­Յու­նա­կան մա­մու­լը լայն տեղ տրա­մադ­րած է ­Թուր­քիոյ կո­պիտ ար­ձա­գան­գին, զայն կա­պե­լով ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Փ­րո­քո­փիս ­Փաւ­լո­բու­լո­սի պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան եւ կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն ­Հա­յոց եւ պոն­տո­սի յոյ­նե­րու ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րուն հա­մար։
­Մաս­նա­ւո­րա­բար, յու­նա­կան ազ­դե­ցիկ «Πρώτο Θέμα»ի կայ­քէ­ջին վրայ լոյս տե­սած լրա­տո­ւու­թեան մէջ կը նշո­ւի.- «­Թուր­քիան` որ 400 տա­րի­ներ շա­րու­նակ իր թա­ժան տի­րա­պե­տու­թեան տակ պա­հեց ­Յու­նաս­տա­նը՝ մի­տե­լով յոյն ժո­ղո­վուր­դի ամ­բող­ջա­կան բնաջնջ­ման, ­Թուր­քիան` ո­րու ա­նու­նով պատ­մու­թեան մէջ, ար­ձա­նագ­րո­ւած են հա­յե­րու եւ պոն­տո­սի յոյ­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րը, ­Թուր­քիան` որ ա­պօ­րէն կեր­պով ներ­խու­ժեց ­Կիպ­րո­սի մէջ, ­Թուր­քիան` որ ներ­խու­ժեց ­Սու­րիոյ մէջ, այս ան­գամ քիւր­տե­րու դէմ եր­րորդ ցե­ղաս­պա­նու­թեան մը վրայ գրե­լու հա­մար իր ա­նու­նը, ­Թուր­քիան` որ ­Ռէ­ճէփ ­Թա­յիփ Էր­տո­ղա­նի ճամ­բով կը փոր­ձէ վերս­տին հաս­տա­տել Օս­մա­նեան կայս­րու­թիւ­նը, այս ան­գամ յանդգ­նու­թիւ­նը ու­նի դա­տա­պար­տե­լու ­Յու­նաս­տա­նը «Օս­ման­ցի­նե­րու դէմ գոր­ծած վայ­րա­գու­թիւն­նե­րու» հա­մար, որ­պէս­զի հա­կա­դար­ձէ ­Յու­նաս­տա­նի նա­խա­գահ Փր. ­Փաւ­լո­բու­լո­սի կող­մէ ե­ղած ­Հա­յոց ­ցե­ղաս­պա­նու­թեան ար­դար հա­տուց­ման հա­մար յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք ար­տա­սա­նո­ւե­ցան նա­խա­գա­հին կող­մէ Ե­րե­ւա­նի մէջ»։
­Թուր­քիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ նշո­ւած է.- «­Չենք կրնար մոռ­նալ ­Յու­նաս­տա­նի վայ­րա­գու­թիւն­նե­րը թուր­քե­րուն եւ մնա­ցեալ օս­ման­ցի­նե­րուն վրայ պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին։ ­Ծա­նօթ է, որ ­Յու­նաս­տան կազ­մա­կեր­պո­ւած կեր­պով ջար­դեց շրջա­նին մէջ թուրք եւ մահ­մե­տա­կան զան­գո­ւած­նե­րը»։
­Յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը ա­ւե­լի ան­դին եր­թա­լով, կ­՚ակ­նար­կէ Թ­րա­կիոյ մէջ այս­պէս կո­չո­ւած «թրքա­կան հա­մայն­քին» ու կը նշէ.- «Այ­սօր, ­Յու­նաս­տան ան­մարդ­կա­յին մի­ջոց­ներ կը կի­րար­կէ «թրքա­կան հա­մայն­քին» հան­դէպ եւ բան­տե­րու մէջ կ­՚ար­գե­լա­փա­կէ միւֆ­թի­նե­րը՝ Ուր­բաթ օ­րե­րը ա­ղօթք կա­տա­րե­լուն հա­մար»։ ­Թուր­քիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան յայ­տա­րու­թիւ­նը ա­ւե­լի գրգռիչ կեր­պով կը նշէ .- «­Ձեզ (խմբ. ­Յու­նաս­տա­նին) կը յի­շեց­նենք, թէ այս տե­սա­կի ա­րարք­նե­րը մեր երկ­րին դէմ, ո­րե­ւէ օ­գուտ չեն բե­րեր ­Յու­նաս­տա­նին։ ­Մենք կոչ կ­՚ուղ­ղենք ­Յու­նաս­տա­նին գոր­ծե­լու պա­տաս­խա­նա­տու­թեան ո­գիով, ո­րով­հե­տեւ այն է միակ ճամ­բան խա­ղա­ղու­թեան, կա­յու­նու­թեան եւ բար­գա­ւաճ­ման հաս­տատ­ման հա­մար տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ»։

­Պոն­տա­կան միու­թիւն­նե­րը կ­՚ող­ջու­նեն յոյն նա­խա­գա­հի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը

­Յու­նաս­տա­նի հա­մա­պոն­տա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը իր ամ­բող­ջա­կան գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նած է նա­խա­գա­հի յան­դուգն կե­ցո­ւած­քին հա­մար Ե­րե­ւա­նի մէջ, որ բա­զում ան­գամ ըլ­լա­լով ան անդ­րա­դարձ կա­տա­րած է ­Պոն­տո­սի յոյ­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան։
«­Նա­խա­գա­հի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը ­Հա­յաս­տան կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին, կ­՚ար­ձա­գան­գեն բո­վան­դակ պոն­տո­սի յոյ­նե­րու զգա­ցում­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ գաղ­թա­կան յոյ­նե­րու ամ­բող­ջու­թիւ­նը», նշո­ւած է կազ­մա­կեր­պու­թեան յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ։