ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ
Հայը կրնայ կախարդացնել դիմացինը իր առաջին ծանօթութեամբ, բայց նաեւ հիասթափեցնել իր վերջին հանդիպումով։
Կը յիշէ՞ք հայու խորունկ ու թախծալի նայուածքը. կարծես մարդը կը յայտնաբերես առաջին անգամ՝ իր չյայտնաբերուած գաղտնիքներով ու տաղանդներով, եւ մարդկութիւնը՝ մարդկային համատարած առեղծուածներով։
Իրօք, հայու իւրայատկութիւնները կասկածի չես կրնար ենթարկել։ Այս հաստատումէն բխող հաւանական «ինչո՞ւ»ները տեղ չունին հոս, որովհետեւ պատասխանները անքակտելիօրէն մաս կը կազմեն պատասխան չունեցող հարցումներու, քանի բոլոր հայերը հայրենասիրական նոյն տոկունութիւնն ու աշխարհայեացքը չունին։
Երբ հայու դիմագիծին ու կերպարանքին կը նայիս, իսկոյն կը հասկնաս, թէ ինչո՞ւ Հայաստանը յատկապէս քարոտ, ժայռոտ բարձրաւանդակի վրայ տեղադրուած է։ Կը մտաբերես՝ թերեւս, առաջնեկօրէն անհատական թէ մասսայական ինքնապաշտպանութեան, ինքնատոկունութեան եւ անասելի ուժի մը դրսեւորման պատճառաբանութեամբ։
Հայու անասելի ներաշխարհը միայն մէկ մուտք չունի։ Միայն մէկ ելք ալ չունի։ Մուտքէն դէպի ելք սեղմ ոտքերով մեծ ոստում կþուզէ, ինչպէս անցեալէն դէպի ապագայ տանող կարճ թէ երկար ճանապարհը։ Այդ խորտուբորտ ճանապարհին վրայ կը վերակենդանանայ ներկան, միջանկեալ ու փոխանցելի ներկան՝ իր ժամանակի, տեղի, վայրի ու պայմաններու հասկցած կամ չհասկցած ձեւով։ Հասցէով, թէ առանց հասցէի, եթէ կþուզէք։
Այս պարզ ու բարդ բաները հայը՝ աւանդութիւն, Հայաստանը՝ աւանդապահ կը դարձնեն եւ զայն կը խոնարհեցնեն իր հոգեմտաւոր ու քաղաքակրթական գերիշխանութեան մակարդակներուն։ Աւանդութեան չի դաւաճաներ հայը, որովհետեւ իր գոյատեւման յենասիւնը կը կազմէ։
Հայու պատմութիւնը նախ եւ առաջ իր անձին, ընտանիքին ու ազգին կը պատկանի։ Նաեւ անոնց՝ որ անցեալէն երկինքին մէջ ապաստան գտած են, հոգ չէ թէ իրենց երակներու արեան գնդիկները հողին վրայ թափած են բնական թէ բռնի պայմաններու տակ։ Ամէն պարագայի՝ հողը անյագ սպունգի պէս ծծած է ի՛նչ որ կաթիլ-կաթիլ ծորած է եաթաղանէն, ծանօթ թէ անանուն անապատներու կիզիչ հողին վրայ։ Անցեալը մեր ապագան է եւ ապագան մեր քաղաքական ժառանգութիւնն է։ Չմոռնա՛նք։
Բայց հայը՝ արիւն թափելէ առաջ, արիւն թափելէ վերջ ալ դիմացաւ ու գոյատեւեց։ Այս մէկը հայու մեծ գաղտնիքն է։ Այսպիսի գաղտնիքներ ինչպէ՞ս բնորոշել, ինչպէ՞ս ստուգաբանել։ Գաղտնիքը մարդկային երեւոյթ է. կþընդունիս կամ կը մերժես, ինչպէս կþընդունիս կամ կը մերժես մարդը, ազգը, հայրենիքը, լեզուն, անունը, առանց պատմութեան վերաքննութիւնը ակնկալելու։
Հայեր կան, որոնց մտքի յիշողութեան մէջ մեր պատմութիւնն ու ազգը տեղ ունեցած չեն, մեր յեղափոխութիւնները արիւն թափած չեն, մեր պահանջատիրութիւնը բարդութային խորհուրդէ մը անդին գացած չէ։ Անոնց մօտ ժամանակը ի նպաստ որակին գործած չէ, պատմութեան մշակոյթը ընդարձակուած չէ։
Հայուն այս հոգեբանութիւնը յաճախ մտածել կուտայ, թէ հայը տարբեր, իւրայատուկ փորձառութիւններու եւ ըմբռնումներու տէր անձ մը եղած է։ Արդեօ՞ք հայը հոգեբանական թեսթ մը՝ փորձարկում մը պէտք է ընէ, նախ՝ ինք հասկնալու, ապա նաեւ մեզի հասկցնելու համար, թէ ո՞ւր էր, ո՞ւր է հիմա, ո՞ւր կþերթայ։ Բայց չէ՞ որ մենք գիտենք, թէ հայը ազատութեան ընկերային տիպար է՝ մտքի ու հոգիի համապատասխան բաղադրիչներով։
Բազմացող այս հոլովոյթին դիմաց կը հարկադրուինք հարց տալու, եթէ հայը կը ¥ներ¤գրաւէ՞, կը ¥ներ¤գրաւուի՞ այսօ՛ր։ Կրնա՞նք պարզել իր կեանքի փորձառութիւնները՝ ծննդաբանական, զգացական, քաղաքակրթական, ստեղծագործական, գիտական մակարդակներու վրայ։
Կարծես թէ բոլորս կը կասկածինք, որ հայը յորձանուտի պէս բան մըն է, որ սահման չունի, որ սահման չի գիտեր, որ սահման չի պահեր։ Սահմանը իրեն չի վայլեր։ Իրեն համար ¥ան¤սահմանութիւնը առեղծուածային հմայք ու կախարդանք է։ Հայուն համար հայրենասիրութիւնը սահման ունի, բայց հայու հայրենասիրութիւնը նախապաշարումի պէս բան մը համարողներ ալ կան։ Ինչպէ՞ս կաղապարել հայրեանսիրութիւնը, երբ ան ալ բնորոշուելու համար օգնութեան պէտք ունի, քաջալերանքէն անկախ։
Բարեկամներէս մէկը կը մտածէր, թէ հայը նկար մըն է, թէ՝ լուսանկարչական որեւէ մեքենայ չի յաջողիր դիւրութեամբ անմահացնելու զայն։ Միտումը այն է, որ կը վախնայ անմահանալէ։ Միաժամանակ, սակայն, այդ նկարը ամէն օր, ամէն վայրկեան կը յայտնաբերէ մեր կեանքի կենդանի օրինակներուն զուգահեռ անցեալի նկարներ, ինչպէս պարտուողներ՝ յաղթողներու դէմ եւ յաղթողներ՝ պարտուողներուն դէմ։
Նկարը ժողովուրդի մը ապրելակերպի այն վկայութիւնն է, որ չափանիշ կը դառնայ ժողովուրդի մը ու անոր պատմութեան հետքերուն, մանաւանդ երբ այդ ժողովուրդը կը սկսի երազելու իր հայրենիքէն դուրս ալ։
Այլ բարեկամ մը կը պնդէր, որ հայը տարբեր է հայէն, ինչպէս հիմնովին տարբեր են հազարաւոր սրբատաշ խաչքարներ, հազարաւոր մարմարեայ թէ քարակերտ արձաններ, անթաղ մնացած մարդոց գերեզմաններ, առանց խաչափայտի հողաշերտեր, որոնք մայրենի հողը անկոխ պահեցին, որպէսզի մենք քալենք անոր վրայէն ու այդ հողին անունը հաստատենք ու քանդակենք մեր սրտին մէջ՝ բնորոշելով մանաւանդ այդ հողին անունն ու արժէքը։
Մարդու ազատութիւնն ու հերոսութիւնը հողը կը ձերբազատէ ողբերգական մրմունջումներէ եւ եղեռնապատումներէ։ Ազատութիւնն ու հերոսութիւնը վստահաբար տեղ մը պիտի հանդիպի՛ն իրարու, անխուսափելիօրէ՛ն։
Երրորդ մը իր համոզումները դրսեւորելով կը պնդէր, թէ հայը ուշի ուշով կը հետեւի իր դասական պատմութեան ու ազգային արժէքներուն, քանի որ հայ մարդու հոգեմտաւոր աշխարհը, տիրապետող փարումով մը, կառչած է հինի ու նորի զիրար կամրջող շղթայի մը օղակին վրայ, արդարի ու արդարահատոյցի արժէքի մը տարօրինակ կանոնի ըմբռնումով ապրելով իր հայրենի գոյապաշտական պայքարը։
Զրուցակից մը խոստովանական ոճով կը հաստատէր, թէ հայը ա՛ն է, որ տեւաբար տարբեր բան մը կը փնտռէ. անընդհատ անհանգիստ է, անապահով կը զգայ առանց իր անապահովութիւնը ծածկելու։ Բարդոյթ մը, որ ցեղային ծագումնաբանութեան արմատներուն կը հասցնէ մեզ։
Անապահովութիւնը հայրենիք կը ստեղծէ՝ առանց անունի։ Հերոսներ կը ծնի՝ առանց անունի։ Մարդիկ կը ստեղծէ՝ առանց անունի։
Անհատի նկարագրային ախտաճանաչումներ ուսումնասիրող հայ հոգեբան մը հայը կը բնորոշէ որպէս անհատ մը, որ ժամանակի ու վայրի ¥ան¤ներդաշնակումով միշտ ալ տարբեր բան մը կը փորձէ, քանի պահուած է ու կը պահուի իր անձին մէջ, իր անձի ետին։ Այդ պահուածքին մէջ, սակայն, նոյնիսկ ամէնէն պզտիկ հայը մեծ երազներ ունի։ Այդպէս կը բնորոշուի փոքրիկ հաւաքականութիւններու մտածողներու պահեստային հանգանակը։
Պզտիկ թէ մեծ երազները երբեմն անմեկնաբանելիօրէն ծածկագրուած կը մնան կարճ թէ երկար հեռաւորութիւններու սահմանագիծի երկայնքին։ Վստահաբար, սակայն, ճիշդը սխալէն աւելի նախընտրելի է։
Հարցին աւելի խիստ ու վճռական դատողութեամբ մօտեցող ընկեր մը կը գնահատէր, թէ հայը ան է, որ կը փախչի իր իսկ դիմագրաւած իրականութենէն, երբ մեր ապրած համաշխարհային անորոշութեան ու արժէքներու սնանկութեան ժամանակներու պարտադրած անելները չի յաջողիր յաղթահարել, մինչեւ որ բիւրեղացնէ իր ընկերային ինքնութեան անձնաթուղթը։
Կþաւելցնէր. հայը լեզու ունի եւ լեզու չունի։ Լեզու ունի՝ ինչպէս որ կը հասկնանք։ Լեզու չունի՝ դարձեալ ինչպէս որ կը հասկնանք, կամ կը դժուարանանք հասկնալու՝ տեսաբանօրէն խախուտ փիլիսոփայութեան մակարդակներով։
Իրօք, հայու լեզուն պատմութեան ընթացքին անընդհատ գործածուեցաւ զանազան դժխեմ հանգրուաններու մէջ։ Լեզուն՝ հայու սքանչելի ամէնօրեան է։ Մաշտոցեան ոգիի ժառանգութեամբ. այնպէս ներշնչած է, որ ան ամէն օր ներկայ ըլլայ մեր մէջ՝ լեզուով ու իր երանգաւոր արտայայտչականութեան պատառիկներով։ Ոմանց համար այս մէկը հաճոյք է, ուրիշներու համար տառապանք։ Հաճոյքը սիրողներուն համար՝ առինքնող յաճախականութեամբ կը դիմաւորէ իրենց օրը, կեանքը, լեզուական ապրումները, հաղորդակցական կառոյցներու իմաստն ու կարեւորութիւնը։
Անոնք որ լեզուով չեն ապրիր, քանի՞ տարբեր ու արտառոց դերեր ունին խաղալիք իրենց մեքենացած կեանքին մէջ։ Ո՞րն է արդեօք իրենց լեզուական առաջնահերթութեան տիպարը, մինչեւ որ հասկնան, թէ հայերէն լեզուն մեր ազգին լեզուն է։
Երէց խօսակից մը կը յորդորէր՝ տղա՛ք, այնքան ատեն որ հայ կը մնաք, հայօրէն դաստիարակեցէք ձեր սերունդները եւ դաստիարակութենէն երբեք մի՛ վախնաք, որովհետեւ հայրենասիրութիւնն ալ դաստիարակութեան պէտք ունի՝ կառուցային դաստիարակութեան մը յանգելու համար։
Փաստօրէն, հայը պէտք է գրէ հայու պատմութիւնը։ Անպայմա՛ն։ Կա՞յ մէկը, որ կրնայ առարկել, հակառակ ըլլալ այս կարծիքին։ Պատմութեան իրական դերակատարը մարդն է եւ մարդ արարածը արժէք ու իմաստ կուտայ իր գոյատեւման՝ պայքարով ու տեսլականով։
Պատմագէտ մը կը պնդէր, թէ ազգի մը պատմութիւնը կը գրեն օտարները, ուրիշ ազգեր, թերեւս իրենց ըմբռնումով, իրենց հաշւոյն։ Մեր պատմութեան մէջ, միշտ ալ օտար մը կը միջամտէր մեր ժամանակներու բարդ հանգոյցը քակելու համար։ Պատմութիւնը արհեստավարժ օտարի գործ է, այդ իմաստով ալ արհեստավարժ պատմագէտները հաշիւ պէտք է տան իրենց գրածներուն համար, քանի պատմական գաղափարաբանութիւններու համեմատութիւնները յաճախ արտառոց հոլովոյթներու կþենթարկուին, չարաշահուելու աստիճան։
***
Հայերուն մէջ հսկաներ կա՞ն։ Հսկաներուն հանդէպ երբեք յարգանք ցուցաբերեցի՞նք։ Հսկաներու հսկողութեան մեքենականութիւններ ստեղծեցի՞նք։
Գիտէ՞ք, յարգանքը շատ լուրջ բան է. յարգանքի կանոնները ամէն տեղ նոյնն են. կա՛մ կը յարգես, կա՛մ չես յարգեր. միջին ճամբան յարգանքի չþառաջնորդեր։ Առանց յարգանքի ամէն բանէ առաջ կը կորսուին սերունդները, որոնք պէտք է դաստիարակուին յատկապէս յարգանքի խորհրդանիշով։ Մեզմէ քանի-քանինե՜ր յաճախ թէ պարագայաբար զրկուած են յարգալից վերաբերումէ։ Յարգելը նախապայման է կրթութեան, մշակոյթի։ Եթէ չյարգես՝ պիտի չյարգուիս։ Անգիտութիւնը ընդունելի է միայն միամտութեան դէմ։
Հայը իր մշակոյթին հանդէպ յարգանք ցուցաբերա՞ծ է։ Մշակոյթ ըսելով պարզօրէն կը հասկնանք քաղաքակրթութիւն, լեզու, իմաստասիրութիւն, արուեստ, պատմութիւն։ Հապա՞ յարձակողական մշակոյթը։
Եթէ յարգանք տուած չես, աշխարհի հաշուի առնուելիք բոլոր բաները օր մը կը վերջանան։ Մեր մօտ, դեռ ի՞նչ կանգուն կը մնայ։ Կանգուն մնացածն ալ հետզհետէ կը տժգունի կամ կը ժանգոտի այնքան ատեն, որ արժէքներու դրութիւն մը գնահատման տարազի չենք վերածեր։
Հայե՛ր, հպատակեցէ՛ք մշակոյթին, շատ ժամանակ չունինք,- կը ճառէր ծերունազարդ հարեւանս։ Մշակոյթը հայուն աւելի մօտ է, քան թէ հեռու։ Աւելի մօտ է նոյնիսկ քաղաքականութենէն ալ։ Նաեւ ու մանաւանդ՝ աւելի արժէքաւոր։ Ան մնայուն եւ բաղդատական իմաստներու ալ չþենթարկուիր, չի հպատակիր։
Երբ հայուն համար կը խօսիս՝ ամէն անգամ տողատակի քողարկուած բան մը ունիս ըսելիք,- կը յայտնէր իգական սեռի ներկայացուցիչ մը՝ պնդելով, որ «խղճմտանքը» հայկական բառ է եւ իմաստ մըն է, որ կը բնորոշէ հայու տպաւորիչ ինքնութիւնը։
Անծանօթ չէ, թէ որեւէ տունկ ծաղկելու, աճելու, ճիւղ բարձրացնելու համար թթուածին ու ջուր կþուզէ։ Հայը ունի՞ այդ պահեստները քաղաքականապէս բնորոշուելու, ապա նաեւ՝ բնորոշելու համար։
***
Տեսնենք՝ հայը կը ճանչնա՞յ իր ազգային հերոսներուն պատմութիւնը — Քաջն Վարդան, Գայլ Վահան, Գէորգ Չաւուշ, Լիզպոնի Հինգեր, եւ դեռ Արցախով շարունակուող Թաթուլ, Շահէ, Բեկոր ու հարիւրաւորներ՝ 20րդ դարէն 21րդ դար անցնելու համար։ Որոշ իմաստներ վտանգաւոր սկսած են դառնալ կարծես հայկական շրջանակներու մէջ։
Հայը ղեկավարութեան հիւանդութենէ կը տառապի։ Ղեկավարութիւնը միայն հայու յատկանիշ չէ։ Ամբողջ աշխարհը անհանգիստ է տուեալ հարցով։ Այս հիւանդութիւնը համատարած ախտի կը վերածուի սակայն՝ անկարողներով ու անարժանահաւատներով, որոնք ձախաւերութիւնը կը պարտադրեն իբրեւ տիպար նմոյշ, տարազ, որմէ պէտք է օրինակուին նոյնիսկ խելքը գլուխը մարդիկ։ Այդ նմոյշներէն կը յուսամ ու կը մաղթեմ, որ շատ բան չաւելնայ թանգարաններուն մէջ իբրեւ օրինակ՝ «պատիւով պահպանելու համար»։
Մեր ամէնօրեայ հայ իրականութեան մէջ, ամէն ժամանակի նոր առասպել մը կը ծնի, որ կողմնակիցներ ալ կþունենայ։ Կը սպասեմ, որ կասկածամիտները հասակ բարձրացնեն եւ նոր հռետորականութեամբ մը ճառեն ու ճառեն՝ մինչեւ որ մարդկութեան անլոյծ հարցերուն լուծումները յղանան։
Այս կեանքին մէջ ամէն ինչ սկիզբ ու վերջ մը ունի։ Երբեմն միեւնոյն սկիզբը, երբեմն ալ միեւնոյն վերջը։ Այնպէս որ, ոեւէ մարդու կամ ազգի պատմութիւնը միայն իր պատմութիւնը չէ. հոգ չէ, թէ կը գրուի, կը սրբագրուի ու դարձեալ կը վերասրբագրուի քողարկուած շարժառիթներու իբրեւ արտայայտութիւն։
Այս բոլորին մէջ մոռցայ ձեզի հարցնելու, թէ ի՞նչ լեզուով կը ստորագրէք։ Ըսեմ, որ ես՝ հայկական սկզբնատառներու օգտագործումով ստորագրութիւն մը հնարած եմ ու կը ստորագրեմ ամէն տեղ, ո՛չ միայն հայերէն, այլ նաեւ օտար փաստաթուղթներու տակ։ Թերեւս ըսածս չեմ կրնար փաստել, որովհետեւ իմ նկարս թերթին մէջ լոյս տեսած չէ, ինչպէս այլ յօդուածագիրներունը, ոչ ալ ձեռագիր ստորագրութիւնս։ Ինչեւիցէ, ես պէտք չունիմ անոր։ Ընտրութիւնս համոզում է եւ հիմնուած չէ առնելու եւ տալու «սկզբունքին» վրայ։
Եկէ՛ք, մեզի ընձեռուած կարգ մը առաւելութիւններէ չօգտուինք, լոզունգային, ոմանց համար բուժիչ տեսաբանութիւններէ, այլապէս կրկին ու կրկին կը վերադառնանք ազգային մաշած ու մաշեցնող՝ կիսով հում, մնացեալ կիսով եփած միեւնոյն տարազաւորումներու, քանի ճշմարտութիւնը մէկ տեսակ կþըլլայ, մէկ երես կþունենայ, եւ երբ ժամը կուգայ՝ բոլորիս կը զարմացնէ իր միաձոյլ տարազաւորումով։
Նախաբաններն ու վերջաբաները միշտ ալ յաջող չեն ըլլար։ Թո՛ղ զգուշանան նախագահողները, հանդիսավարները, թամատաներն ու բանախօսները։ Հռետորականութեամբ մէկը քաջ չ՚ըլլար, ուրիշ շատ բաներ ալ կþուզէ…։
***
Վերադառնանք, սակայն, հայու տիպարին եւ քիչ մըն ալ խօսինք թիւերու եւ անոնց ուժին մասին։ Թիւերը սուտ հերոսներ կը ստեղծեն, սուտ հերոսներ ալ կը տապալեն։
Թիւերու ուժը հայուն համար մնաց ու կը շարունակէ մնալ մեր ամէնէն խոցելի իրականութիւնը, որովհետեւ մեր իրականութեան հետ կապուած թիւերը կա՛մ անյստակ են, կա՛մ անճիշդ, կա՛մ սխալ։ Սխալ թիւերը մեզ առաջնորդած են նոյնիսկ բարոյական յաղթանակներու, բարոյախօսական խաբկանքներու։ Այս տեսակի յաղթանակները ընդհանրապէս իրական չեն, ուղեշեղեցնող են եւ թիւր կերպով կը ճշդեն մեր ներկան ու ապագան։ Առանց ճիշդ թիւերու՝ երբեք ճիշդ ուժ պիտի չունենանք, մեր իրական ուժը պիտի չգիտնանք։ Գիտնանք, սակայն, որ սխալ թիւերով կը ստորագնահատենք քաղաքացին, մարդը, գիտնականը, ակադեմիկանը, զօրավարն ու զինուորը։ Ի՞նչ տեսակ քաղաքականութիւն է այս։ Սուտ ու կեղծ արժեւորումներու վրայ ազգը չþարժեւորուիր, մանաւանդ երբ այդ մէկը տեղի կþունենայ հայրենասիրութեան անուան տակ եւ անոր շահագործումով։ Այդպիսի հոգեմտաւոր ընտրանքներով հայրենասիրութիւնը երեւելի թէ աներեւոյթ ճեղքերով մարդիկ կը ստեղծէ եւ մենք, մեր շեղող ու շեղեցնող ձեւերով կը ստիպենք, որ հայը եւ հայութիւնը համակերպին մեզի թելադրուած անորոշ իրականութիւններու։
Բոլորս գիտենք, թէ հայը զգացական յուզականութիւն իւրացուցած մարդ է, որ երբեմն ամէն բան կը վերլուծէ, երբեմն՝ ոչ։ Երբ չի կրնար վերլուծել՝ խրոխտօրէն կþերգէ, կամ՝ ճառ կը խօսի։
Այս բոլորով հանդերձ հին եւ նոր հայուն պոռթկացող ըմբոստութիւնը, յեղափոխականութիւնը ինչպէ՞ս պիտի վերակազմաւորուի։ Ինչպէ՞ս ճիշդ կերպով պիտի վերահունաւորուի անցեալի զգայապաշտ նախատեսութիւններու համեմատական արժեչափերով։ Թերեւս չհասկցանք, որ յոգնեցանք ու յոգնեցուցինք։ Թերեւս չհասկցանք, որ հայկականութիւնը արուեստական բեմադրութիւն չէ, մեր արտայայտութեան եզրերը փոխարինելու եւ վերանորոգելու համար։
Յաճախ ես ինծի հարց կուտամ, եթէ հայը քաղաքական բազմաբնոյթ ընտրանքներ դիմագրաւելու ատակ է։ Թերեւս բարդ դիմագրաւելիք կացութիւններու բերմամբ վարժ չէ դիմակայելու իրեն հրամցուած լաւագոյն բարիքները եւ յոռեգոյն չարիքները փորձառութիւններու վերականգնման ողջմտութեամբ։
Ժամանակը անցած է, երբ գաղափարականօրէն ընտրեալներ ընկերվարական դրախտներ կþերազէին՝ մարքսեան-լենինեան երեւակայածին հորիզոններով։ Այդ դրախտները ներկայիս jurassic parkերու վերածուած են։ Հիմա՝ համաշխարհայնացման անգութ գլանը անցած է անոնց վրայէն ու չէզոքացուցած է ազգային ու քաղաքական գաղափարաբանութիւններու եւ ընկերային արեւելումներու թերաճօրէն մշակուած ապրումներ։ Հիմա՝ քաղաքական տարբերութիւններու ընտրանքը առնուազն հասանելի չէ, հասանելիութեան ընդունուած կամ մերժուած չափանիշներով. այնպէս որ, հոս տեղը յարմար չեմ համարեր քաղաքական բարոյախօսութեան գահավէժ անկման տեսաբանութիւններ վերլուծելու։
Հայը չկազմաւորուած ինքնութեան մը նկարագրով կը գոյատեւէ, գոյատեւումի պարզ հասկացողութեան դիւանակալական կապանքներէ դուրս, գոյատեւումի մշակոյթի ազդակները չզարգացնելով իր մէջ։
Պատմական հոլովոյթի չնախատեսուած առիթները հետզհետէ կը սահմանափակուին, անոնց առընթեր՝ լեզուական, իմաստասիրական, քաղաքական, գիտական, մշակութային։ Աւանդութեան կառչած մնալու տոհմիկ մտայնութիւնը իր անցեալի ճանապարհորդութեան ու ժառանգականութեան իմաստը կը կասեցնէ, անոր հետ ալ կը կորսուի պատմական ուժականութիւնը, կը կորսուի նաեւ յուշի անցելապաշտութիւնը եւ անոր հակադրուող կանոնները։
Եկէ՛ք, բնորոշող տարազներէ չվախնանք ու չվախցնենք մեր շուրջիններն ու անգէտները։
Խոստովանինք, մեզի գործնապաշտութեան մղող ուսումնասիրութիւններ չկատարեցինք, լաւ քաղաքացի, լաւ կուսակցական, լաւ հայ պատրաստելու համար։ Դաստիարակութեան գործին մէջ տկար դուրս եկանք։ Այդ տկարութիւնը հիմա կը գանձենք, քանի որ մղեցինք սերունդները, որպէսզի մեր՝ իրենց հասկցած ձեւով ապրին եւ ոչ թէ այնպէս, որ իրենք կրնային նախընտրած ըլլալ։
Հայու ապրած իրականութիւնը առածներու կամ մամիկներու եւ պապիկներու կողմէ կազմուած առօրեայ, հաճելի թէ թելադրական պատումներով չի լուծուիր. ատոնք հայու հոգեմտաւոր ընտրանքներու դաշտին մէջ կրնան նաեւ առաւելութիւններ չհամարուիլ։
Տեսէ՛ք, այսօրուան հայուն ապրած տագնապը առանձնաբար ու խորագիտակօրէն քաղաքական է, ամէ՛ն բանէ առաջ։ Բարոյական զսպուածութեան յորդորներով չի լուծուիր, ընդհակառակն՝ ժամանակին մէջ կրաւորականութիւնն ու անտարբերութիւնը այլափոխուած դիմագիծ կը պարտադրեն, որմէ դժուար է խուսափիլ։ Չմոռնանք մեր ապրած ներկան շուարած իրականութիւնը միակողմանի կամ կամայական մեկնաբանութիւններով չի կրնար տոկալ այսօրուան, բայց մանաւանդ վաղուան ժամանակին մէջ։ Կարեւորը՝ ինքնութիւն որոնելն ու պահպանելն է, այսօր՝ վաղուան համար ու վաղուան հաշւոյն։
Եկէ՛ք, թուենք քանի մը մտածումներ՝ «հայ», «հայութիւն», «հայկականութիւն» բառերուն իմաստը բնորոշելու համար։ Բնորոշումը կը կատարուի հայութեան ապրած կեանքի ժամանակակից տագնապներու լոյսին տակ եւ մեր վրայ կþազդէ հաւաքական գիտակցութեան այն չափով, որ կը հակադրուի հաւաքական անգիտակցութեան ու իրապաշտութեան։ Այսպէ՛ս կը բացատրուի կարծես բացարձակութեան ուժը եւ անկէ բխող ուժին հակազդեցութիւնը։
Մեր այսօրուան գոյութեան մեկնակէտը ընդհանրապէս վերջին 50 տարիները, բայց մասնաւորապէս 25 տարիներ առաջ Հայաստանի երկրորդ հանրապետականացումէն յետոյ ստեղծուած աշխարհաքաղաքական կացութիւնը եւ անոր յաջորդող հայրենասիրութեան զարգացող հոլոյվոյթի իրականութիւնն է։
Այսօր այլեւս, առաջուան պէս եւ առաջուան չափ, այնքան ալ մեծ կարեւորութիւն կամ նշանակութիւն չունի, եթէ մարդիկ գաղափարականացած են, աջ — ձախ — համայնավար — ընկերվարական են, աւելին՝ եթէ դաշնակցական — ռամկավար — հնչակեան, կամ՝ Հայաստանի որեւէ կուսակցութեան անդամ են։ Գուցէ ոմանց նուազ կը հետաքրքրէ նաեւ էջմիածնականը, անթիլիասականը, կաթողիկէն թէ աւետարանականը։ Հայը կþապրի իր ժամանակին հետ եւ իր ժամանակին թշնամին է։
Ներկայ հոլովոյթի արդիւնքով՝ հայ կը նշանակէ տարաբախտ ու տարտղնուած ազգի մը զաւակ ըլլալու պատկանելիութիւն ունենալ եւ գիտնալ պատմութիւնը, ազգային եւ քաղաքական մեր պահանջատիրութեան առաջնահերթութիւնները, մեր գոյատեւման պայքարի առաջադրանքները։ Տիրող ըմբռնում մը կայ, որ հայը պարտի հայրենասէր ըլլալ իր կեանքի ամէնէն հասարակ արտայայտութեան մէջ իսկ։ Հայը Ցեղասպանութեան հարցով չի կրնար անտարբեր ըլլալ եւ անտարբեր չի կրնար թողուլ նաեւ ոչ հայերը, որպէսզի աւերակներու վրայ աւերակ չկառուցենք։
Մեր մէջ մարդիկ կան, որ համոզուած կերպով կը հաւատան, թէ աշխարհը պարտական է հայութեան։ Ժամանակը ամէն բան ճիշդ չի կրնար դատել։
Այս բոլորով հանդերձ, այսօր հրամայական կարիք կը զգանք «հայ» բառը վերաբնորոշելու։ Եթէ հայը վճռած է որպէս հայ վերապրիլ ու գոյատեւել՝ անհրաժեշտ է, որ վերաբնորոշէ հայու ինքնութիւնը եւ անոր առնչուած իմաստները, առանց անգիտութեան վրայ առաւելութիւններ ունենալու։ Իրական դէմքը հայելիին մէջ չþերեւիր երբեք։
Ահա՛ նիւթ մը, որուն շուրջ կրնանք երկար խօսիլ, վիճիլ, ախտաճանաչումներ ու հաստատումներ կատարել։ Ինքնութիւնը կը միացնէ, քանի որ ճակատագրակից է։
Հայու ներկայէն աւելի նախատեսելի եւ ապագայէն աւելի աննախատեսելի բան չկայ։ Մեր ներկան ինքնին մեր ինքնութեան քաւութեան նոխազն է՝ իր բնորոշելի թէ անբնորոշելի համեմատութիւններով։
Մեր գոյատեւման հարցին շուրջ գիտական վիճակագրութիւն մը կա՞յ… ։ Վիճակագրութիւնը պատմութիւն կամ աւանդութիւն չէ։ Դասական բնորոշումը ստուգաբանա՞ծ ենք, ինքնութեան անուն տուա՞ծ ենք։ Հայեր կան, որոնց մտքի յիշողութեան մէջ պատմութիւնը տեղ չունի եւ տեղ ունեցած չէ։
Հայը բան մըն է, որ սահման ունի եւ միաժամանակ անսահման է։ Այդպէս կþըլլայ, ընդհանրապէս կþատենք բան մը, որ չենք ճանչնար։
Մոռցայ հարցնելու, թէ այս բնորոշումները ի՞նչ լեզուով պիտի կատարենք։ Մարդոց հոգեվիճակին մէջ ամէն օր նոր հերոսներ կը ծնին, նաեւ՝ նոր ղեկավարներ։ Կը սիրենք ներկան, անցեալէն աւելի։ Կը սիրենք գաղափարները, աւանդութենէն աւելի։ Կը սիրենք մանաւանդ գաղափարները, որոնք ապագայէն կուգան։ Այդ գաղափարները խորհրդանշական իմաստ կրնան ունենալ միայն հայուն ու հայութեան համար։ Անցեալը ճամբայ մըն է, որուն վրայէն չենք կրնար քալել այլեւս։ Ժամանակի մրցակցութիւն։ Ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս։ Տարբերը՝ պարզապէս սխալ մը պիտի ըլլար … սխալմամբ։
Հայու հայրենասիրութիւնը կþօգնէ, որ պատասխան տայ իր հարցումներուն։ Այս մէկը յատուկ է հայուն։
Հայութեան համար լաւատես ըլլալու յոյս ունի՞նք ապագային։ Ո՞ր մէկն է հայութեան փրկութեան ամրոցը։ Հարցումը տարօրինակ կրնայ թուիլ։ Մեր իրականութիւնները ժամանակաւոր են եւ մեր ժամանակներն ալ յաւելեալօրէն անտարբեր։
Սիրելիներ, հայու կենսագրութիւնը կը փոխուի։ Ժամանակակից հայու ինքնութիւնը, դիմագիծն ու տիպարն ալ կը փոխուին։ Հայը իր ո՞ր կենսագրութեան մէջ ապաստան պիտի գտնէ։ Պիղատոսնե՞րը ցոյց պիտի տան լուծումը։
Հայու ապրած կեանքը իր ապրած իրականութեան հետ կապ ունի՞։ Հա՞շտ է։ Կը սիրենք ու կþատենք բան մը, որ դեռ բնորոշած չենք։
Եկէք կանոնները փոխենք եւ գրաւը հաւասարակշռենք։ Հայը իր տեղը կը փնտռէ պատմութեան մէջ։ Հայրենիքին համար կռուողը իր ճանապարհը կը գտնէ։ Անգիտութիւնը վերականգնումի ու վերաբնորոշումի կարիքը կը զգայ։
Կը թուի, թէ մեր պատմութեան մէջ բան մը լաւ քննած ու գնահատած չենք։ Կը մնայ, որ հայը ճշդէ իր դերը, առանց ինքզինքին ու իր գաղափարներուն միջեւ խտրութիւն դնելու։