Պոլսոյ հայկական եկեղեցիներէն մէկու մուտքին մօտ, խումբ մը թուրք ազգայնամոլներ քարերով յարձակած են եկեղեցիէն դուրս եկող հայերու դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Արթիկերեճեք» կայքը: Լրատուամիջոցներուն այս մասին յայտնած է պոլսահայ գործիչ Երուանդ Էօզուզուն` Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական-Ժողովրդական Կուսակցութեան հայ երեսփոխան Սելինա Տողանի հայրը: Պոլսոյ Ս. Յովհաննէս հայկական եկեղեցւոյ մուտքին մօտ քարկոծուած պոլսահայերը եկեղեցի եկած էին՝ Խաչվերացի տօնին առիթով երեկոյեան կազմակերպուած պատարագին: Յայտնի է, որ դրան մօտ սպասած ազգայնամոլները քարեր նետած են հայերուն վրայ եւ բացագանչած.- «Մա՛հ ձեզի»: «Սովորաբար կիրակնօրեայ Պատարագներու ժամանակ մինչեւ Պատարագի աւարտը հայկական եկեղեցիներու մուտքին մօտ անվտանգութեան ուժերը պահակութիւն կ՛ընեն: Պետութեան պարտականութիւնն է ապահովել քաղաքացիի անձին եւ ունեցուածքին անվտանգութիւնը: Ասիկա մեզ կ՛ուրախացնէ` ի՜նչ խօսք: Սակայն այլ հարց, թէ ինչո՛ւ իրավիճակը այնպիսին է, որ առանց ոստիկանի պահակութեան մեր իսկ հողերուն վրայ չենք կրնար հանգիստ սրտով եկեղեցական Պատարագ ընել»,- «Արթիկերեճեք»ի հետ զրոյցին ընթացքին նշած է Էօզուզուն:
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԼՈՒՐԵՐ Գաղութներ Թուրք ազգայնամոլները քարերով յարձակած են եկեղեցիէն դուրս եկող հայերու դէմ
Թուրք ազգայնամոլները քարերով յարձակած են եկեղեցիէն դուրս եկող հայերու դէմ
Թուրք ազգայնամոլները քարերով յարձակած են եկեղեցիէն դուրս եկող հայերու դէմ