«­Ռոյ­թըրզ».- ­Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը Ապ­րիլ 29ին ա­ւե­լի քան 3900 պե­տա­կան պաշ­տօ­նեա­ներ հե­ռա­ցու­ցած են քա­ղա­քա­ցիա­կան ծա­ռա­յու­թե­նէ, բա­նա­կի եւ զի­նո­ւո­րա­կան ոս­տի­կա­նու­թեան մար­զե­րէ, ինչ որ ան­ցեալ ­Յու­լիս 15ի զի­նո­ւո­րա­կան յե­ղաշրջ­ման փոր­ձէն ետք տե­ղի ու­նե­ցած նո­րա­գոյն լայ­նա­ծա­ւալ «մաք­րա­գոր­ծում»ն­ է: ­Պաշ­տօ­նա­զուրկ ե­ղած­նե­րը կ­՛ամ­բաս­տա­նո­ւին «ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հետ առն­չու­թիւն ու­նե­նա­լու եւ ազ­գա­յին ա­պա­հո­վու­թեան վտանգ ներ­կա­յաց­նե­լու» յան­ցանք­նե­րով։
Ն­շենք, որ յե­ղաշրջ­ման փոր­ձէն ի վեր, ա­ւե­լի քան 120.000 հո­գի պաշ­տօ­նազր­կո­ւած է, իսկ ա­ւե­լի քան 40.000 անձ՝ ձեր­բա­կա­լո­ւած:
Ապ­րիլ 29ին ­Թուր­քիոյ մէջ ար­գի­լո­ւե­ցաւ նաեւ «Ո­ւի­քի­փի­տիա» հա­մա­ցան­ցա­յին հան­րա­գի­տա­րա­նը։ Ար­գի­լու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ հիմ­նո­ւե­լով թիւ 5651 օ­րէն­քին վրայ, որ կը վե­րա­բե­րի հա­մա­ցան­ցի կար­գա­ւոր­ման եւ տո­ւեալ մար­զին մէջ կա­տա­րո­ւած յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու դէմ պայ­քա­րին: ­Թուրք պաշ­տօ­նա­տար­ներ այդ կայ­քի ղե­կա­վա­րու­թեան փո­խան­ցած են, թէ ո­րո­շու­մը «­Թուր­քիոյ վար­կին վրայ բա­ցա­սա­կան ազ­դե­ցու­թիւն ձգող հրա­պա­րա­կում­նե­րու»ն ­կա­պո­ւած է, քննա­դա­տե­լով յատ­կա­պէս ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու եւ Ան­գա­րա­յի մի­ջեւ կա­պե­րուն մա­սին հրա­պա­րա­կում­նե­րը։ ­Յի­շեց­նենք, որ սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու հան­րա­քո­ւէէն ետք, այդ հան­րա­գի­տա­րա­նի կայ­քին վրայ Էր­տո­ղան բռնա­պետ ո­րա­կո­ւած էր կարգ մը հե­ղի­նակ­նե­րու կող­մէ։ «Ո­ւի­քի­փի­տիա»ի հիմ­նա­դիր ­Ճի­մի Ո­ւէյլզ, հա­կա­դար­ձե­լով ար­գիլ­ման ո­րո­շու­մին՝ գրած է.- «­Տե­ղե­կու­թեան հա­սա­նե­լիու­թիւն ու­նե­նա­լը մարդ­կա­յին հիմ­նա­րար ի­րա­ւունք է: Ո՛վ թուրք ժո­ղո­վուրդ, այս ի­րա­ւուն­քին հա­մար պայ­քա­րին մէջ միշտ պի­տի ըլ­լանք քու կող­քիդ»:
­Թուր­քիա ան­ցեա­լին ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս ար­գի­լած էր նաեւ ըն­կե­րա­յին ցան­ցեր, ինչ­պէս՝ «­Ֆէյս­պուք» եւ «­Թո­ւի­թըր»: