­Յու­նա­կան մա­մու­լը լայն տեղ կու տայ ­Թուր­քիոյ մէջ կի­նե­րու սպա­նու­թիւն­նե­րու հար­ցին, նշե­լով թէ ա­նոնք հա­մա­ճա­րա­կի ե­րե­ւոյթ ստա­ցած են։ ­Միայն ան­ցեալ տա­րի 440 կի­ներ ի­րենց կեան­քը կորսն­ցու­ցին, իսկ 2019ի ըն­թաց­քին ար­ձա­նագ­րո­ւած են 300 ո­ճիր­ներ։ ­Թուր­քիոյ մէջ գոր­ծող «­Պի­տի կա­սեց­նենք կի­նե­րու սպա­նու­թիւն­նե­րը» կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը յայտ­նեց, թէ 2010էն ի վեր 2.600 թուրք կի­ներ ի­րենց կեան­քը կորսն­ցու­ցած են ի­րենց ա­մու­սին­նե­րէն կամ ազ­գա­կան­նե­րէն։ «­Թուրք տղա­մար­դիկ չեն ու­զէր ըն­դու­նիլ, թէ ­Թուր­քիան եր­կիր մըն է, ուր կի­ներն ալ ի­րա­ւունք­ներ ու­նին», կը նշէ կազ­մա­կեր­պու­թեան քար­տու­ղար ­Ֆին­տան Ա­թա­սե­լի­մը։ «Ա­նոնց­մէ շա­տեր հա­մո­զո­ւած են, թէ մենք նոյ­նիսկ ի­րա­ւունք չու­նինք ապ­րե­լու», կ­՚ա­ւելց­նէ ան։ 2011ին ­Թուր­քիա ստո­րագ­րեց եւ հաս­տա­տեց ըն­տա­նե­կան բռնու­թեան կան­խար­գիլ­ման եւ­րո­պա­կան հա­մա­ձայ­նա­գի­րը, սա­կայն ա­նի­կա մին­չեւ այ­սօր բնաւ չէ փո­խած երկ­րին մէջ տի­րող կարծր ի­րա­կա­նու­թիւ­նը։ Ան­ցեալ ա­միս, Է­մի­նէ ­Պու­լութ մա­հա­ցաւ իր փոք­րիկ զա­ւա­կին առ­ջեւ, իր ա­մու­սի­նէն ստա­ցած դա­նա­կի հա­րուած­նե­րուն պատ­ճա­ռով։ ­Պոլ­սոյ մէջ գոր­ծող ի­րա­ւա­բան ­Խու­լիա ­Կիւլ­պա­հար, կը յայտ­նէ, թէ 2009ին թուրք կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը վեր­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով ըն­տա­նե­կան բռնու­թեան ա­րարք­նե­րու մա­սին պաշ­տօ­նա­կան տո­ւեալ­ներ հրա­պա­րա­կեց։ Այն տա­րին, ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ար­ձա­նագ­րած էր 953 կի­նե­րու սպա­նու­թիւն­ներ ա­ռա­ջին 7 ա­միս­նե­րուն հա­մար, սա­կայն ա­ւե­լի վերջ, միայն 171 ա­րարք­ներ ներ­կա­յա­ցուց ամ­բողջ տա­րո­ւան հա­մար։
«­Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը յա­մառ կեր­պով կ­՚ան­տե­սէ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, ո­րով­հե­տեւ ա­նի­կա եւս մեղ­սա­կից է։ ­Թուրք քա­ղա­քա­կան աշ­խար­հը մին­չեւ այ­սօր կը հա­ւա­տայ թէ այ­րե­րը եւ կի­նե­րը ի­րա­րու հա­ւա­սար չեն», կը նշէ թուրք ի­րա­ւա­բա­նը։