Ապրիլ 24ին մենք յարգանքի տուրք կը մատուցենք «Մեծ Եղեռնի»` 20րդ դարու ամենասարսափելի զանգուածային գազանութիւններէն մէկուն ժամանակ տուժածներուն: Այս մասին կ՛ըսուի Ա.Մ.Ն. նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Հայոց Ցեղասպանութեան 102րդ տարելիցի առթիւ ուղղուած ուղերձին մէջ:
«Սկսելով 1915 թուականէն, Օսմանեան Կայսրութեան վերջին տարիներուն, 1,5 միլիոն հայեր տեղահանուած են, սպաննուած կամ ուղարկուած մահուան: Ամերիկայի հայ համայնքի եւ ամբողջ աշխարհի հետ միասին ես կը սգամ անմեղ մարդոց մահն ու տառապանքները»,-յայտարարած է ան:
Թրամփի խօսքով մարդկութեան պատմութեան այդ մռայլ իրադարձութիւններուն մասին մտածելով «մենք նաեւ կ՛ընդունինք հայ ժողովուրդի ամրութիւնը»:
«Անոնցմէ շատերը նոր կեանք սկսան Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ անգնահատելի ներդրում ունեցան մեր երկրին մէջ` միաժամանակ պահպանելով յիշողութիւնները պատմական հայրենիքի մասին, ուր անոնց նախնիները հիմնած են հին աշխարհի մեծագոյն քաղաքակրթութիւններէն մէկը: Մենք պէտք է յիշենք գազանութիւններու մասին, որպէսզի թոյլ չտանք ատոնց կրկնութիւնը: Մենք կ՛ողջունենք ցաւալի պատմութիւնը ընդունելու թուրքերու եւ հայերու ջանքերը, որոնք կարեւոր քայլ են աւելի արդար եւ հանդուրժող ապագայի հիմքեր կառուցելու ճանապարհին»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Թրամփ` չօգտագործեց «Ցեղասպանութիւն» եզրոյթը
Թրամփ իր ուղերձին մէջ չօգտագործեց «Ցեղասպանութիւն» եզրոյթը