­Տա­րի­նե­րը կ­՚անց­նին, թո­ւա­կան­նե­րը կը փո­խո­ւին սա­կայն քաղցր եւ գե­ղե­ցիկ սո­վո­րու­թիւն­ներն ու ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը ոչ թէ միայն չեն մոռ­ցո­ւիր, այլ տա­րի­նե­րու փո­փո­խու­թեան ըն­թաց­քին ա­նոնք կը դառ­նան ա­ւե­լի հա­րուստ, հա­րա­զատ եւ փա­փա­քե­լի։
Ինչ­պէս ա­մէն տա­րի, այս տա­րի եւս, մեծ խան­դա­վա­րու­թեամբ Թ­րա­կիոյ հինգ շրջան­նե­րուն՝ Ք­սան­թիի, ­Գո­մո­թի­նիի, Օ­րես­դիա­տա­յի, Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ եւ ­Գա­վա­լա­յի մէջ միօ­րեայ վար­ժա­րան­նե­րը ու­նե­ցան ի­րենց տա­րե­վեր­ջի հան­դէ­սը եւ գա­թա­յի կտրու­մը։
­Շա­բաթ՝ 4 ­Յու­նո­ւար 2020ին, ­Գա­վա­լա­յի «Ս. ­Խաչ» ե­կե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ կա­թա­յի կտրում, ինչ­պէս նաեւ ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չի փոքր դա­սաս­րա­նի ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը հան­դէս ե­կան բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րով եւ հայ­կա­կան ու մշա­կու­թա­յին պա­րով։
­Շա­բաթ՝ 12 ­Յու­նո­ւար 2020ին, Ք­սան­թիի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ տա­րե­կան հան­դէ­սը Հ.Գ.­Խա­չի միօ­րեայ վար­ժա­րա­նի եւ տա­րե­կան կա­թա­յի կտրու­մը, ինչ­պէս նաեւ ութ շրջա­նա­ւարտ ա­շա­կերտ­նե­րու տրո­ւե­ցաւ դպրո­ցա­կան վկա­յա­գիր՝ ձե­ռամբ Ար­տա­ւազդ վրդ. ­Շա­րո­յեա­նի։
­Շա­բաթ՝ 18 ­Յու­նո­ւար 2020ին, ­Գո­մո­թի­նիի ե­կե­ղեց­ւոյ ազ­գա­պատ­կան սրա­հին մէջ, Հ.Գ. ­Խա­չի միօ­րեայ վար­ժա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը Ք­րիս­տո­սի ծնուն­դը ներ­կա­յա­ցու­ցին թատ­րո­նի մի­ջո­ցաւ՝ ան­գամ մը եւս ժո­ղո­վուր­դին յի­շե­ցու­ցին հայ ա­շա­կեր­տին կա­պո­ւա­ծու­թիւ­նը քրիս­տո­նէու­թեան եւ հայ ե­կե­ղեց­ւոյ, որ­մէ ետք կա­տա­րո­ւե­ցաւ կա­թա­յի կտրու­մը։
­Կի­րա­կի՝ 19 ­Յու­նո­ւար 2020ին, Ա­լեք­սանտ­րու­պո­սոյ «Ս. ­Յով­հան­նու ­Կա­րա­պետ» ե­կե­ղեց­ւոյ տօ­նա­կա­տա­րու­թե­նէն ետք, ճաշ­կե­րոյ­թի ըն­թաց­քին ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չի միօ­րեայ դպրո­ցի ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը ազ­գայ­նա­շունչ եր­գե­րով եւ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կան, ինչ­պէս նաեւ նոր կազ­մո­ւած երգ­չա­խում­բը ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով երգեց՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Ար­տա­ւազդ վրդ. ­Շա­րո­յեա­նի։ ­Նոյն այդ ե­կե­ղե­ցա­սէր երգ­չա­խում­բի ան­դա­մու­հի­նե­րուն մի­ջո­ցաւ կազ­մո­ւե­ցաւ ­Տիկ­նանց միու­թիւն մը, որ պի­տի գոր­ծէ ե­կե­ղեց­ւոյ բա­րո­րու­թեան եւ պայ­ծա­ռու­թեան հա­մար։
­Սոյն վար­ժա­րան­նե­րուն ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը, ի­րենց դաս­տիա­րակ­նե­րուն եւ հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րուն գլխա­ւո­րու­թեամբ, պի­տի շա­րու­նա­կեն կառ­չած մնալ ազ­գին եւ ե­կե­ղեց­ւոյ, ապագային կա­տա­րե­լու հա­մար այդ ա­ռե­քե­լու­թիւ­նը, որ այ­սօր կը կա­տա­րեն հոգեւոր եւ միութենական ծառայողները:

ԹՂԹԱԿԻՑ