Թր­քա­կան «­Հա­բեր­լեր» լրա­տո­ւա­կան կայ­քը կը գրէ, որ դա­րա­ւոր պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող հայ­կա­կան տու­նե­րը, ո­րոնք ձմե­ռը տաք պա­հող, իսկ ա­մա­ռը զո­վու­թիւն ա­պա­հո­վող քա­րե­րով կա­ռու­ցո­ւած են, այ­սօր քա­ղաք այ­ցե­լող զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րուն կող­մէ մեծ հե­տաքրք­րու­թեան կ’ար­ժա­նա­նան: Ըստ աղ­բիւ­րին՝ տու­նե­րը, ո­րոնք այ­սօր վե­րա­ծո­ւած են հիւ­րա­տու­նե­րու, 200-300 տա­րո­ւան պատ­մու­թիւն ու­նին: ­Հիւ­րա­տու­նե­րէն մէ­կուն տնօ­րէն ­Զէյ­նէլ Օզ­քա­րա­ման պատ­մած է , որ պատ­մա­կան յու­շար­ձան­ներ հան­դի­սա­ցող այս տու­նե­րը հա­յե­րէն մնա­ցած են. տու­նե­րէն մէ­կուն վրայ նոյ­նիսկ հա­յե­րէն մա­կագ­րու­թիւն կայ: Օզ­քար­ման նշեց, որ հիւ­րա­տու­նը մեծ պա­հան­ջարկ կը վա­յե­լէ եւ գրե­թէ միշտ շա­բա­թո­ւան վեր­ջա­ւո­րու­թեան ա­զատ սե­նեակ չի մնար: