Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սրուած մթնոլորտին, Թուրքիոյ եւ Լիպիայի ռազմական համաձայնագիրին, ինչպէս նաեւ Յունաստանի մօտ Լիպիոյ դեսպանի արտաքսումի լոյսին տակ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս անգամ հակազդեց Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի խօսքին, որ արտասանուեցաւ Յունաստանի Համապոնտական միութեան կազմակերպած միջազգային խորհրդաժողովի ընթացքին Աթէնքի մէջ, որ նուիրուած էր Պոնտական ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին։
Ծայր աստիճան գրգռիչ յայտարարութեամբ մը, թրքական նախարարութեան խօսնակ Համի Աքսոյ յայտնեց .- « Եթէ Յունաստանի ղեկավարութիւնը, որ չի կրնար մոռնալ, որ մենք անոնց Էգէական ծովը նետեցինք, կը փափաքի առերեսուիլ իր պատմութեան հետ, նախապէս պէտք է կարդայ Դաշնակից երկիրներու քննչական մարմինի (խմբ. Ա. աշխարհամարտին ակնարկելով) տեղեկագիրը, որ մատնանշեց այն բոլոր ոճիռները, որ յունական բանակը կատարեց Անատոլուի մէջ։
Նաեւ, ան պէտք է կարդայ Լոզանի դաշնագիրի յօդուածները, որոնց համաձայն Յունաստան պատերազմական վնասուց հատուցում տուաւ թուրքերուն՝ այն բոլոր ջարդերուն եւ վայրագութիւններուն համար, որ կատարեց թուրքերուն վրայ։
Կոչ կ՚ուղղենք յոյն ղեկավարութեան քալելու յոյն վարչապետ Վելիզելոսի բացած ճամբայէն, որ թրքական հանրապետութեան հիմնադիր, ներխուժող յունական բանակին դէմ պայքար մղած՝ մեծ ղեկավար Աթաթուրքի անունը առաջարկեց Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակին համար, անդին դնէ իր երազային գաղափարները եւ որդեգրէ բարի դրացիութեան եւ բարեկամութեան սկզբունքները։»
Յունաստանի պատասխանը. «չէք կրնար ընդունիլ ձեր պատմութիւնը»
Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Ալեքսանտրոս Եննիմաթաս խիստ ոճով պատասխանեց Թուրքիոյ յայտարարութեան։ Ան յայտնեց.- «Հայհոյանքը ընտրութիւնն է անոր, որ չի կրնար ընդունիլ իր սեփական պատմութիւնը։ Անոր, որ համոզիչ տեսակէտներ չունի եւ կը նախընտրէ գրգռել ու սպառնալ։ Անոր, որ յամառ կերպով կը մերժէ յարգել այն կանոնները, որոնք ի զօրու են բոլորին համար, եւ յատուկ վերաբերում կը պահանջէ իրեն համար։
Պատմական իրողութիւնները խեղաթիւրելու եւ անպատշաճ յայտարարութիւններ ընելու Թուրքիոյ շարունակական փորձերը ցաւ կը պատճառեն։ Մենք չենք հետեւիր անոր վարմունքին։ Կոչ կ՚ուղղենք Թուրքիոյ՝ զերծ մնալ յաւելեալ գրգռութիւններէ եւ աշխատանք տանիլ երկխօսութեան եւ միջազգային օրէնքները յարգելու ուղղութեամբ։
Թող ան հասկնայ, որ բարի դրացիութիւնը, ապահովութիւնն ու կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր ընդհանուր տարածաշրջանի բարգաւաճումը, նպաստ կը բերեն նաե՛ւ Թուրքիոյ։