22 Մայիս 2017ին, Մ. Նահանգներու նախագահ Տոնալդ Թրամփ այցելեց Իսրայէլ: Այցին առիթով՝ Իսրայէլի Պէն Կուրիօն օդակայանին մէջ կազմակերպուած դիմաւորութեան արարողութեանց, Իսրայէլի նախագահին եւ վարչապետին հետ միասին ներկայ էին նաեւ Սուրբ Տեղեաց Հոգեւոր Պետերը: Նախագահ Թրամփ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքական Ս. Աթոռի գահակալ Նուրհան Արք. Մանուկեանի հետ ձեռնուելու ընթացքին, երբ Պատրիարք Սրբազան Հայրը հայ ազգին անունով բարի գալուստ մաղթած է Ա.Մ.Ն. նախագահին, նախագահ Թրամփ պատասխանած է.- Հայ ազգը մեծ եւ մշակոյթ ունեցող ժողովուրդ մըն է:
22 Մայիս 2017ին, նախագահ Թրամփ եւ Ա.Մ.Ն. առաջին տիկին Մելանիա Թրամփ այցելեցին Ս. Յարութեան տաճարը: Տաճարի շրջափակին մէջ նախագահ Թրամփին եւ առաջին տիկինոջ դիմաւորեցին Յունաց Պատրիարք Հայրը, Ս. Երկրի Քիւսթոտը եւ Հայոց Ս. Աթոռոյ լուսարարապետ Սեւան Արք. Ղարիպեան, իսկ տաճարի մուտքին դիմաւորուեցան տաճարի հայ, յոյն եւ կաթոլիկ տեսուչներուն կողմէ: Ա.Մ.Ն. նախագահը եւ առաջին տիկինը այցելեցին նախ տաճարի Հայոց բաժինը եւ, պահ մը կենալով, ականջալուր եղան Ժառանգաւորաց երգչախումբի քաղցրահնչիւն շարականներու երգեցողութեան եւ լսեցին Լուսարարապետ Սրբազան Հօր բացատրութիւնը հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին մասին, ապա՝ շարունակելով այցը, գացին Քրիստոսի Ս. Գերեզման եւ Յունաց ու Լատինաց բաժիններ: