­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ ­Ռե­ճեփ ­Թա­յիփ Էր­տո­ղան յա­մա­ռօ­րէն կը շա­րու­նա­կէ իր գրգռիչ բա­նա­ւոր յար­ձա­կում­նե­րը ­Յու­նաս­տա­նի դէմ։ «­Մենք թոյլ պի­տի չտանք, որ եր­կի­րը ի­րենց ձեռ­քը առ­նեն ա­նոնք, ո­րոնք սի­րա­հա­րո­ւած էին ­Սեւ­րի դաշ­նա­գի­րով», յայտ­նեց ան ­Սեւ­ծո­վեան ու­ժա­նիւ­թա­յին հո­րա­տում­նե­րուն հետ կա­պո­ւած ե­լոյ­թի մը ըն­թաց­քին։
­Թուրք նա­խա­գա­հը նշեց՝ «­Մենք ա­նոնց խա­ղե­րը խան­գա­րե­ցինք, մեր եր­կի­րը ըն­դար­ձա­կե­ցինք, զօ­րա­ւոր եւ ան­կախ դար­ձու­ցինք զայն։ ­Պայ­քա­րե­ցանք ընդ­դէմ այն մտայ­նու­թեան, որ պատ­ճառ դար­ձաւ ­Թուր­քիան դուրս մնա­լու ա­պա­հո­վու­թեան եւ բա­րօ­րու­թեան հո­վա­նիէն, յատ­կա­պէս երկ­րորդ ­Հա­մա­շա­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մէն ետք»։
Ան նաեւ իր սլաք­նե­րը ուղ­ղեց ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րուն դէմ՝ «­Սու­րիոյ մէջ ի­րա­գոր­ծած մեր գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով, մենք խան­գա­րե­ցինք ո­մանց ծրա­գիր­նե­րը՝ մեր եր­կիրը շրջա­փա­կե­լու ա­հա­բեկց­չա­կան գօ­տիի մը մէջ (ակ­նար­կը քիւր­տե­րուն հա­մար է – Խմբ.)։ ­Մեզ հար­ցու­ցին թէ, ի՞նչ կ­՚ը­նէք ձեր սահ­ման­նե­րէն ան­դին։ ­Մենք պա­տաս­խա­նե­ցինք, ա­յո, ան որ մեզ կը խան­գա­րէ մեր սահ­ման­նե­րէն ան­դին, պատ­րաստ ենք մին­չեւ հոն եր­թալ»
­Խօ­սե­լով հո­րա­տում­նե­րուն մա­սին, ան յայտ­նեց թէ ծո­վա­յին հո­րա­տիչ նոր սար­քը պի­տի կո­չո­ւի «­Սուլ­թան Ապ­տիւլ ­Հա­միտ»։ ­Շա­րու­նա­կե­լով իր ազ­գայ­նա­կան ճչոց­նե­րը, Էր­տո­ղան ը­սաւ, թէ ­Թուր­քիան ե­րեք ծո­վե­րէ շրջա­պա­տո­ւած ըլ­լա­լով, իր ներ­կա­յու­թիւ­նը զգա­լի կը դարձ­նէ ոչ միայն ­Սեւ ­Ծո­վուն մէջ, այ­լեւ Ա­րե­ւե­լեան ­Մի­ջերկրա­կա­նէն ներս, զօ­րա­վիգ կանգ­նե­լով թուրք-կիպ­րա­ցի­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րուն։
Իր խօս­քը ա­ւե­լի սրե­լով ան ակ­նարկ ը­րաւ «ա­ւա­զակ­նե­րու» մա­սին։ «Այս հար­ցին մէջ մեր երկ­րի կե­ցո­ւած­քը յստակ է եւ ոչ մէկ տա­րա­կար­ծու­թիւն կրնայ ըլ­լալ։ ­Մենք ձեռք չենք եր­կա­րեր այ­լոց ի­րա­ւունք­նե­րուն վրայ, բայց նաեւ թոյլ չենք տար ա­ւա­զակ­նե­րուն, որ­պէս­զի մեր ի­րա­ւունք­նե­րը ոտ­նա­կոխ ը­նեն։ ­Թոյլ չենք տար, որ բռնու­թեամբ կամ այլ մի­ջոց­նե­րով մեր ձեռ­քէն խլեն այն ինչ որ մեզ կը պատ­կա­նի։ Երբ ո­մանք պի­տի սկսին հասկ­նալ մեր ան­փոփոխ կե­ցո­ւած­քը, պի­տի ստի­պո­ւին ի­րենց քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը փո­խել նոյ­նիսկ ա­նոնք, ո­րոնք այ­սօր քա­ղա­քա­կան պատ­ճառ­նե­րով չեն գոր­ծակ­ցիր մե­զի հետ»։

­Յու­նաս­տան պա­ղա­րիւ­նու­թեամբ կը հե­տե­ւի թրքա­կան շար­ժում­նե­րուն

­Յու­նաս­տան ջղագրգ­ռու­թիւն կը տես­նէ Էր­տո­ղա­նի վեր­ջին յար­ձա­կում­նե­րուն մէջ ­Յու­նաս­տա­նի դէմ։
Ա­թէն­քը տե­ղեակ մնա­ցած է նաեւ ­Թուր­քիոյ յա­ջոր­դա­կան եր­կու շար­ժում­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք կը սպա­սուին ա­ւե­լի հրահ­րել եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ առ­կայ պայ­թու­ցիկ մթնո­լոր­տը եւ ստեղ­ծել ա­ւե­լի մեծ դի­ւա­նա­գի­տա­կան ճնշում­ներ։ Այ­սու­հան­դերձ, ­Յու­նաս­տան պա­ղա­րիւ­նու­թեամբ կը հե­տե­ւի թրքա­կան շար­ժում­նե­րուն եւ այն հա­մու­զու­մը կը պա­հէ, թէ կա­ցու­թիւ­նը կրնայ մեղ­մա­նալ ու կար­գէն դուրս չգալ։ Ա­ռա­ջին շար­ժու­մը, որ ­Յու­նաս­տան կը սպա­սէ ­Թուր­քիա­յէն՝ Մ.Ա.Կ.-ի մի­ջո­ցով մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան առ­ջեւ «Է­գէա­կա­նի մէջ անստոյգ տի­րա­պե­տու­թան տակ գտնո­ւող կղզի­նե­րու» խնդիր բարձ­րաց­նե­լու քայլն է։ Թր­քա­կան երկ­րորդ նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը կապ ու­նի ­Ռո­տոս եւ Կ­րե­տէ կղզի­նե­րուն մի­ջեւ թրքա­կան ու­ժա­նիւ­թի ըն­կե­րու­թեան կող­մէ հո­րա­տում­նե­րու ար­տօ­նա­գիր ստա­նա­լու խնդի­րին հետ։ Այս պա­րա­գա­յին կը սպա­սո­ւի, որ այն պատ­ճառ պի­տի դառ­նայ 2020-ին ­Մի­ջերկ­րա­կա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ե­ղե­լու­թիւն­նե­րու կրկնու­մին։­ Յու­նա­կան կող­մին հա­մար յստակ է, թէ թրքա­կան ա­մէն քայլ կա­պո­ւած է այդ երկ­րի ներ­քին քա­ղա­քա­կան զար­գա­ցում­նե­րուն՝ մաս­նա­ւո­րա­պէս Էր­տո­ղա­նի ժո­ղովր­դա­կա­նու­թեան ան­կու­մին հետ, ո­րոնք կրնան ան­կան­խա­տե­սե­լի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու պատ­ճառ դառ­նալ։
­Նաեւ, ­Յու­նաս­տան յա­տուկ ու­շադ­րու­թեամբ կը հե­տե­ւի ­Թուր­քիոյ եւ Իս­րա­յէ­լի մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կա­նո­նա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին, հա­կա­ռակ այն ի­րո­ղու­թեան, թէ Իս­րա­յէլ կը շա­րու­նա­կէ սեր­տօ­րէն գոր­ծակ­ցիլ ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Կիպ­րո­սի հետ պաշտ­պա­նա­կան ո­լոր­տէն ներս։