Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան

­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մա­կան փաս­տի տա­րած­ման եւ թրքա­կան ժխտո­ղա­կա­նու­թեան դէմ պայ­քա­րին մէջ լուրջ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն վեր­ցու­ցած են թուրք պատ­մա­բան­ներն ու ա­կա­դե­մա­կան­նե­րը։ Ա­նոնց թի­ւը հետզ­հե­տէ բազ­մա­ցաւ ան­ցած տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին, երբ ի­րար յա­ջոր­դող գիր­քե­րով, յօ­դո­ւած­նե­րով եւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րով, յանդգ­նե­ցան լոյս սփռել ­Թուր­քիոյ մէջ ծանր «թա­պու» նկա­տո­ւող թե­մա­յին շուրջ։
Ա­նոնց մղում տո­ւած է սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դը դաս­տիա­րա­կե­լու եւ եր­կի­րը ժո­ղովր­դա­կա­նաց­նե­լու ող­ջա­միտ ձգտում մը, որ միա­ժա­մա­նակ ­Թուր­քիոյ խե­ղա­թիւ­րում­նե­րուն դէմ ա­հազ­դու զէնք մը դար­ձած է հայ ժո­ղո­վուր­դի պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րին մէջ, ա­մէ­նա­ծանր հա­րո­ւա­ծը հասց­նե­լով թրքա­կան ժխտո­ղա­կա­նու­թեան։
«­Պատ­մա­բան­նե­րը թող վճռեն» թրքա­կան պաշ­տօ­նա­կան կե­ցո­ւած­քին դէմ, որ շատ ան­գամ­ներ իր զո­հը դար­ձուց նաեւ օ­տա­րազ­գի լրագ­րող­ներ ու քա­ղա­քա­գէտ­ներ, ազ­դու պա­տաս­խան տո­ւին նոյ­նինքն թուրք ա­կա­դե­մա­կան­ներն ու պատ­մա­գէտ­նե­րը, որ թրքա­կան ար­խիւ­նե­րը պրպտե­լով՝ ի յայտ բե­րին փաս­տեր, որ­քան ալ ճիգ տա­րո­ւած ըլ­լար ա­նոնք ոչն­չաց­նե­լու կամ ծած­կե­լու։
Յու­նա­կան մա­մու­լը վեր­ջին օ­րե­րուն լայն տեղ տրա­մադ­րեց ­Թա­ներ Աք­չա­մի նոր գիր­քին մէջ բա­ցա­յայ­տո­ւած նա­մակ­նե­րուն, ո­րոնք ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան կան­խամ­տա­ծո­ւած եւ լա­ւա­պէս ու­սում­նա­սի­րո­ւած ոճ­րա­գոր­ծու­թեան փաս­տը կու­տան հան­րու­թեան։ ­Խօս­քը կը վե­րա­բե­րի Ա­րամ Ան­տո­նեա­նի 1921ին հրա­տա­րա­կո­ւած գիր­քին, ուր տեղ գտած էին օս­ման­ցի պաշ­տօ­նեայ ­Նա­յիմ Է­ֆէն­տիի յու­շե­րը։ Ան իւ­րա­յա­տուկ ձե­ռագ­րով վե­րար­տադ­րած էր հա­յե­րու բնաջնջն­ման մա­սինպաշ­տօ­նա­կան հրա­մա­նագ­րեր պա­րու­նա­կող շուրջ 52 օս­մա­նեան փաս­տա­թուղ­թեր։ Ան­կէ զատ, ­Նա­յիմ Է­ֆէն­տին Ան­տո­նեա­նին յանձ­նած էր մօտ 26 փաս­տա­թուղ­թե­րու բնօ­րի­նակ­նե­րը։ Այդ նա­մակ­նե­րու լու­սան­կար­ներն են որ հրա­տա­րա­կուած են Ան­տո­նեա­նի գիր­քին մէջ եւ ա­նոնց­մէ եր­կու­քը կը պատ­կա­նին ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րա­գործ­ման մէջ կա­րե­ւոր դեր ու­նե­ցած ­Պե­հաէ­տին ­Շա­քի­րին։­Թուր­քիոյ հա­մար ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը «1915ի տխուր պա­տա­հար­ներն» են, այ­սինքն Ա. ­Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մին ժա­մա­նակ հա­յե­րու «կո­րուս­տը»։ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մի թրքա­կան գլխա­ւոր վար­կա­ծը կը կեդ­րո­նա­նայ այն կէ­տին վրայ, որ տե­ղա­հա­նու­թեան հրա­մա­նէն զատ, ու­րիշ հրա­ման չկայ, ու­րեմն հա­յե­րը մա­հա­ցած են պա­տե­րազ­մի բնա­կան հե­տե­ւան­քով…
­Թա­ներ Աք­չա­մի նոր բա­ցա­յայ­տում­նե­րով՝ հիմ­նա­յա­տակ կը փլի թրքա­կան վար­կա­ծը, ո­րով­հե­տեւ կը հրա­տա­րա­կո­ւին բնա­գիր այն հրա­ման­նե­րը, որ պե­տա­կան պաշ­տօ­նեայ ­Պե­հաէ­տին ­Շա­քիր ու­ղար­կած է «հա­յե­րը բնաջն­ջե­լու աղ­տոտ գոր­ծը» ստանձ­նած ու­ժե­րուն։
­Հել­լէն հա­սա­րա­կու­թիւ­նը լրջօ­րէն կը հե­տաքրք­րուի օս­մա­նեան ար­խիւ­նե­րու բա­ցա­յայտ­ման վե­րա­բե­րող նման գրու­թիւն­նե­րուն մա­սին, ո­րով­հե­տեւ նոյն ձե­ւով կը փաս­տո­ւի յոյ­նե­րուն դէմ կան­խամ­տա­ծո­ւած ծրա­գի­րի կրկնու­թիւ­նը։ ­Հել­լէն մա­մու­լը՝ «­Քա­թի­մե­րի­նի», «­Փոն­տոս ­Նիուզ» ե­ւայլն, թրքա­կան ժխտո­ղա­կա­նու­թեան պա­տին վրայ մեծ բե­կում կը նկա­տեն բա­ցա­յայ­տում­նե­րը, այն­քան ա­տեն որ ­Թուր­քիան կը շա­րու­նա­կէ ժխտել իր ո­ճի­րը։
­Շատ յստակ է։ ­Թա­ներ Աք­չա­մի բնո­րոշ­մամբ՝ փաս­տա­թուղ­թե­րը ցոյց կու­տան ինչ­պի­սի՛ յա­ջոր­դա­կա­նու­թեամբ կա­տա­րո­ւած են հա­յե­րու ոչն­չաց­ման աշ­խա­տանք­նե­րը։
­Պի­տի են­թադ­րէինք, որ ­Թուր­քիոյ ներ­կայ սե­րուն­դին հա­մար ա­ւե­լի դիւ­րին պի­տի ըլ­լար ճանչ­նալ ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաս­տը ու ա­ռե­րե­սո­ւիլ սե­փա­կան պատ­մու­թեան մութ է­ջին հետ։ ­Սա­կայն կը տես­նենք, թէ որ­քան ալ փո­խո­ւին սե­րունդ­նե­րը, որ­քան ալ ­Թուր­քիոյ ժո­ղո­վուր­դի մե­կու­սա­ցու­մը սահ­մա­նա­փա­կո­ւի եւ հա­մա­ցան­ցի դիւ­րու­թիւն­նե­րը մար­դոց հրամց­նեն աշ­խար­հը ցնցող նո­րու­թիւն­նե­րը, որ­քան ալ թուրք հա­սա­րա­կու­թեան բազ­մա­կար­ծիք հա­մա­կար­գը լուրջ ար­գելք­ներ յա­րու­ցա­նէ հին կարծ­րա­տի­պե­րուն դէմ, այ­սու­հան­դերձ մէկ բան ան­փո­փոխ կը շա­րու­նա­կէ մնալ թրքա­կան պե­տու­թեան մէջ։ Այդ ալ թրքա­կան ըն­կե­րու­թիւ­նը տա­ռա­պեց­նող «թա­պու»ներն են, ո­րոնց­մէ լրջա­գոյ­նը՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մա­կան փաս­տի ըն­դու­նու­մը եւ ա­նոր հե­տե­ւանք­նե­րուն ստանձ­նումն է։
Թող ըլ­լան փոր­ձեր «հասկ­նա­լու» հա­մար ոճ­րա­գործ այդ միտ­քե­րուն յղա­ցում­նե­րը, թող փնտռուին «ար­դա­րա­ցում­ներ» ոճ­րա­գործ­նե­րուն հա­մար։
Փաս­տը մէկ է եւ թրքա­կան պատ­մա­կան ար­խիւ­նե­րուն մէ­ջէն է որ կը բա­ցա­յայ­տո­ւի, նոյ­նինքն թուրք պատ­մա­գէտ­նե­րուն կող­մէ։