Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ թրքական զօրքերը «պիտի մաքրեն» ահաբեկիչները Սուրիոյ հիւսիսէն` խօսելով ոչ միայն Աֆրինի ու Մանպիճի, այլեւ՝ Գամիշլիի մասին,- կը հաղորդէ «Թերթ»՝ վկայակոչելով «Պիրկիւն» թերթը:
«Ահաբեկիչներէն պիտի մաքրենք Աֆրինը, Մանպիճը, Թել Ապեատը, Գամիշլին: Ահաբեկիչներուն, որոնց երես կու տան մեր ռազմավարական դաշնակիցը համարուողները, ինչպէս այսօր, այնպէս ալ միշտ, պիտի նեղենք: Մենք կը դժուարանանք հասկնալու, թէ այս հարցով ին՞չ կայ մեր դաշնակիցին միտքին մէջ, սակայն մեր որոշումը յստակ է. ոչ ոք թող նեղանայ, ով որ մեր դիմաց դուրս ելլէ` գլուխը պիտի ճզմենք, անցնինք վրայով»,- յայտարարած է Էրտողան` խօսելով Սուրիոյ տարածքին գործող քրտական զինուած ջոկատներու (YPG) մասին, որոնք կը վայելեն Ա.Մ.Ն.ի աջակցութիւնը:
Նշենք, որ Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող Գամիշլին ունի մեծաթիւ հայ համայնք:
Աւելի առաջ, խօսելով Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող Աֆրին քրտաբնակ շրջանի մասին, Էրտողան ըսած էր, որ իրենք չեն կրնար անտեսել այդ շրջանին Թուրքիոյ սահմաններուն համար ներկայացուցած վտանգը ու չեն վարանիր անհրաժեշտ քայլերը ձեռնարկելու:
Էրտողան նաեւ յայտարարած էր, որ Սուրիոյ հիւսիսային Աֆրին շրջանին մէջ իրականացուելիք ռազմական գործողութեան ծիրէն ներս սերտօրէն պիտի գործակցին Ռուսիոյ հետ:
Յիշեցնենք, որ Աֆրինի հարցը քննարկման դրուած էր վերջերս Սոչիի մէջ կայացած Ռուսիա-Իրան-Թուրքիա եռակողմ գագաթնաժողովին։
Թրքական զօրքերը պիտի մտնեն Գամիշլի
Էրտողան յայտարարած է, որ թրքական զօրքերը պիտի մտնեն ոչ միայն սուրիական Աֆրին, այլեւ Գամիշլի շրջանները