­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­յին ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նը կը հա­ղոր­դէ, որ ­Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նի սահ­մա­նադ­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վը վա­ւե­րա­ցու­ցած է իշ­խող Ար­դա­րու­թիւն եւ ­Բար­գա­ւա­ճում ­Կու­սակ­ցու­թեան եւ ա­նոր հետ գոր­ծակ­ցող Ազ­գայ­նա­կան ­Շար­ժում կու­սակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցած խորհր­դա­րա­նի ներ­քին կա­նո­նա­կար­գին մէջ փո­փո­խու­թիւն­ներ նա­խա­տե­սող օ­րէնք­նե­րուն ծրա­րը:
Այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան նպա­տակն է ար­գի­լել խորհր­դա­րա­նին մէջ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու կող­մէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ շարք մը այլ խնդրա­յա­րոյց հար­ցե­րու մա­սին ար­տա­յայ­տուի­լը։ ­Թուր­քիոյ քրտա­մէտ ­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ­Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը յանձ­նա­ժո­ղո­վի նիս­տի ըն­թաց­քին յայ­տա­րա­րած են, որ այս քննար­կում­նե­րը ի­րա­կա­նաց­նե­լուն մէջ ո­րե­ւէ ի­մաստ չեն տես­ներ, ա­պա լքած են դահ­լի­ճը՝ չմաս­նակ­ցե­լով քո­ւէար­կու­թեան: ­Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նի սահ­մա­նադ­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վին վա­ւե­րա­ցու­ցած օ­րէնք­նե­րու այս ծրա­րը կ­՛են­թադ­րէ պա­տիժ սահ­մա­նել այն պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն, ո­րոնք կը վի­րա­ւո­րեն «թուրք ազ­գի պատ­մու­թիւնն ու հա­մա­տեղ ան­ցեա­լը»: Իբ­րեւ «վի­րա­ւո­րանք» պի­տի ըն­կա­լո­ւի «1915 թո­ւա­կա­նի դէպ­քե­րուն մա­սին» խօ­սե­լու պա­հուն՝ «­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» եզ­րի գոր­ծա­ծու­թիւ­նը: Ար­գել­քը պի­տի վե­րա­բե­րի նաեւ խորհր­դա­րա­նի ամ­պիո­նէն «­Քիւր­տիս­տան», «քրտա­կան նա­հանգ­ներ» եւ շարք մը այլ եզ­րեր գոր­ծա­ծե­լուն:
­Կը նա­խա­տե­սո­ւի օ­րէն­քը խախ­տող պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը ժա­մա­նա­կա­ւոր կեր­պով հե­ռաց­նել խորհր­դա­րա­նի աշ­խա­տանք­նե­րէն, ինչ­պէս նաեւ՝ պա­հել աշ­խա­տա­վար­ձին մէկ եր­րոր­դը, որ մօ­տա­ւո­րա­պէս 12 հա­զար թրքա­կան լի­րա է (3400 տո­լար): ­Փո­փո­խու­թիւն­նե­րու այս ա­ռա­ջար­կին դէմ հան­դէս ե­կած են քե­մա­լա­կան ­Հան­րա­պե­տա­կան-­Ժո­ղովր­դա­յին ­Կու­սակ­ցու­թիւնն ու քրտա­մէտ ­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ­Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ­Կու­սակ­ցու­թիւ­նը: ­Վեր­ջի­նիս հայ պատ­գա­մա­ւոր ­Կա­րօ ­Փայ­լան, որ այս տա­րես­կիզ­բին պատ­ժո­ւած էր՝ խորհր­դա­րա­նին մէջ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին խօ­սե­լուն հա­մար, փո­փո­խու­թիւն­նե­րու ա­ռա­ջար­կը ա­նո­ւա­նած է «իշ­խող եւ ազ­գայ­նա­մոլ կու­սակ­ցու­թեան մե­նա­տի­րա­կան հա­մախմբ­ման ա­ռա­ջարկ»: Օ­րէնք­նե­րու ծրա­րը քննա­դա­տած է նաեւ քե­մա­լա­կան կու­սակ­ցու­թեան հայ պատ­գա­մա­ւոր ­Սե­լի­նա ­Տո­ղան՝ նշե­լով, որ այդ­պի­սով պար­զա­պէս փորձ կը կա­տա­րո­ւի խորհր­դա­րա­նին մէջ լռեց­նե­լու ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն ձայ­նը: «Ան­կաս­կա՛ծ, ոչ ոք պէտք է վի­րա­ւո­րէ թուրք ժո­ղո­վուր­դին պատ­մու­թիւնն ու հա­մա­տեղ ան­ցեա­լը: ­Սա­կայն ի՞նչ կ­՛ը­սէք միւս ազ­գե­րուն հա­մար: Օ­րի­նակ՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թիւ­նը կա­րե­լի՞ է վի­րա­ւո­րել»,- հարց տո­ւած էր ան: