Հ.Յ.Դ. Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի ակումբի յանձնախումբի եւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան կազմակերպութեամբ, Կիրակի՝ 19 Փետրուար 2017ին, երեկոյեան ժամը 8ին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Աւետիքեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ղարաբաղեան Շարժման 29ամեակին նուիրուած Մհեր Մկրտչեանի «Կեանք ու կռիւ» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը։
Հաւաքոյթին ներկայ էր կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, յարանուանութեանց պետերը, Նէոս Գոզմոսի եւ Գոքինիոյ շրջաններու հոգեւոր հովիւները, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ, միութեանց ներկայացուցիչներ եւ ստուար թիւով հայրենակիցներ։
Երեկոյի բացումը կատարեց Հ.Յ.Դ. «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի անդամ ընկ. Գարլօ Ճէնապեան, որ խօսքին մէջ յիշեց, թէ «29 տարի առաջ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցաւ իրադարձութիւն, որը բարոյական եւ քաղաքական հզօր ազդեցութիւն ունեցաւ ոչ միայն արցախցիներու, այլ ամբողջ հայ ժողովուրդի ճակատագրին վրայ՝ կանխորոշելով անոր հասարակական¬քաղաքական զարգացման հետագայ ընթացքը։
Արցախահայութիւնը իր մարդկային ու ազգային արժանապատուութիւնը փրկելու, իր հողն ու պատիւը պաշտպանելու, մայր հայրենիքի հետ միաւորուելու համար բացայայտ պայքարի ելաւ։
1988ի Փետրուար 20ին, երբ Ղարաբաղը Ատրպէյճանի կազմէն ելլելու եւ Հայաստանին միանալու մասին որոշում ընդունեց, Ատրպէյճանը ի պատասխան՝ մէկ շաբաթ անց, Պաքուի եւ Սումկայթի մէջ կազմակերպեց հայկական ջարդ, որու ժամանակ զոհուեցաւ աւելի քան 60 մարդ եւ վիրաւորուեցան հարիւրաւոր ուրիշներ։
Հայաստանի մէջ արցախահայութեան հետ համերաշխութեան մեծ ալիք սկսաւ։ 1988 թուականին մենք դարձանք Արցախի, Հայաստանի եւ Սփիւռքի գործօն միակամութեան վկաները։
Ազգային միասնութեան շնորհիւ, մենք կրցանք տոկալ, դիմակայել, 29 տարի առաջ սկսած ազատութեան ճանապարհին եղած բոլոր դժուարութիւններուն ու զրկանքներուն։
Իմ կարծիքով, մենք կրնանք եւ պէտք է պահպանենք համաժողովրդական միասնակամութիւնը եւ այն բարոյական ու հոգեւոր ներուժը, որոնց հիմքը դրուեցաւ 1988ին։ Եւ այժմ, 29 տարիներու հեռաւորութենէն կրնանք գնահատել, թէ ինչ կ’ուզէինք այն ժամանակ եւ ինչ ունինք հիմա»:
Յաջորդաբար, տեղի ունեցաւ ժապաւէնի ցուցադրութիւնը, որ խոր յուզումի զգացումներ պատճառեց ներկաներուն։ Ֆիլմը կը պատմէ 4 ընկերներու մասին, որոնց միջեւ ընկերութիւնը սկսած է դպրոցական տարիներէն։ Դէպքերը կը զարգանան 1990-1992 թուականներուն, Ղարաբաղեան պատերազմին ընթացքին։ Իւրաքանչիւրը տարբեր ուղիով կ’ընթանայ իր կեանքին մէջ, բայց բոլորին կը միացնեն պատերազմը, սէրը, ողբերգութիւնը, ընտանեկան արժէքները։ Ժապաւէնին մէջ լուսարձակի տակ կը բերուի Արցախի հերոսներու ճակատագիրը, անոնց փորձառութիւններն ու ապրած պահերը, որ երիտասարդներու նկարագիրը կը ձեւաւորեն։ Իսկ անոնց կեանքը կը դառնայ մշտական կեանք ու կռիւ, ուր տիրապետող կ’ըլլայ միշտ ներկայ սէրը։
Ժապաւէնի աւարտին, Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, խօսք առնելով, շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպողներուն եւ իր պագգամը փոխանցեց ներկաներուն Արցախի ազատագրական պայքարի 29ամեակին առիթով։
Թղթակից