ­ցո­ւիր:
­Լուր ա­ռա՞ծ ենք, թէ մեր օ­րե­րուն ի­մաս­տու­թիւ­նը բնո­րո­շող նոր տե­սա­կէտ­ներ սկսած են յայտ­նա­բե­րո­ւիլ: ­Չէ՞ որ նոր տե­սա­կէտ­նե­րը տե­սա­կա­ւոր բազ­մա­զա­նու­թիւն կը ստեղ­ծեն եւ խտա­ցած ի­մաստ­նե­րը ա­ւե­լի կը խտաց­նեն:
Այ­սօր՝ ո՞ր եր­կի­րը քա­ղա­քակր­թու­թիւն կ­’ար­տադ­րէ, այն ի­մաս­տով որ դա­սա­կա­նօ­րէն մտա­ծող մար­դիկ քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը կ­‘ըմբռ­նեն եւ ժա­մա­նակ­ներն ու ի­մաստ­նե­րը զի­րար կը խա­չա­ձե­ւեն:
Բ­րի­տա­նա­ցի պատ­մա­գէտ տոքթ. ­Ռո­պերթ ­Ֆոքս, որ շօ­շա­փած է 18րդ ­դա­րէն սկսեալ քա­ղա­քակր­թա­կան հար­ցեր, կ­‘ը­սէր, թէ՝ «ան­ցեա­լին քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը ան­ցա­գիր էր պե­տա­կան գոր­ծի մէջ ըն­դու­նո­ւե­լու հա­մար, հի­մա՝ ան­գոր­ծու­թեան ցու­ցա­նի­շի վե­րա­ծո­ւած է»:
­Քա­ղա­քակր­թու­թեան հա­մար քա­նի՞ հո­մա­նիշ բա­ռեր ու­նինք հա­յե­րէն լե­զուին մէջ: ­Վախ­նամ, որ սե­րունդ մը եւս պի­տի կորսնց­նենք այդ հո­մա­նիշ­նե­րու փնտռտու­քի վազ­քին մէջ: Այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ, շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նենք ա­նոնց, ո­րոնք հո­մա­նիշ­նե­րով զբա­ղե­ցան ու զար­գա­ցու­ցին զա­նոնք:

***
­Հա­յաս­տան-Ար­ցախ-Ս­փիւռք՝ ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րու պա­հանջ­նե­րէն բխող ա­ռաջ­նա­հերթ հրա­մա­յա­կան­նե­րու զու­գա­հեռ, ա­ռիթ ստեղ­ծա՞ծ ենք խօ­սե­լու, քննե­լու, գոր­ծակ­ցու­թեան կա­մուրջ­ներ նե­տե­լու հան­րա­պե­տու­թեանց վե­րա­բե­րող ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կեն­սա­փոր­ձի հար­ցե­րու շուրջ: ­Կար­ծեմ, ա­ւե­լի ճիշդ՝ վստահ եմ, որ ո՛չ: ­Բայց ­Հա­յաս­տա­նը ա­ռա­ջո­ւան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը ու­նի՞ հա­յե­րուն հա­մար: Ար­դեօ՞ք կորսն­ցու­ցինք մեր հայ­րե­նա­սի­րու­թեան ա­ւան­դա­կան «մո­լե­ռան­դու­թիւ­նը»: ­Հա­ւա­տար­մօ­րէն կը ծա­ռա­յե՞նք հայ­րե­նի­քին: Քն­նենք պատ­ճառ­նե­րը, ո՛չ ա­ռիթ­նե­րը:
Անց­նող 27 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով ­Հա­յաս­տա­նի, ­Յու­նաս­տա­նի ու եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րու մէջ՝ ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի նա­խա­գահ­նե­րու, վար­չա­պետ­նե­րու, Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի նա­խա­գահ­նե­րու, նա­խա­րար­նե­րու, պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու, կու­սակ­ցա­պետ­նե­րու եւ զի­նո­ւո­րա­կան բարձ­րաս­տի­ճան զի­նո­ւո­րա­կան­նե­րու հետ, բազ­մա­թիւ ա­ռիթ­նե­րով ար­ծար­ծած եմ հայ­րե­նի­քին մէջ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան հետ ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն առն­չո­ւած հար­ցե­րու գոր­ծադ­րու­թեան տե­սա­կէտ­ներ: ­Խոս­տո­վա­նիմ, որ ո՛չ իսկ մէկ հո­գի սա կամ նա ձե­ւով հա­կազ­դած չէ ը­սո­ւած­նե­րուն: Ընդ­հա­կա­ռա­կը բո­լորն ալ բա­ւա­կա­նա­ցած են յայտ­նե­լու թէ՝ «պի­տի սոր­վինք», «ա­տոր կարգն ալ պի­տի գայ», «հա­զիւ դի­մագ­րա­ւո­ւին ո­րոշ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­ներ, ա­տոնց­մով ալ պի­տի զբա­ղո­ւինք»: ­Բա­ցի մէկ պա­րա­գա­յէ, որ չեմ կրնար չնշել, երբ գա­ղու­թա­յին հա­ւա­քի մը ըն­թաց­քին, նա­խա­րար մը, կա­տա­րո­ւած մատ­նանշու­մի մը դի­մաց հեգ­նան­քով հա­կա­դար­ձեց.- «դուք մե­զի այն­քան միա­միտ կը կար­ծէք»…:
­Քա­ղա­քա­կան մար­դոց ա­ներկ­միտ ու կեղ­ծա­րար այս պա­տաս­խան­նե­րուն հա­մար, մին­չեւ այ­սօր թե­րա­հա­ւատ մնա­ցած եմ. դժբախ­տա­բար ալ սխա­լած չեմ: Ա­մէն գա­ղա­փար տե­ւո­ղու­թիւն մը կրնայ ու­նե­նալ. ա­տոր ժա­մա­նա­կը վեր­ջա­ցած է:
­Բայց, տե­սէ՛ք, ո՞վ կը շա­հագրգ­ռո­ւի այ­սօր ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեամբ: Ան­կեալ նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան հա­զիւ վեր­ջին եր­կու տա­րի­նե­րուն այդ բա­ռը իր խօս­քե­րուն մէջ ո­րոշ պա­րա­գա­նե­րու անն­կատ կեր­պով կը սպրդեց­նէր: Եւ՝ այս­քա՜ն…: Իր եր­կու նա­խորդ­նե­րուն բեր­նէն այդ բա­ռը եր­բեք չէր ար­տա­սա­նո­ւեր. ալ ո՜ւր մնաց ա­նոր ի­մաս­տը: ­Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը կեն­դա­նի զոհն էր ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան 7 տաս­նա­մեակ­նե­րու ամ­բող­ջա­տի­րա­կան վար­չա­կար­գին: ­Մէկ օ­րէն միւ­սը կոլ­խո­զէն ու սով­խո­զէն ձեր­բա­զա­տո­ւիլն ու փե­րեսթ­րոյ­քա­յին ու կլաս­նոս­թին ա­պա­ւի­նի­լը այն­քան ալ դիւ­րին գործ չէր, նոյ­նինքն պատ­մա­կան գի­տու­թեան ու ի­րա­ւա­կան հար­թա­կի մշա­կոյ­թին հա­մար: Այդ ի­մաս­տով ալ, այդ ար­դա­րա­ցում­նե­րը գա­ղա­փա­րա­կան ո­րե­ւէ հե­ղի­նա­կու­թեան չար­ժա­նա­ցան, ո­րով­հե­տեւ ա­ւան­դա­կա­նօ­րէն գա­ղա­փա­րա­կան ար­մատ­ներ չու­նէին:
­Մեր քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը միշտ ալ թե­րագ­նա­հա­տո­ւած ե­ղած է, ո­րով­հե­տեւ մեր ժո­ղո­վուր­դը ազ­գա­յին ու քա­ղա­քա­կան կա­ռոյց­նե­րուն հետ բնաւ ալ լաւ կա­պեր ու­նե­ցած չէ: ­Մեր փոր­ձա­ռու­թիւնն ալ մե­զի սոր­վե­ցու­ցած է, թէ՝ մեր քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը դժուար հա­մո­զած են ժո­ղո­վուր­դը, ի­րենց բո­լո­րո­վին զուտ ազ­գա­շահ դի­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար: Խն­դի­րը նոր էջ բա­նալ եւ ա­մէն բան իր տե­ղը գտնե­լու մտա­հո­գու­թեան մէջ կը կա­յա­նայ:
­Բա­ցա­ռիկ յատ­կու­թիւն չէ ի­մա­նա­լը, թէ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը ազ­նո­ւա­գոյն մշա­կոյթ է, դաս­տիա­րա­կու­թիւն է, ապ­րե­լա­կերպ է, նոր ի­մաստ­նե­րու պատ­շա­ճե­լու ա­րո­ւեստ է, ու շատ ու շատ մը այլ բա­ներ, ա­ռան­ձին թէ զու­գա­հե­ռա­բար միա­ժա­մա­նակ: ­Ժո­ղո­վուր­դին բա­ցատ­րել պէտք է այս բո­լո­րին ա­ռա­ւե­լու­թիւն­ներն ու բա­րե­մաս­նու­թիւն­նե­րը, եւ մշա­կոյ­թի տես­լա­կան­ներ ներշն­չել, ազ­գա­յին կազ­մա­ւո­րո­ւած ան­հա­տա­կա­նու­թեան նկա­րագ­րի մը տի­րա­նա­լու հա­մար:
­Քիչ չեն եր­կիր­ներն ու ժո­ղո­վուրդ­նե­րը, ո­րոնք ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ու այ­լե­ւայլ վար­չա­կար­գնե­րու տար­բե­րու­թիւն­նե­րը ճիշդ զա­նա­զա­նել չեն յա­ջո­ղիր: ­Հար­ցը լուրջ է, բայց ի­մաստ ալ չու­նի՝ ա­սոր ճիշդ հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րը ստու­գա­բա­նե­լու հա­մար հե­տա­խու­զող վի­ճա­կագ­րու­թեան մը ձեռ­նար­կե­լու ի­մաս­տով: ­Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը մեր կան­քի երկ­րորդ դէմքն է: Եր­բեմն ան­գոյ:
­Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը ան­ցո­ղա­կի խորհր­դան­շա­կան բան մը չէ, բայց մեր պա­րա­գա­յին խոս­տո­վա­նինք, որ կորսն­ցու­ցած է իր մրցու­նա­կու­թեան թռիչ­քը եւ վե­րա­ծո­ւած է ժո­ղո­վուր­դը բռնազ­բօ­սիկ վի­ճակ­նե­րու ընդ­մէ­ջէն դէ­պի հիաս­թա­փու­թիւն ա­ռաջ­նոր­դող հար­կադ­րող վի­ճա­կի մը:
Այ­սօր, ո՞ւր կը գտնո­ւինք: Ո­մանք կը գնա­հա­տեն, թէ լաւ ճամ­բու մէջ կը գտնո­ւինք: Ու­րիշ­ներ ալ -ա­ւե­լի ի­րա­պաշտ­նե­րը- կը պնդեն ճիշդ հա­կա­ռա­կին հա­մար: Եր­կու­քի պա­րա­գա­յին ալ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան չհա­սուն­ցած «ա­ռաս­պե­լը» ­Հա­յաս­տա­նին հա­մար՝ ե՛ւ ազ­գա­յին է, ե՛ւ քա­ղա­քա­կան, ե՛ւ ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թեան վե­րա­բե­րող, մա­նա­ւանդ որ հայ­կա­կան պատ­մա­կան յի­շո­ղու­թեան ու սար­սա­փի օ­րե­րու յի­շա­տակ­ներ կ­‘արթնց­նէ: Այդ յու­շը պէտք է ապ­րի, այն­քան ա­տեն որ հայ ժո­ղո­վուր­դը կը հա­մար­ձա­կի ապ­րիլ ու գո­յա­տե­ւել իր ան­ձի մե­նա­կա­տա­րու­թեամբ:
Ուղ­ղա­խօ­սօ­րէն՝ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ա­պա­գա­յին շուրջ թար­մա­ցած ըմբռ­նո­ղու­թիւն մը պէտք է զար­գա­նայ, ա­ռանց հա­յու պատ­մա­խօ­սա­կան ի­րա­պաշ­տու­թիւ­նը ան­տե­սե­լու եւ ա­ռանց գա­ղա­փա­րա­կան կեդ­րո­նա­ցու­մի ան­ցեա­լի զո­հը դառ­նա­լու, այ­լա­պէս պի­տի շա­րու­նա­կենք վճա­րել ան­ցո­ղա­կի վնաս­նե­րու գե­րա­կայ փրկա­գի­նը եւ պի­տի խօ­սինք ե­րե­ւա­կա­յա­կան նո­ւա­ճում­նե­րու մա­սին:
­Պատ­րանք­նե­րով չապ­րինք. ջայ­լա­մը՝ որ­քան ալ իր գլու­խը ա­ւա­զին մէջ մխրճէ, որ­սոր­դին փամ­փուշ­տէն պի­տի չա­զա­տի…:
Ան­բար­դոյթ տրա­մադ­րու­թեամբ հաս­տա­տենք. հայ ժո­ղո­վուր­դը ֆի­զի­քա­կան ու հո­գե­կան խո­շոր վէր­քեր ստա­ցած է ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան պա­կա­սէն: ­Մին­չեւ այ­սօր փորձ կը կա­տա­րո­ւի հայ­րե­նի­քի ներ­քին մթնո­լոր­տը բա­րե­լա­ւե­լու նոր հա­յու ինք­նու­թեան մը կեր­տու­մով, այն­պի­սի բա­րե­կար­գո­ւած մի­ջա­վայ­րի մը մէջ, ուր հայ­րե­նա­սի­րա­կան տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը ա­մէ­նէն զար­մա­նա­լի կա­շա­ռա­կե­րու­թեան դէպ­քե­րուն դի­մաց պա­տաս­խան մը չի կրնար գտնել:
­Մեր պատ­մու­թիւ­նը՝ մեր հա­զա­րա­մեակ­նե­րու պատ­մու­թեան ան­խու­սա­փե­լի ու ա­նա­ռար­կե­լի շա­րու­նա­կու­թեան հե­տե­ւանքն է, իբ­րեւ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու խաչ­մե­րուկ ու­նե­նա­լով ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին թո­ւա­կան­ներ՝ 1915, 1918, ­«Հայ­րե­նա­կան ­Մեծ ­Պա­տե­րազ­մ»ը, Երկ­րորդ ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Պա­տե­րազ­մին իր տո­ւած բազ­մա­հա­զար զո­հե­րով, Ար­ցա­խի ա­զա­տագ­րու­մը, 1991ի ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տա­կա­նա­ցու­մը: Ա­սոնք քով-քո­վի կը շա­րենք, ո­րով­հե­տեւ ա­ռանց այս թո­ւա­կան­նե­րուն մեր պատ­մու­թիւ­նը պա­կա­սա­ւոր կ­‘ըլ­լայ: Ա­սոնց­մով ալ, ա­տոնց ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րու մրցու­նա­կու­թիւնն ալ կը տժգու­նի, քա­նի մրցակ­ցա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը շատ դժո­ւար բան ե­ղած է: ­Բայց պէտք է այդ մա­սին գրել, քա­նի ա­նոր յու­շը մեր պատ­մու­թեան մա­սունք­նե­րուն կը պատ­կա­նի իր յայտ­նի թէ ան­յայտ հե­ռան­կար­նե­րով:
­Հա­յաս­տա­նի ա­պա­գան ձե­ւով մը ծա­նօթ է. մա­սամբ ալ ան­ծա­նօթ:
­Գի­տէ՞ք թէ որ­քա՜ն մեծ շփոթ կը տի­րէ՝ աս­կէ-ան­կէ ան­ցեա­լին հրա­պա­րա­կո­ւած ու ներ­կա­յիս հրա­պա­րա­կո­ւող քա­ղա­քա­կան ան­հիմն ու վի­ճա­յա­րոյց վեր­լու­ծում­նե­րէ, մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րէ, զա­նա­զան հար­ցե­րու շուրջ կա­տա­րո­ւող գնա­հա­տում­նե­րէ, ո­րոնք մաս­նա­ւո­րա­պար սխալ ու­ղու­թիւն­նե­րով կ­‘ա­ռաջ­նոր­դեն մեր սե­րունդ­նե­րու բա­րո­յա­կան ընտ­րանք­նե­րը: Այս շփոթ­նե­րը մտա­հո­գիչ են, ո­րով­հե­տեւ գին չու­նին: Դ­ժո­ւար է ե­րի­տա­սարդ ըլ­լալ այս­պի­տի միակտուր շրջա­պա­տի ու մի­ջա­վայ­րի մը մէջ, ուր ա­ւե­լի մե­ծե­րը կը պատս­պա­րո­ւին ան­ցեա­լի գա­ղա­փա­րա­կան թղթա­պա­նակ­նե­րու, իսկ ա­ւե­լի նո­րերն ալ կը պա­հո­ւը­տին ներ­կա­յի յստակ-անյս­տակ ը­սած­նե­րու եւ ը­րած­նե­րու վա­րա­գոյ­րի ե­տին:
­Մեր ազ­գա­յին ռազ­մա­վա­րու­թեան ընտ­րանք­նե­րը պարզ ու հասկ­նա­լի բա­ռե­րով պի­տի բա­ցատ­րո­ւի՞ն ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն: ­Մեր ազ­գա­յին մար­տա­վա­րու­թիւնն ու դի­մադ­րա­կա­նու­թիւ­նը ծե­րա­ցած է կար­ծես:
Ընտ­րու­թեան ա­ռիթ կը տրո­ւի՞: ­Նա­խընտ­րու­թեան ի­րա­ւունք ու­նի՞նք ­Հա­յաս­տա­նի մը հաշ­ւոյն, որ կա­մաց-կա­մաց եւ ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն չա­փա­հաս կը դառ­նայ: ­Ժա­մա­նա­կը ե­կած չէ՞, քիչ մը ա­ւե­լի լուրջ բա­նե­րու մա­սին խօ­սե­լու, քա­նի հայ­րե­նա­սի­րու­թիւնն ալ քի­չե­րու հա­մար մնա­ցած է, ա­մէն բա­նի յար­մա­րող պա­տեհ սնո­տիա­պաշ­տու­թեամբ:
­Հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը հա­կակշ­ռե­լի՞ է:
Ի­րա­պաշտ մօ­տե­ցու­մով, ե­կէք մենք մե­զի հարց տանք.- ­Մեր ազ­գա­յին ու գա­ղա­փա­րա­կան մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը ինչ­պէ՞ս ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հա­մա­րել, երբ ա­նոնք չեն բազ­մա­պատ­կո­ւիր ո­րա­կա­յին անհ­րա­ժեշտ յանդգ­նու­թեամբ, երբ գա­ղա­փա­րա­կան «շա­հե­րը» ի­րարու հետ չեն ներ­դաշ­նա­կո­ւիր:
­Ժա­մա­նակ­նե­րը զի­րար կը կրկնեն եւ կը վե­րապ­րին ի­րենց ձա­խո­ղու­թիւն­նե­րուն տակ­նա­պը: Զ­գա­ցա­կան տար­բե­րու­թիւն­նե­րէ բխող վտանգ­նե­րը միշտ առ­կայ պի­տի ըլ­լան, յի­շեց­նե­լով ան­հե­թե­թի թատ­րո­նը:
Ա­ռա­կա­գիր Ե­զով­բոս միտք մար­զող ո­ճով կը թե­լադ­րէր՝ ո­րե­ւէ գէշ բա­նի ա­ռաջ­քը առ­նել ա­ռա­ջին վայր­կեա­նէն այ­լա­պէս, երբ ու­շա­նայ ու մեծ­նայ ա­ւե­լի դժո­ւար կ­‘ըլ­լայ ա­նոր դի­մագ­րա­ւու­մը:
­Փաստ է, որ հայ կեան­քին մէջ ազ­գա­յին սխալ­ներ օգ­տա­կոր­ծո­ւե­ցան ճիշդ թէ սխալ մար­դոց կող­մէ, ճիշդ թէ սխալ պա­րա­գա­նե­րու, տար­բեր ո­րակ­նե­րու ընտ­րան­քը խա­փա­նե­լով:
Եզ­րա­կաց­նե՛նք. պատ­մա­կան հա­շիւ­ներ ու­նինք բա­նա­լիք ու փա­կե­լիք. բա­նա՜նք, փա­կե՜նք. հաս­նինք մին­չեւ վերջ, այ­լա­պէս գա­ցող-ե­կող ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը պի­տի գան ու եր­թան ա­ռանց ո­րե­ւէ կնիք ձգե­լու ի­րենց անց­քին վրայ, ապ­րե­լով ու ապ­րեց­նե­լով մեր հնա­մե­նի պատ­մա­կան ող­բեր­գու­թեան ա­նէծ­քը: ­Հարց է ար­դէն, թէ ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը ազ­գա­յին ո՞ր հար­ցե­րուն ե­րաշ­խա­ւո­րու­թիւն կու­տան:
Ինչ որ կը մսխենք լա­ւա­գոյ­նը չէ. անհ­րա­ժե՛շտն է: Անհ­րա­ժեշ­տը լա­ւա­գոյ­նի կրնանք վե­րա­ծել: Ա­ռար­կա­յա­կան դա­տո­ղու­թիւ­նը հա­մա­պա­տաս­խան է իր ո­րա­կին ու ար­ժէ­քին, երբ մա­նա­ւանդ պա­ռակ­տու­մին չա­փը ան­ծա­նօթ կը մնայ:
Ուս­տի՝ պէտք է յստակ գիտ­նանք, թէ ի՞նչ կը տօ­նենք այ­սօր: Այս մէ­կը քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հարց է: ­Տես­լա­կան­նե­րով սե­րունդ­ներ կը զար­գա­նա՞ն, թէ ե­րի­տա­սար­դու­թեան բա­ցա­կա­յու­թիւն կայ: Ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն կէ­սը պատ­մու­թիւն գի­տէ, մնա­ցեալ կէ­սը ան­տեղ­եակ է: ­Պատ­մու­թիւ­նը կը սոր­վեց­նէ ինչ որ ու­րիշ­ներ չեն դա­սա­ւան­դեր: ­Բայց մեր պատ­մու­թիւ­նը վտան­գի են­թա­կայ է:
­Բո­լոր ընտ­րանք­նե­րը սե­ղա­նի վրայ են:
­Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը իր նկա­րա­գի­րը կը փնտռէ մեր հան­րա­պե­տու­թեան մէջ: ­Ժա­մա­նակ տանք, որ բար­գա­ւա­ճի: Բռ­նա­տի­րա­կան վար­չա­կար­գե­րը տե­ւա­կան կեանք չեն ու­նե­նար եւ կը վե­րար­ժե­ւո­րեն ի­րենց դե­րը ժա­մա­նա­կին մէջ:
­Կով­կա­սի մէջ, ­Հա­յաս­տա­նէն զատ մնա­ցեալ եր­կիր­նե­րը «եւ­րո­պա­կան» չեն հա­մա­րո­ւիր ար­դէն:
Մտ­քի ու զգա­ցում­նե­րու մսխու­մի ժա­մը ան­ցած է. մտա­ծենք՝ թէ ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ մեր շա­րու­նա­կու­թիւ­նը. փո­խենք մեր հռե­տո­րա­կա­նու­թիւ­նը. կ­‘ապ­րինք երկ­րի մը մէջ, ուր ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը կը մսխէ իր ա­ռա­քի­նու­թիւնն ու ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը:
­Հա­յե­րը կ­‘եր­թան, բայց ­Հա­յաս­տա­նը կը մնայ:
Ա­նո­րո­շու­թիւ­նը, թէ՞ հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թիւ­նը պի­տի ընտ­րենք իբ­րեւ հե­ռան­կար: