ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ — «Քալիֆորնիա Քուրիըր»
Քանի որ Թուրքիան դարձած է համաշխարհային դատապարտման թիրախ՝ իր մարդու իրաւունքներու խախտումներուն համար, թրքական կառավարութիւնը որոշած է հսկայական գումարներ ծախսել քարոզչութեան եւ հանրային կապերու վրայ` փորձելով մաքրել իր վարկաբեկուած հեղինակութիւնը:
Ապրիլ 16ի խայտառակ հանրաքուէն, որմէ հազիւ յաղթական դուրս գալով՝ Էրտողան ինքն իրեն լայն բռնապետական լիազօրութիւններով օժտեց, իսկ ատկէ ետք Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ անմեղ ցուցարարներու վրայ անոր թիկնապահներուն դաժան յարձակումը արժանացան համընդհանուր քննադատութեան՝ Միացեալ Նահանգներու իշխանութեանց գործադիր եւ օրէնսդիր մարմիններուն կողմէ, ներառեալ Ներկայացուցիչներու Տան ընդունած բանաձեւը` ձայներու 397-0 յարաբերակցութեամբ…
Սակայն, Թուրքիոյ եւ անոր բռնապետ նախագահին համար երկրի հեղինակութիւնը այնքան արատաւորուած է, որ որքան ալ հանրային կապերու ընկերութիւնները հզօր եւ հեղինակաւոր ըլլան, անոնք միեւնոյնն է չեն կրնար վերականգնել Թուրքիոյ հեղինակութիւնը: Թուրք ղեկավարները պարզապէս միլիոնաւոր տոլարներ պիտի վատնեն իրենց հարկատուներու գումարներէն, փորձելով լուծել անհնարին խնդիր մը:
Թուրքիոյ կառավարութիւնը տարեկան արդէն հինգ միլիոն տոլար կը վճարէ տասը լոպպիստական ընկերութիւններու, ատոնք են` Gephardt Group — 1 միլիոն 700 հազար տոլար, Amsterdam Partners — 600 հազար տոլար, Greenberg Traurig — 480 հազար տոլար, Capitol Counsel — 384 հազար տոլար, Mercury — 240 հազար տոլար, Madison Group — 240 հազար տոլար, Signal — 240 հազար տոլար, Jim Arnold — 240 հազար տոլար եւ MediaFix -108 հազար տոլար… Բացի այդ, Էրտողանի գործընկերը 2016ի Սեպտեմբերին 540 հազար տոլար վճարած է նախագահ Թրամփի վարկաբեկուած ազգային անվտանգութեան հարցերով նախկին խորհրդական Մայքըլ Թ. Ֆլինին` Թուրքիոյ կառավարութեան օգտին քարոզչութիւն ընելուն համար…
Վերջին ամիսներու ընթացքին փորձելով դուրս գալ PRի ճահիճէն, Թուրքիոյ իշխանութիւնները եւ անոր հետ փոխ-կապակցուած խումբերը վարձած են երեք նոր ընկերութիւններ: Այս շաբաթ պիտի ներկայացնենք այդ լոպպիստական ընկերութիւններէն մէկը, միւս երկուքը ձգելով յաջորդ խմբագրականին համար:
Մոնթէ Խորհրդատուական Խումբը վարձած են 2016ի Օգոստոսին, 400 հազար տոլար վարձատրութեամբ: Ըստ Daily Beastի, ընկերութիւնը կը ղեկավարէ Տակլըս Պէյքըր` հանրապետական Ճէյմս Պէյքըրի (նախագահ Ճորճ Պուշի աշխատակազմի ղեկավար եւ պետական քարտուղար, եւ Ռանըլտ Ռէյկընի աշխատակազմի ղեկավար ու գանձապետարանի քարտուղար) որդին: Այդ ընկերութիւնը պէտք է բարելաւէր Թուրքիոյ հասարակական ընկալումները… Տակլըս Պէյքըր Մոնթէ Խորհրդատուական Խումբի «միակ եւ գործող անդամն» է: Պայմանագիրը կնքուած է պոլսական խորհրդաւոր հասարակական կազմակերպութեան մը կողմէ, որ յայտնի է որպէս Տնտեսական Գիտելիքներու Ընկերութիւն (KEA): Daily Beast կը հաղորդէ, որ KEAի «գործունէութիւնը երբեմն կը համապատասխանէ Թուրքիոյ կառավարութեան շահերուն»: Ըստ Daily Beastի, աւելի մտահոգիչ է, որ «KEAի ղեկավարութեան առնուազն մէկ անդամ եղած է Թուրքիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչ»: Աւելին, KEAի հիմնադիր եւ նախկին նախագահ Տաւութ Քաւրանօղլուն այժմ Էրտողանի գիտական խորհրդականն է, կը տեղեկացնէ Daily Beast: Քաւրանօղլուն թուիթըրի մէջ տեղադրած է Ճէյմս Պէյքըրի հետ իր լուսանկարը…
Daily Beast կը հաղորդէ, որ ըստ արդարադատութեան նախարարութեան Մոնթէ Խորհրդատուական Խումբի ներկայացուցած արձանագրութեան, անիկա «զբաղած է Թրամփի նախագահական ընտրարշաւի եւ նախագահական անցումային անձնակազմի աջակցութեամբ» KEAի անունէն` «Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ընդհանուր յարաբերութիւնները եւ հասարակական ընկալումները բարելաւելու համար»: Մոնթէն նաեւ շփումներ ունեցած է «Օպամայի վարչակարգի հեռացող պաշտօնեաներու հետ, հանդիպումներ ունեցած է պաշտպանութեան նախարարութեան անձնակազմին հետ եւ ելեկտրոնային նամակներ ուղարկած է այն ժամանակուան փոխ-նախագահ Պայտընի անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Քոլին Քալին»:
Պոլսեցի իրաւաբան Իսրաֆիլ Քահրաման արդարադատութեան նախարարութիւն ներկայացուցած յայտին մէջ նշուած է որպէս KEAի օրինական ներկայացուցիչ, ըստ Daily Beastի: Իսրաֆիլ յայտարարած է, որ պայմանագրի նպատակն է «զարգացնել բարեկամութիւնն ու համագործակցութիւնը Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ գիտական եւ տնտեսական զարգացման ասպարէզին մէջ»: Daily Beast մէջբերելով Քահրամանին, նշած է, որ KEAն հիմնադրուած է «խումբ մը յարգարժան գիտնականներու կողմէ` քաղաքացիական հասարակութեան գործունէութիւնը ղեկավարելու նպատակով, որպէսզի բարձրացուի իրազեկութիւնը տնտեսութեան զարգացման մասին Թուրքիոյ մէջ»:
Սա անհեթեթութիւն է:
Ինչո՞ւ պէտք է խումբը, որու նպատակն է տնտեսութեան մասին իրազեկութեան բարձրացումը Թուրքիոյ մէջ, լոպպիստական խումբ վարձէ Ուաշինկթընի մէջ:
Սա աւելի շատ նման է թրքական կառավարութեան համար ստեղծուած ծածուկ ներկայացուցչութեան մը, քան գիտնականներու անկախ խումբի: Կարեւոր է պարզել, թէ ո՛վ կը տնտեսաւորէ KEAն…
Հետաքրքրական է, որ Հետաքննող Լրագրողներու Պիւրոյի հետ կապ հաստատելով՝ Տակլըս Պէյքըր նշած է.- Մտահոգութիւններ կան, որ Միացեալ նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւնները «քիչ մը վատթարացած են» Օպամայի վարչակազմի վերջին տարիներուն: «Կարելի է հնարաւոր ըլլայ կա՛մ ամրապնդել այդ յարաբերութիւնները, կա՛մ տեսնել, թէ ինչպէ՛ս ատոնց աւելի մեծ վնաս կը հասցուի: Եւ ատիկա է պատճառը, որ [KEAն] վարձած է Մոնթէն` օգնելու այդ անցումային փուլին»:
Տակլըս Պէյքըր աւելցուցած է, որ իր ընկերութեան աշխատանքը KEAի համար «երբեք նախատեսուած չէ եղած ընդհանուր հանրային կապերու քարոզարշաւի համար: Ատիկա քիչ մը աւելի մեծ հնարաւորութիւն է ներկայացնելու իրենց տեսակէտը… անոնք կը զգան, որ մենք ի վիճակի ենք օգնելու իրենց անհրաժեշտ ծանօթութիւններով»:
Զարմանալի չէ, որ Թրամփի երդմնակալութենէն եւ KEAի ու Թրամփի վարչակազմի պաշտօնեաներու միջեւ «անհրաժեշտ ծանօթութիւններ» հաստատելէն ետք, KEAն չթարմացուց պայմանագիրը Մոնթէի հետ, երբ անոր նախնական վեցամսեայ ժամկէտը լրացաւ 2017ի Փետրուարին: «Պայմանագրի այս կէտով նախատեսուած 400 հազար տոլարէն վճարուած է միայն 105 հազար տոլար»,- ըստ Հետաքննող Լրագրողներու Պիւրոյին: